Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար Նոպէլեան Մրցանակի Դատակազմը… Գինո՞վ Է

Հոկտեմբեր 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը ուրբաթ, 11 հոկտեմբերին շնորհուեցաւ ճափոնցիներէ բաղկացած խմբաւորումի մը, որ կը կոչուի Նիհոն Հիտանքիօ (Nihon Hidankyo): Սա կրճատումն է անուան բազմանդամ կազմակերպութեան մը, որ ունի բաւական երկար անուն` «Ճափոնի համադաշնակցութիւն աթոմական եւ ջրածնային ռումբերէ տուժածներու  կազմակերպութիւններու» (Japan Confederation of A- and H-Bomb Sufferers Organizations): Այս խմբաւորումը ի մի բերած է Ճափոնի վրայ ամերիկացիներուն կողմէ 79 տարի առաջ արձակուած կորիզային ռումբերէն վերապրողներ ու անոնց յետնորդները, որոնք կը պայքարին աշխարհը կորիզային ուժէ զերծ պահելու ի խնդիր:

 

Ճափոնի Հիրոշիման, 1945
Հիմա` Կազան եւ Լիբանանը, Ուքրանիան, Արցախը…

Սիրելի՛ ընթերցող. հաւանաբար դուն ալ, ինծի պէս, առաջին անգամն է, որ կը լսես նման խմբաւորումի մը գործունէութեան մասին: Շատ լսուած է խաղաղասէրներու, կենսոլորտի պաշտպաններու, մինչեւ իսկ կորիզային զէնքերու դէմ պայքարողներու մասին, սակայն յականէ անուանէ` գոնէ ես առաջին անգամն է, որ կը լսեմ այս խմբակին անունը: Իմ տգիտութիւնս պատճառ չէ, որ արհամարհանքով եւ կէս աչքով դիտեմ այդ ազնիւ մարդոց պայքարը, չյարգեմ անոնց արդար նպատակը, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ…

***

Առաջին այս դիտարկումներէն ետք, եկո՛ւր, ընթերցո՛ղ ջան, դէմ դիմաց նստինք եւ համաձայնինք, որ մրցանակը վճռող մարդիկը այս որոշումը տուած ըլլալու են… գինովութեան մէկ պահու: Այսինքն իրենց ոտքը կտրած են աշխարհէն ու իրականութիւններէն: Ուրեմն կրնանք ամենայն ինքնավստահութեամբ յայտարարել, որ իրական աշխարհի եւ զայն խաղալիքի վերածողներու դիտանկիւնէն, սխալ որոշում կայացուցեր են:

Իսկապէ՛ս: Եթէ իրական աշխարհի ընդհանուր պատկերը, պատերազմներու սաստկացման, ջարդերու, ցեղասպանական արարքներու, այդ նպատակով ալ զէնքերու հոս-հոն հոսքի մրցավազքը աչքի առջեւ ունենանք, շա՜տ աւելի յարմար թեկնածուներ կային Նոպէլեան խաղաղութեան այս տարուան մրցանակին:

Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն անկասկած որ պիտի գրաւէր ցանկին գլուխը: Ահաւասիկ, աւելի քան տարիէ մը ի վեր, Կազան դարձուցած է սանձարձակ ջարդի ու քանդումի ընդարձակ դաշտ, երբեմն բաժին կը հանէ Արեւմտեան ափին, սպանդի ու քանդումի գօտին տարածած է դէպի Լիբանան. Համաս ու Հըզպալլա կը հետապնդէ պատրուակներով` տասնեակ հազարաւոր քաղաքայիններ կը ջարդէ, կը քանդէ անոնց բնակարանները, բռնի գաղթի հանած է միլիոնաւորներ եւ… առատ զէնք կը ստանայ նոյն մտայնութիւնը կրողներէ: Եւ քանի որ Նոպէլեան մրցանակը միայն անձերու չի տրուիր, այլ, ինչպէս` ճափոնցիներու այս խմբաւորումին պարագային, անոր կ՛արժանանան մէկէ աւելի անձեր, կարելի է թեկնածու նկատել Իսրայէլի ամբողջ կառավարութիւնը, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` ընդդիմադիրները, որոնք «լուբիային միւս կէսը» կը կազմեն:

Թեկնածուներու, խմբայի՛ն թեկնածուներու ցանկին վրայ իրաւունք ունին տեղ ունենալու Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի իշխանութիւնները: Մրցանակին լուրը հաղորդող լրատու աղբիւրները նոյնհետայն ըսին, որ այդ երկիրները լծուած են իրենց կորիզային զէնքերը արդիականացնելու արշաւին: Ի՜նչ ապազինում, ի՜նչ զինաթափում… Ասոնք թերամիտ ու մակերեսային մտածողութեամբ օժտուած բարեմիտներու աշխարհին կը պատկանին: Իրական աշխարհին մէջ զէնքի, նա՛եւ կորիզային զէնքի արտադրիչները զանոնք աւելի՛ արդիականացնողնե՛րն են, որ կը տնօրինեն դէպքերու ընթացքը: Պէտք չունին «Միլթըն» կամ այլ անուններով մրրիկներու սպասելու, որպէսզի մահ ու աւեր տարածուին աշխարհի արեւելեան կամ արեւմտեան, քիչ մըն ալ միջին ծագերուն: Զէնքի վաճառորդները, ի չգոյէ՛ իսկ, կրնան պատերազմներ հրահրել ու… թեկնածու ըլլալ Նոպէլեան մրցանակներու, որովհետեւ ահա ա՛յդ «տրամաբանութիւնն» է, որ դարձած է համատարած, կը հրուի իսկապէս խաղաղութիւն ցանկացողներու կոկորդէն վար:

Հապա՞ Գերմանիոյ վարչապետ Շոլցը եւ իր կառավարութեան համախոհնե՞րը: Ճիշդ այն պահուն, երբ կը հրապարակուէր ճափոնցիներուն մրցանակի արժանանալը, ան լա՜յն ժպիտով կը դիմաւորէր Ուքրանիոյ Զելենսքին եւ անոր կը խոստանար աւելի քան 650 միլիոն եւրոյի յաւելեալ օժանդակութիւն: Եթէ թեկնածուներու խմբակ պիտի կազմուի, բաց ճակատով անոր պիտի միանան` Ֆրանսայի Մաքրոնը, Բրիտանիոյ Սթայմըրը, Եւրոմիութեան եւ ՕԹԱՆ-ի ջոջերը` Քանատայէն մինչեւ Եւրոպայի չորսբոլորը:

Հապա՞ նոյնինքն Զելենսքին: Ա՞ն ինչով ետ կը մնայ թեկնածութիւնը դնելէ: Չէ՞ որ արդի տրամաբանութեամբ եւ բարձր տրամադրութիւններով դարձեալ ափ առած է արեւմտեան երկիրներու դուռերը եւ «զէ՛նք տուէք, զէ՛նք տուէք» մուրալով` կը խոստանայ խաղաղութիւն պարտադրել Ռուսիոյ…

Ինչո՞ւ մոռնալ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարչախումբերը, որոնց «խաղաղասիրութիւնը» առատօրէն կը բաշխուի մեզի` հայերուս, քիւրտերուն, յոյներուն, դրացի ու հեռակայ արաբներու, քիչ մըն ալ կեղծ տեսակէն… Իսրայէլի: Անոնց աչքերը ուղղուած են Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Եւրոպա, որուն կայսերական Վիեննային դուռերը թակեցին քանի մը դար առաջ…

Հա՛, չմոռնանք ուրիշ խաղաղասէր մը` Հայաստանի ՔՊ-ապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Ան ալ վերստին ուսապարկին մէջ նետած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը (չէ՛, հիմա ՔՊ-ականները առանձին չեն ուսապարկին մէջ) եւ իր կարգին ճամբայ ելած է զայն ծախելու, հոգ չէ թէ` ո՛չ իրեն հաւատացող կայ, ո՛չ ալ կարեւորութիւն տուող: Չարենցի «Աշխա՛րհ անցիր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ» պատգամին առաջին երկու բառերուն նոր մեկնաբանութիւն տալով (Արարատը որո՞ւ է պէտք: Շուշին ալ մեզի պէտք չէր), հեծիկը քաշեր է եւ Նիւ Եորքէն մինչեւ Ֆրանսա ու Գերմանիա, յետոյ նաեւ Ռուսիա ոտքի տակ առած է, հեւալով-հեւալով խաղաղութիւն կը քարոզէ պատերազմի նոր թմբուկներ հնարող-արդիականացնող աշխարհի մը մէջ:

Նոյն տրամաբանութեամբ, կրնանք իսկական թեկնածուներուն ցանկը երկարել, սակայն կը կարծեմ, որ միտքս բացատրելու համար այսքանն ալ բաւարար է:

***

Սխալ չհասկնաս զիս, ազնի՛ւ ընթերցող: Ես ալ, քեզի պէս, մաս կը կազմեմ այն ջախջախիչ մեծամասնութեան` ի Հայաստան թէ աշխարհի տարածքին, որոնք խաղաղութիւն եւ ապազինում կը ցանկան: Հիասթափուած չեմ, որ Նոպէլեան մրցանակի դատակազմը, հոգ չէ թէ` աչքերը աշխարհիս պարտադրուած դաժան իրականութիւններէն պահիկ մը կտրեր է եւ արդար որոշում մը տուեր է, պատուելով կորիզային ապազինումի ի խնդիր պայքարողներ, անո՛նք, որոնք գիտեն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ» առածը: Մեր ցաւը ա՛յն է, որ հակառակ ջախջախիչ մեծամասնութիւն ըլլալնուս` մեր ձայնը կը խեղդուի, անլսելի կը մնայ, ինչպէս որ անլսելի կը մնայ ՄԱԿ-ի պէս ա՛յլապէս արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու առաքելութիւնը ունեցող կազմակերպութեան մը ձայնը, որուն խաղաղարար ուժերուն Լիբանանի մէկ կեդրոնն ալ իսրայէլեան ռումբերէն բաժին կը ստանայ: Սակայն ատիկա ուրիշ պատմութիւն է:

Եզրակացնենք: Կա՞յ տխմար մը, որ խաղաղութիւն չի ցանկար: Կա՞յ բանական մարդ, որ խաղաղութիւնը մերժէ եւ պատերազմ հրահրէ (կրնա՞նք ըսել` Աստուած թող հոգին լուսաւորէ Ներոն կայսեր): Երանի պիտի չտա՞նք, որ խաղաղասէրներուն փորձերը յաջողին, եւ աշխարհը վերադառնայ, օրինակի համար, յետաշխարհամարտեան, յետոյ` 70-ականներու եւ յետ90-ականներու այն տարիները, երբ ապազինման, խաղաղութեան հնոցը հրահրելու ճիգերը համեմատաբար աւելի՛ ազդու էին:

Ուրեմն, եկո՛ւր, սիրելի՛ ընթերցող, մեղքը չփաթթենք Նոպէլեան մրցանակի դատակազմին ճիտին, իր այս ճի՛շդ որոշումով (գիտե՛ս, որ գինովութեան ակնարկութիւնս կատակ էր), խաղաղութեան հնչե՛ղ պատգամ մը կու տայ աշխարհի խելագարներուն, առանց բառերը գործածելու` կը դատապարտէ թէ՛ կորիզային զէնք գործածողը, թէ՛ այդ զէնքով սպառնացողները եւ թէ՛ զինարշաւներու հնոցին վառելանիւթ հասցնողը:

11 հոկտեմբեր 2024

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (7). Անհատներով Չպայմանաւորուած Գործը Կանգ Չ՛առներ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?