ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
27 սեպտեմբեր 2024-ին իսրայէլեան օդուժը բուռն կերպով հարուածեց Պէյրութի Հարաւային արուարձանները եւ յաջողեցաւ աւելի քան 30 տարուան իր ծրագիրը իրագործել` ահաբեկելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան: Ժամեր շարունակ համայն Լիբանանը մնաց լուռ: Շատեր կը սպասէին իրենց համար ուրախութիւն ներշնչող լուրին, ուրիշներ վախի եւ յոյսի միախառնումէն կը տառապէին, որովհետեւ թիրախը սովորական անհատ մը չէր, այլ որոշ զանգուածի մը համար` առաջնորդ, հոգեւոր պետ, գաղափարակից եւ իսկական ղեկավար:
Լիբանանի քաղաքական մնայուն բարդ իրավիճակը կը նշանակէ, որ միայն հզօր անձերը կրնան տասնամեակներ շարունակ գոյատեւել վայրագութեան, փտածութեան եւ համայնքային ծայրայեղականութեան այս անտառին մէջ: Հետեւաբար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութիւնը իրապաշտ կերպով կարելի է բնութագրել իբրեւ քաղաքական եւ մշակութային երկրաշարժ:
Շատեր կը վիճին այն հիմնական հարցադրումին մասին, որ ղեկավար մը կը ծնի՞, թէ՞ կը կերտուի: Դժբախտաբար ներկայ ժամանակներուն իսկական ղեկավարի բազմաթիւ օրինակներ չկան այս հարցումին դիւրութեամբ պատասխանելու համար: Կասկած չկայ, որ շիի համայնքին համար սէյիտ Նասրալլան իսկական ղեկավար է: Սակայն ո՞վ է ան եւ ինչպէ՞ս յաջողեցաւ այսքան ուժեղ եւ սիրուած ղեկավար դառնալ:
Հիմնական է անդրադառնալ «սիրուած» եւ «ուժեղ» բնութագրումներուն: Իտալացի քաղաքագէտ Նիքոլօ Մաքիավելլի կ՛ըսէ, որ նախընտրաբար ղեկավար մը վախ պատճառէ, որպէսզի մնայ հզօր, քան պարզապէս սիրուած ըլլայ ժողովուրդին կողմէ, բացի եթէ ղեկավարը յաջողի իր անձին հանդէպ միաժամանակ սէր ստեղծել եւ վախ պարտադրել: Սէյիտ Նասրալլայի պարագային, ան յաջողեցաւ այս երկուքը մէկտեղել եւ կեդրոնացնել իր անձին վրայ, որուն շնորհիւ ալ դարձաւ շիի համայնքի ղեկավարը եւ Դիմադրութեան սէյիտը:
Սէյիտ Հասան Նասրալլայի նկարագրային գիծերուն մէջ խորանալէ առաջ հարկ է հասկնալ Հըզպալլայի հիմնադրութիւնը, գաղափարախօսութիւնը, սկզբունքները եւ պատմութիւնը: 1978-ին հիմնադրուած է իբրեւ քաղաքական ընդդիմութիւն, յատկապէս` Ամալ շարժումի ղեկավար Նեպիհ Պըրրիի դէմ, որ ըստ Հըզպալլայի հետեւորդներուն, դաւաճանած էր քաղաքական եւ կրօնական սկզբունքներուն ու պատրաստակամութիւն յայտնած` անջատելու քաղաքականը կրօնականէն եւ դաշինք կնքելու Փաղանգաւորներու ղեկավար Պաշիր Ժեմայելի հետ: Այս իրավիճակին մէջ հետագայ Հըզպալլայի հետեւորդները կը միաւորուին ու կը հիմնեն Իսլամական Ամալը, որ հետագային` 1985-ին, կը դառնայ Հըզպալլա:
Սկզբնական Շրջան – 1985-ի Բաց Նամակը
Բնականաբար 1985-ին Հըզպալլայի ծնունդը իրեն հետ բերաւ նոր տեսակէտներ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ: Հըզպալլան իր 1985-ի բաց նամակին մէջ յայտարարեց, որ ինք կը պայքարի բոլոր այն ուժերուն դէմ, որոնք ճնշած են ժողովուրդներու ազատութիւնները, իրաւունքները եւ արդարութեան հասնելու կարելիութիւնները: Ճնշողներու եւ ճնշուածներու գաղափարը որդեգրելով` Հըզպալլան ինքզինք տեղադրեց նաեւ համայնավարական գաղափարախօսութեան մօտ, սակայն տարբերութիւնը այն է, որ տեսակէտը նկատի չ՛առներ դասակարգային բաժանումները: Այսպիսով, քաղաքագէտներու կարծիքով, Հըզպալլան «Իսլամական ընկերվարութիւն» մը ուզեց ստեղծել` հիմնականօրէն ընկերային արդարութեան եւ իսլամական բարոյականութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած:
Անոնք որդեգրեցին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կրօնական սկզբունքները եւ ճշդեցին իրենց գաղափարախօսութիւնը` հիմնուելով այաթոլլա ռուհուլլա Խումէյնիի «Ուիլայաթ ալ Ֆաքիհ» կրօնաքաղաքական հասկացողութեան վրայ: Այս հասկացողութիւնը մասամբ կապ կը ստեղծէր նաեւ Մուհամետ մարգարէին հետ, որ Մատինէի մէջ ստեղծած էր Քուրանին վրայ հիմնուած կրօնաքաղաքական իշխանութիւն մը, որ իսլամներու ու յատկապէս շիիներուն կարծիքով, կառավարման արդարագոյն իրավիճակն է: Սէյիտ Նասրալլա, իր կարգին, անդրադառնալով ժիհատի սկզբունքին, հիմնուելով այաթոլլա Խումէյնիի ուսուցումներուն վրայ, կու գայ ըսելու, որ փոքր ժիհատը Իսրայէլի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն դէմ պայքարն է, հաստատելով, որ մեծ ժիհատը կրօնական ուսուցումներով եւ այաթոլլա Խումէյնիի գաղափարներով կը նշանակէ ապրիլ, զարգանալ, հոգին ու միտքը մաքուր պահել եւ տեւաբար առաջնորդուիլ հաւատքով ու արդարութեամբ` կերտելով իսկական մարդը:
Իսլամական հանրապետութիւն հիմնելու գծով Հըզպալլան նշեց, որ իր նպատակը նման պետութեան մը հիմնադրութիւնն է, սակայն այդ մէկը ուժի միջոցով պէտք չէ ըլլայ: Հետեւաբար 1985-ի բաց նամակին մէջ Հըզպալլան կոչ ուղղեց սիւննի համայնքին` միաւորուելու եւ նշեց, որ` «Աստուած մահմետականներու միաւորման գաղափարին զօրակից է»: Այս իմաստով, իսլամ կրօնաւորներուն կոչ ուղղուեցաւ, որ իրենց գիտելիքներով ուղղեն ժողովուրդը` ըլլալու կարգապահ, արդար եւ կարգ ու կանոն յարգող:
Վերադառնալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դէմ թշնամութեան` Հըզպալլայի 1985-ի բաց նամակը կ՛ըսէ, որ Միացեալ Նահանգները աշխարհը խաթարող մեծագոյն չարիքն են, եւ անոր դէմ պայքարը պարտականութիւն ու պարտաւորութիւն է: Հըզպալլա կը հաստատէ.
«Հարուածողին դէմ դնելու միակ միջոցը զոհողութիւնն է… արժանապատուութիւն կը պահպանուի միմիայն արեամբ: Ազատութիւնը չի տրուիր, այլ կ՛առնուի զոհողութեամբ… Մենք յեղափոխութիւն յայտարարեցինք` ազատագրելու եւ մեր հողերէն վտարելու թշնամիները, որպէսզի վերականգնենք մեր ինքնորոշման իրաւունքը»:
Ներքին իմաստով, Հըզպալլան ժխտական մօտեցում ունեցաւ փաղանգաւորներուն նկատմամբ, որովհետեւ անոնք դաշնակից դարձած էին Իսրայէլի հետ եւ ջարդեր գործած` զանազան շրջաններու մէջ: Փաղանգաւորները, սակայն, արդիւնք էին քաղաքական համակարգի մը: Այսպիսով, Հըզպալլան ընդդիմադիր ուժ դարձաւ քաղաքական մարոնիականութեան, որ Լիբանանը կառավարած էր անկախութենէն ի վեր: Սակայն քրիստոնեաներուն յայտնեց, որ եթէ քրիստոնեաները չեն կրնար հանդուրժել իսլամներու մասնակցութիւնը երկրի կառավարման մէջ, ապա Հըզպալլան Աստուծոյ խօսքին վրայ հիմնուելով` պարտաւոր չէ մասնակից դառնալ անարդար կառավարման համակարգի կամ ենթարկուիլ անոր:
Պաղեստինցիներու պարագային, Հըզպալլան հաստատեց, որ անոնք պէտք է վայելեն տնտեսական եւ ընկերային իրաւունքներ, սակայն պէտք չէ ստանան Լիբանանի քաղաքացիութիւն, որպէսզի պահպանեն դէպի Պաղեստին վերադարձի իրաւունքը:
Ընդհանուր Ժողովներ Եւ Քաղաքականացում
1989-ին կը գումարուի Հըզպալլայի առաջին Ընդհանուր ժողովը, որուն իբրեւ արդիւնք` շէյխ Սուպհի Թուֆէյլի կը դառնայ Հըզպալլայի առաջին ընդհանուր քարտուղարը` իր կողքին ունենալով խորհրդակցական մարմին մը:
1991-ին կը գումարուի երկրորդ Ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին արդէն իսկ ակնյայտ դարձած էին Հըզպալլայի մէջ տարակարծութիւնները: Շէյխ Թուֆէյլի կ՛ուզէր Հըզպալլան հեռու պահել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ գործնական ենթակայութեան ստեղծումէն` կապը պահելով միմիայն գաղափարական: Աւելի՛ն. ան կը մերժէր 1992-ին երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու տրամադրութիւնները: Միւս կողմէ` Ապպաս Մուսաուի եւ սէյիտ Հասան Նասրալլա խիստ կողմնակից էին իրանեան տրամադրութիւններուն, ընդդիմադիր էին ընդդիմադիր քարտուղարին մօտեցումներուն` շեշտելով, որ Իրանի հետ կապը իւրայատուկ է, իսկ քաղաքական կեանքին մէջ Հըզպալլայի մուտքը հրամայական` նկատի ունենալով, որ դիմադրութիւն ըլլալու կողքին, Հըզպալլան նաեւ ընկերային-քաղաքական շարժում է: Ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք` Ապպաս Մուսաուի դարձաւ երկրորդ ընդհանուր քարտուղար, իսկ շէյխ Նայիմ Քասեմը` անոր տեղակալը:
1992-ին կը նահատակուի Ապպաս Մուսաուին եւ զայն կը փոխարինէ սէյիտ Հասան Նասրալլան: 1993-ին` երրորդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին, սէյիտ Նասրալլա պաշտօնապէս կ՛ընտրուի ընդհանուր քարտուղար: Շէյխ Նայիմ Քասեմ, իր կարգին, կը վերընտրուի տեղակալ: Յատկանշական էր, որ Հըզպալլայի բարձրագոյն Խորհրդակցական մարմինին մէջ տեղ կը տրուի զինուորական թեւին, որ ունենայ անդամ:
1995-ին չորրորդ Ընդհանուր ժողովը կազմակերպական փոփոխութիւններ կը բերէ` հիմնելով Քաղաքական խորհուրդ մը եւ «Ժիհատ» խորհուրդ մը: 1998-ին Հըզպալլայի շարքերուն մէջ բազմաթիւ տարակարծութիւններէ ետք կը հեռացուի շէյխ Սուպհի Թուֆէյլին: Չորրորդ եւ հինգերորդ այդ ընդհանուր ժողովներուն ընթացքին նոյն պաշտօններուն համար կը վերընտրուին սէյէտ Նասրալլան եւ շէյխ Քասեմը: Հինգերորդ Ընդհանուր ժողովը յատկանշական է կանոնագրային փոփոխութեամբ մը, որուն հիման վրայ սէյիտ Հասան Նասրալլա իրաւունքը ունեցաւ երկու շրջանէ աւելի ընտրուելու: 2001-ի վեցերորդ Ընդհանուր ժողովը իւրայատուկ դարձաւ` սէյիտ Հասան Նասրալլայի ցկեանս ընտրութեամբ` իբրեւ ընդհանուր քարտուղար: 2000-ին տեղի ունեցաւ Իսրայէլի նահանջը հարաւային Լիբանանէն, ինչ որ արդէն իսկ հսկայ ժողովրդականութիւն եւ ազդեցութիւն շնորհած էր սէյիտ Նասրալլային:
Վերադառնալով քաղաքականացման, 1992-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելով, Հըզպալլան մուտք գործեց քաղաքական կեանք` ներկայացնելով ընտրական իր ծրագիրը եւ երեսփոխանները ճշդելով իրենց ուսման մակարդակին ու յատկութիւններուն համար: Հըզպալլան քաղաքական իր հիմնական երկու առաջադրանքները նկատեց Իսրայէլի դէմ պայքարի շարունակութիւնը եւ համայնքային համակարգի վերացումը Լիբանանի քաղաքական կեանքէն` այդ նկատելով Լիբանանը փրկելու միակ ելքը: 1996-ի եւ 2000-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Հըզպալլան ներկայացուց նոյնանման ծրագիր մը` աւելցնելով, որ Լիբանանը անկման առաջնորդող ղեկավարները իրենց քայլերով կ՛ամրապնդեն փտածութիւնը եւ իրենց ծանօթներով ու հարազատներով կը լեցնեն պետական կառոյցները: Հըզպալլան նաեւ կոչ ուղղեց քաղաքական համայնքային դրութեան վերացման համար կազմելու յատուկ յանձնախումբ մը, որ առանց ժամկէտի եւ ճնշումի ենթարկուելու քննարկէ ժողովրդավար եւ արդար քաղաքական համակարգի մը ստեղծման կարելիութիւնները: Այսպիսով, Հըզպալլա դարձաւ քաղաքականութեան մէջ հիմնական դերակատար:
2009-ի «Մանիֆեստ»-ը ու Անոր Նախօրեակը
2005-ին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը, ինչպէս նաեւ 2006-ի պատերազմն ու 2008-ի քաղաքական տագնապները այնպիսի իրավիճակ մը ստեղծեցին, որ Հըզպալլան շատ աւելի քաղաքականացաւ ու հրատարակեց 1985-ի Բաց նամակը բարեփոխող 2009-ի իր ծրագիրը: 2009-ի «Մանիֆեստ»-ը, սէյիտ Հասան Նասրալլայի բնորոշումով, հսկայական փոփոխութիւններ ներառելու նպատակով չեղաւ, այլ` Հըզպալլայի գաղափարախօսութիւնը աւելի ճշգրիտ կերպով ներկայացնելու: Հըզպալլան հաստատեց, որ Լիբանանը վերջնական հայրենիք է, եւ զայն իսլամական պետութեան վերածելու որոշումը կու տայ ժողովուրդը, եւ այդ գաղափարը կ՛որդեգրուի մեծամասնութեան կողմէ: Իսրայէլի հետ իր թշնամութեան պարագային, «Մանիֆեստ»-ը նշեց, որ Հըզպալլայի թշնամին հրեան չէ, այլ` սիոնականութիւնը: Աւելի մանրամասնելով` Իսրայէլի հետեւող իւրաքանչիր հրեայ Հըզպալլայի համար սիոնական է, այսինքն` թշնամի: Հըզպալլան նաեւ վերահաստատեց պաղեստինցիներուն հանդէպ իր նախկին կեցուածքները: Լիբանանի պետութեան պարագային նշեց, որ պետութիւնը կարիքը ունի բազմաթիւ բարեկարգումներու, որովհետեւ ընկղմած է փտածութեան մէջ: Յստակ շեշտադրում կատարուեցաւ նաեւ այն նիւթին, որ Հըզպալլան դիմադրութիւն է եւ երբե՛ք` ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
Նոյն տարին սէյիտ Հասան Նասրալլա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ Հըզպալլայի հաւատարմութիւնը Լիբանանի պետութեան է, իսկ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ կապը կը մնայ գաղափարական, բարոյական եւ կրօնական մակարդակներու վրայ: Լիբանանեան բանակին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ պետութեան բացակայութիւնը կը տկարացնէ բանակը, իսկ Հըզպալլան կը զօրակցի լիբանանեան բանակը հզօրացնելու բոլոր տարբերակներուն: Այսպիսով, Հըզպալլան իր սկզբունքները վերահաստատելէ անդին, ուզեց մեղմացնել քաղաքականացման իբրեւ արդիւնք` իր կրած վնասները, ինչպէս նաեւ` 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Մարտի 8-ի ուժերու պարտութիւնը:
Յաջորդ տարիներուն Հըզպալլայի վիճակը ա՛լ աւելի բարդացաւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի զարգացումներուն պատճառով: Լիբանանի պարագային, նոյնիսկ քաղաքական անկայուն վիճակը, տնտեսական տագնապը, փտածութիւնը եւ նախագահ ընտրելու դժուարութիւնը յաւելեալ ձեւով ճնշեցին Հըզպալլայի վրայ: Սակայն սէյիտ Հասան Նասրալլա մնաց ուժեղ դէմք եւ կառավարեց քաղաքական կեանքը, շատերու հաստատումով` իբրեւ քաղաքական կեանքի իսկական տնօրինողը:
Ղեկավարը` Սէյիտ Հասան Նասրալլա
Ասկէ մեկնած` կարճ ձեւով անդրադառնանք սէյիտ Նասրալլայի Դիմադրութեան նուիրուած երթին: Ան ծնած է 1960-ին, Պուրճ Համուտ: Կանուխ տարիքէն հմայուած է կրօնական եւ քաղաքական աշխատանքներով ու դէմքերով: 1975-ին` 15 տարեկան պատանի տարիքին, Սուրի մէջ նշանակուած է Ամալ շարժումի ներկայացուցիչներէն մէկը: Շիի շէյխերու կողմէ խոստմնալից նկատուելէ ետք, անոնց օժանդակութեամբ, կը մեկնի Նաժաֆ` Իրաք, ուր կը գտնուի շիի կրօնական կարեւորագոյն կեդրոններէն մին: Այդտեղ կը ծանօթանայ ու բարեկամութիւն կը հաստատէ Ապպաս Մուսաուիին հետ: 1978-ին Նասրալլա կը վերադառնայ Լիբանան եւ կը դառնայ Ամալ շարժումի քաղաքական-յարաբերական կառոյցի հիմնական դէմքերէն ու Պեքայի մէջ շարժումի քաղաքական ներկայացուցիչը: 1982-ին կը լքէ Ամալ շարժումի շարքերը ու կը միանայ Իսլամական Ամալին, որ հետագային կը դառնայ Հըզպալլա: Ինը տարի կը գործէ Իսրայէլի դէմ դիմադրութիւն կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած կազմակերպութեան մէջ` ստանձնելով զանազան պատասխանատուութիւններ: 1992-ին` Ապպաս Մուսաուիի նահատակութենէն ետք, կը դառնայ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար 32 տարեկան հասակին:
Սէյիտ Նասրալլայի քաղաքական միտքը կարելի չէ ամփոփել պարզեցուած բառերով, ինչպէս` իսլամական, ահաբեկչական, ծայրայեղական, ռէալիստ կամ խումէյնիական: Իրականութեան մէջ իր տիպարը կը համախմբէ կրօնական, ռազմաքաղաքական եւ մշակութային բազմատեսական յատկութիւններ: Խորքին մէջ սէյիտ Նասրալլան տասնամեակներ շարունակ իր ծաւալած գործունէութեամբ` իբրեւ «Դիմադրութեան սէյիտը», եւ արտասանած ճառերուն արդիւնքով, դարձաւ լիբանանեան որոշ խաւի մը ազգային դիմագիծէն, ինքնութենէն եւ մշակոյթէն բաժին մը:
Ճառերու ընթացքին ամպիոնները ցնցող ներկայութիւն էր, որ սակայն զգուշութեամբ կը մօտենար ներքին ու արտաքին բոլոր նիւթերուն` մնալով կառչած գաղափարական իր սկզբունքներուն եւ տեւաբար անկեղծութեան մթնոլորտ ստեղծելով: Անկեղծութիւնը բազմութիւնները հմայող բան մըն է: Քաղաքականութիւնը այնպիսի դաշտ մըն է, որուն մէջ անկեղծութիւն գոյութիւն չունի: Սէյիտ Նասրալլան իր հետեւորդներուն համար այն ղեկավարն էր, որ իրականութիւնները կը ներկայացնէր, ու կարելի չէր կասկածիլ անոր խօսքերուն: Միաժամանակ կացութիւններուն յարմարող եւ ռազմավարական նուրբ դարձուածքներ որդեգրող տիպար էր: Այսինքն Հասան Նասրալլա կրօնական դէմք ըլլալէ աւելի` քաղաքագէտ էր: Կրօնական մասը ընդհանրապէս պահեց ներաշխարհին մէջ եւ ռազմաքաղաքական իր երաշխաւոր` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի հետ:
Եզրակացութիւն
Սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեան եւ Հըզպալլայի ընթացքին մասին վերլուծումները կրնան բազմատեսակ ըլլալ: Իրականութեան մէջ Հըզպալլայի ընթացքը սերտելը շատ բան կրնայ ցոյց տալ դիմադրութեան եւ քաղաքականութեան միջեւ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու դժուարութեան մասին: Սէյիտ Նասրալլա իւրայատուկ դէմք էր, որ իր բոլոր կարելիութիւններով ամէն ջանք ի գործ դրաւ պահպանելու այս հաւասարակշռութիւնը:
Սակայն Հըզպալլայի վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ անոր շարքայինները հետեւէին շէյխ Սուպհի Թուֆէյլիի գաղափարներուն: Հըզպալլայի վրայ ինչպիսի՞ ազդեցութիւն ունեցաւ քաղաքականացումը եւ համայնքային պայքարներուն մէջ անոր մխրճուիլը: Աւելի՛ն. ի՞նչ հետեւանքներ ունեցաւ եւ պիտի շարունակէ ունենալ Հըզպալլայի` լիբանանեանէ աւելի շրջանային ուժ ըլլալու իրողութիւնը: Այս բոլորը գիտնալու համար կարիքը կայ աւելի խոր սերտողութեան ու նաեւ ժամանակի: Գալիք տարիներուն աւելի պիտի յստականան այս բոլորը, եւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի առարկայական ձեւով արժեւորել նաեւ սէյիտ Հասան Նասրալլայի ղեկավարութիւնը:
Փակելու համար. հրամայական է հաստատել, որ Լիբանանի քաղաքականութիւնը նոր փուլ մուտք կը գործէ: Սէյիտ Հասան Նասրալլայի բացակայութիւնը բնականաբար հսկայական ազդեցութիւն պիտի ունենայ նախագահական, երեսփոխանական եւ քաղաքապետական հետագայ ընտրութիւններուն վրայ: Միաժամանակ համայնքային հաւասարակշռութիւնները կրնան փոխուիլ: Հետեւաբար Լիբանանի քաղաքական դաշտը ներկայիս հիմնականօրէն կարիքը ունի զսպուածութեան եւ առարկայականութեան, որպէսզի չքայքայուի արդէն իսկ ձախող այս համակարգը: Թերեւս սէյիտ Հասան Նասրալլայի կորուստը հրաւէր է բոլորին` տեսնելու, թէ պետութեան բացակայութեան հետեւանքը կրեց Դիմադրութեան սէյիտը ու իր նահատակութեամբ յաւերժացաւ Լիբանանի քաղաքական, պատմական եւ մշակութային յիշողութեան մէջ:
————–
Օգտագործուած աղբիւրներ
Alagha, J. (2011). Hizbullah՛s documents: From the 1985 open letter to the 2009 manifesto. Amsterdam University Press.
Alagha J. (2011). Hizbullah՛s identity construction. Amsterdam University Press.