Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Սայաթ Նովայի Նուիրուած Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ գրողներու միութեան, 28 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ աշուղական քերթողական արուեստի տիտան Սայաթ Նովայի նուիրուած երեկոյթ:
Երեկոն մեկնարկեց Սայաթ Նովայի մասին ժապաւէններէ առնուած հատուածներու ցուցադրութեամբ: Ապա օրուան հանդիսավար Շողեր Գրիգորեան անդրադարձաւ Սայաթ Նովայի սիրային տաղերուն եւ փիլիսոփայական քերթողական արուեստին, որմէ ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան բանախօս, տաղանդաւոր բանաստեղծ Վազգէն Վանատուր ներկայացուց Սայաթ Նովայի ոդիսական կեանքը` տարբեր հայեացքներով: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Սայաթ Նովայի կենսագրութիւնը, արուեստը եւ կերպարը` իր դարաշրջանի եղելութիւններով:
Նորթ Հոլիվուտի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն
28 սեպտեմբերը Նորթ Հոլիվուտի համայնքին համար խորհրդանշական թուական մը եղաւ, երբ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ տեղւոյն Ս. Գէորգ եկեղեցի, որուն անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցեց ս. պատարագ եւ կատարեց մատաղի օրհնութիւն:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ սուրբերու փաղանգին մէջ կան նաեւ ձիաւոր սուրբեր, որոնք բարձրաստիճան զինուորականներ եղած են, անոնցմէ մէկը` Ս. Գէորգը, որ արդէն ունէր դիրք եւ կը վայելէր հարստութիւն ու փառք, բայց երբ ընդունեց քրիստոնէութիւնը եւ ճանչցաւ յաւիտենական արժէքը, ճշմարտութիւնն ու լոյսը, մտաւ Քրիստոսի ճամբուն մէջ եւ պայքարեցաւ չարին դէմ մինչեւ նահատակութիւն: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ քրիստոնեայ աշխարհը մինչեւ այսօր կը տօնէ Ս. Գէորգ զօրավար սուրբին յիշատակը, որովհետեւ անոր կեանքը եղաւ սրբութեան օրինակ, ուր Աստուծոյ նկատմամբ խոնարհութիւն եւ համեստութիւն կայ, մարդկութեան նկատմամբ` սէր ու նուիրում, եւ թէ` սուրբերը իրենց կենցաղով եղան Աստուծոյ կամքը կատարողներ եւ իրենց հաւատքին մէջ յարատեւողներ, որոնք նաեւ շատ սիրուեցան մարդոցմէ:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան` ի պատիւ առաջնորդին: Սրտի ու շնորհաւորական խօսքերու աւարտին սրբազան հայրը եկեղեցւոյ ընտանիքին կողմէ ստացաւ պանակէ մը` որպէս նուէր:
Քանատա
Քանատայի Մէջ «Հորիզոն»-ի 45-Ամեակի Նշում
Մոնրէալ
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, նախագահութեամբ Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան ամոլին, հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, կազմակերպութեամբ «Հորիզոն»-ի 45-ամեակի յանձնախումբին, 6 հոկտեմբերին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւնը:
Օրուան հանդիսավար Թալիա Ճապրայեան յայտնեց, որ 45 տարի առաջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով սկիզբ առաւ «Հորիզոն»-ի լրագրական երթը, աւելցնելով, որ կուսակցական կառոյցի մը պաշտօնաթերթը ըլլալով հանդերձ, «Հորիզոն»-ը ամբողջ կէս դար արխիւագրած է քանատահայութեան պատմութիւնը, Քանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու պատմականը: Ապա ան կարդաց Քանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը` յոբելեանին առթիւ:
Օրուան պատգամաբեր, «Հորիզոն»-ի Արցախի աշխատակից Տիրուհի Գասպարեան տեսերիզով ներկայացուց իր խօսքը` ներկայացնելով իր ծննդավայր Արցախի շրջափակման, պատերազմին ապա տեղահանութեան ընթացքին «Հորիզոն»-ի նեցուկն ու լրագրական ծիրէն ներս տարած լրատուական աշխատանքը: Ան յայտնեց, որ պայքարը չէ աւարտած, եւ մենք բոլորս պէտք է միակամութեամբ շարունակենք մղել այդ պայքարը` յանուն Արցախի վերանկախացման ու մեր ժողովուրդին իր պապենական հող ու հայրենիք վերադարձին:
Խօսք առաւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, որ հաստատեց, թէ 45 տարիներու ընթացքին «Հորիզոն»-ը դարձաւ արխիւներու շտեմարանը Քանատայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն ու հայ կեդրոններուն եւ ապա անդրադարձաւ «Հորիզոն»-ի առաքելութեան եւ գործունէութեան:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Կարօ Կապուտակեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որուն մէջ «Հորիզոն»-ի` Արցախի աշխատակիցներէն Արմինէ Ալեքսանեան ներկայացուց իր սրտի խօսքը` կարեւորելով թերթին առաքելութիւնը, յատկապէս` արցախեան տագնապի բոլոր փուլերուն ընթացքին: Յատուկ տեսերիզով հանդէս եկաւ նաեւ «Հորիզոն»-ի Միջին Արեւելքի աշխատակից Տիանա Սքայա, որ յայտնեց, թէ լրագրական ասպարէզէն ներս իր առաջին քայլերը առած է «Հորիզոն»-ին մէջ եւ խմբագրակազմին քաջալերանքով սկսած է աշխատակցիլ թերթին, որմէ ընթացք առած է իր աշխարհասփիւռ առաքելութիւնը:
«Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան հաստատեց, որ 45 տարիներու ընթացքին արխիւագրած են Քանատայի հայ գաղութին պատմութիւնը, ժամանակագրութիւնը, տեղեկագրութիւնը` այդ ընթացքին կատարելով արխիւագրումը Մոնրէալի, Լաւալի, Թորոնթոյի, Վանքուվըրի, Քեմպրիճի, Սենթ Քաթրինզի, Համիլթընի մեր հայ կեդրոններու, եկեղեցիներու, դպրոցներու, հաւատալով, որ այդ ալ իրենց առաքելութիւնն է: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի առումով «Հորիզոն»-ի տարած գործունէութեան, երբ նոյնիսկ իրերայաջորդ պատերազմներուն ընթացքին թերթը ներկայ եղած է ու կատարած իր լրագրական առաքելութիւնը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Հորիզոն»-ի գործունէութեան սատարող եւ կամաւորաբար աշխատակցողներու, ինչպէս նաեւ գործակիցներու գնահատագիրներու բաշխում: «Հորիզոն»-ի աւագ խմբագիր եւ 45 տարիներու անխոնջ յօդուածագիր Վրէժ-Արմէն Արթինեան գնահատուեցաւ պատուոյ գիր-վահանակով, իսկ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» ազգային-մշակութային եւ մասնագիտական ծառայութեան շքանշանին արժանացաւ «Հորիզոն»-ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեան- Պաշըգճեան:
Աւարտին խօսք առաւ սրբազան հայրը, որ շնորհաւորեց թերթին աշխատակազմը եւ բարձր գնահատեց անոր 45-ամեայ ծաւալուն գործունէութիւնն ու մեծ դերակատարութիւնը: Ան շեշտեց, որ պէտք է շարունակենք աջակցիլ մեր 45-ամեայ այս օրկանին, որովհետեւ ան մեր հայելին եւ մեր ոգին փոխանցող բարձրախօսն է, հետեւաբար պիտի գուրգուրանք ու զօրավիգ կանգնինք անոր:
Թորոնթօ
Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ «Հորիզոն»-ի 45-ամեակի յանձնախումբին, 4 հոկտեմբերին Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հորիզոն»-ի 45-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը:
Օրուան հանդիսավար Քաթիա ՏԷր Յովակիմեան անդրադարձաւ 45 տարի առաջ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով սկիզբ առած «Հորիզոն» շաբաթաթերթի լրագրական երթին` աւելցնելով, որ «Հորիզոն»-ի շնորհիւ այսօր արխիւագրուած են քանատահայութեան 50-ամեայ պատմութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ տարբեր քաղաքներու մէջ գործած ու տակաւին գործող հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու հարուստ ժառանգութիւնը: Քաթիա Տէր Յովակիմեան նաեւ կարդաց «Հորիզոն»-ին 45-ամեակին առիթով Քանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի յղած շնորհաւորական ուղերձը:
«Հորիզոն»-ի` Արցախի աշխատակից Տիրուհի Գասպարեան Երեւանէն տեսանիւթով մը յղեց օրուան պատգամը: Ան պատկերներու ուղեկցութեամբ ներկայացուց իր ծննդավայրը, լրագրական ուղին` ներկաներուն առջեւ բանալով Արցախ աշխարհի հրաշալի գեղեցկութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը: Գասպարեան կոչ ուղղեց չվհատելու եւ պայքարը աւարտած չհամարհելու:
ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով Խորէն Տիմիթեան յայտնեց, որ 45 տարիներու ընթացքին «Հորիզոն»-ը դարձած է Քանատայի հայ գաղութի իրադարձութիւններու լրատուական կենսական աղբիւր, նաեւ լայնօրէն լուսաբանած եւ տարածած է Հայ դատի աշխատանքներն ու քանատահայութեան արձանագրած յաղթանակներու արձագանգը: Տիմիթեան հաստատեց նաեւ, որ «Հորիզոն»-ը կարեւոր աղբիւր մըն է Քանատա, Հայաստան, Արցախ բազմակողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման հարցերուն մէջ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեան ամոլին հովանաւորութիւնը վայելող «Հորիզոն»-ի 45 ամեակին նուիրուած փաստավաւերագրական ժապաւէն մը` բեմադրութեամբ Յակոբ Փափազեանի:
«Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան ելոյթ ունենալով` լուսարձակի տակ առաւ թերթին 45 տարիներու առաքելութիւնը, որուն առանցքը դարձած են պետական մակարդակի վրայ, նահանգային եւ դաշնակցային հանդիպումներու ընդմէջէն Քանատայի հայ համայնքի շաղկապումը Քանատայի քաղաքական միջավայրին հետ, ինչպէս նաեւ` անցնող 22 տարիներուն իր մշտական ներկայութիւնը Արցախի մէջ, ուր «Հորիզոն»-ը ապրած, վկայագրած եւ արխիւագրած է: Անդրադառնալով անընդհատ զարգացող լրագրողական նորարարութիւններուն` ան ըսաւ, որ անպայման պիտի գտնենք համարկումի ձեւ, որպէսզի քայլ պահենք 21-րդ դարու լրագրական-քարոզչական նորարարութիւններուն հետ եւ կարեւորեց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւնը, որ նպատակաուղղուած է զարգացնելու «Հորիզոն»-ի ապագայ համացանցային եւ առցանց առաքելութիւնը:
Իր խօսքի աւարտին Գարագաշեան գնահատագիրներով պատուեց Թորոնթոյի կարգ մը ներկայ աշխատակիցները, իսկ National Ethnic Press and Media Council of Canada-ի գործադիր տնօրէն Մարիա Սարաս-Վութսինաս մեծարուեցաւ երկար տարիներ անշահախնդիր աջակցութեան եւ «Հորիզոն»-ին իր մատուցած ծառայութիւններուն եւ ներդրումին համար, նաեւ մեծարուեցաւ «Հորիզոն»-ի երկարամեայ աշխատակից Գրիգոր Հոթոյեանը, որոնք իրենց կարգին արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը:
Ապա ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն»-ի` Միջին Արեւելքի աշխատակից Տիանա Սքայայի ուղերձ-տեսանիւթը, ուր ան ներկայացուց իր փորձառութիւնը:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Տաթեւ քհնյ. Միքայէլեանի շնորհաւորական խօսքով, հարազատ վկայութիւններով ու մաղթանքներով:
Յունաստան
Հայ–Յունական Յարաբերութիւններուն Նուիրուած Գիրքի Ներկայացում
«Արմենիքա» պարբերաթերթի հրատարակութիւններու շարքը բոլորեց 20-րդ գիրքի ներկայացումը` յունահայ երիտասարդ քաղաքական փորձագէտ Ճորճ Մենեշեանի «Զուգահեռ կեանքեր. հայերը եւ յոյները` «միլլեթէն դէպի ազգ-պետութիւն» գիրքով, մեկենասութեամբ` Պօղոս Խաչատուրեանի:
Սոյն հատորը հայազգի վերլուծաբանին առաջին հրատարակչական փորձն է, որ կ՛ընդգրկէ շուրջ 150 տարուան հասարակաց պատմութիւն մը` Օսմանեան կայսրութեան օրերէն մինչեւ ներկան: Յատուկ մաս ընծայուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման թուականէն ետք հաստատուած միջպետական բազմակողմանի յարաբերութիւններուն:
Ներկայացումը տեղի ունեցաւ 27 սեպտեմբերին, Աթէնքի կեդրոնը գտնուող Ամերիկեան քոլեճի սրահին մէջ:
Ելոյթը վարեց պարբերաթերթի խմբագրական կազմի անդամ Խրիսթոս Ռանտաւելաս, որ ներկայացուց մինչեւ օրս կատարուած հրատարակչական շարքի իրագործումները` անդրադառնալով «Արմենիքա»-ի հրատարակութեան, անոր շօշափած նիւթերուն եւ պատմական տեսաշարքերուն:
Առաջին բանախօսն էր կրթութեան եւ կրօնի նախկին փոխնախարար, խորհրդարանի երեսփոխան, յունական եւ օտար համալսարաններու դասախօս Ակելոս Սիրիղոս, որ անդրադարձաւ երկու բախտակից ժողովուրդներու հասարակաց երթին` նշելով, որ թէեւ Հայաստանը կը թուի ըլլալ հեռաւոր երկիր մը, սակայն հայերը միշտ մօտիկ եղած են յոյն ժողովուրդին: Ան տուաւ ենթահողը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած երկու ժողովուրդներու կարգավիճակին, ապա պատմական տուեալներով մանրամասնեց Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն` հայերուն, յոյներուն եւ ասորիներուն, ապրած ցեղասպանութեան ու թրքական պետութեան վարած քաղաքականութեան զանազան ծալքերուն վրայ:
Յոյն-ամերիկեան «ՀԱԼՔ» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Թանոս Տաւելիս իր խօսքը կեդրոնացուց Միացեալ Նահանգներուն մէջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ «ՀԱԼՔ»-ի միջեւ հաստատուած երկարամեայ գործակցութեան` դրուատելով Հայ դատի յանձնախումբին գործունէութիւնը եւ յունական համայնքին հետ զուգահեռ կատարուող քաղաքական իրագործումները, մասնաւորապէս` հայոց եւ յունաց ցեղասպանութեանց ճանաչումին ուղղութեամբ:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ գիրքի հեղինակ Ճորճ Մենեշեան, որ անդրադարձաւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի անմիջական ներդրումին, պատմական աղբիւրներ հայթայթած հաստատութիւններուն եւ կարգ մը անձերու, որոնք սատարեցին հրատարակութեան ամբողջացման: Ուրուագծելով մինչեւ հիմա հաստատուած հայ եւ յոյն երկկողմանի գործակցութեան ընթացքը, տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական արագ զարգացումներուն մէջ պատկերացուց Յունաստանը աւելի գործուն դեր ստանձնելու եւ հայ-յունական աւանդական կապերուն ընդմէջէն տարածաշրջանային կենսական ներկայութիւն որոնելու հրամայականը:
Լեհաստան
«Լեռնային Ղարաբաղ. Վտանգուած Հայկական Ժառանգութիւն Մը» Խորագիրով Ցուցահանդէս
Արցախի մշակութային եւ յատկապէս կրօնական ժառանգութեան պատկանելիութիւնը կեղծող, զայն աղուանական համայնքին վերագրող ազրպէյճանցիներու` Լեհաստանի մայրաքաղաք կազմակերպած աղմկայարոյց ցուցահանդէսէն քանի մը ամիս ետք, այս անգամ նոյն քաղաքին մէջ:
Նախաձեռնութեամբ «Ուվր տ՛Օրեան»-ի, գործակցաբար Լեհահայերու մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնարկին, 4 հոկտեմբերին Վարշաւայի Skwer Ks. Jan Twardowski հրապարակին վրայ կատարուեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղ. վտանգուած հայկական ժառանգութիւն մը» խորագիրը կրող եւ պատմական իրականութիւնը ցոլացնող ցուցահանդէսի բացումը` ներկայութեամբ Լեհաստանի մէջ արեւելքցիներու տեսուչ, կարտինալ Կազեմիերզ Նիչի եւ Վարշաւայի եպիսկոպոսի տեղակալ Միխալ արք. Եանոչայի: Բացման արարողութեան յաջորդեց հանդիպում մը` Պատմութեան հետ հանդիպումներու տան մէջ:
Չեխիա
Շարլ Ազնաւուրի 100-Ամեակին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպանութիւններուն, գործակցաբար Փրակայի Ֆրանսական հիմնարկին, 1 հոկտեմբերին հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոյ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Չեխիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Յովակիմեանը եւ Ֆրանսայի դեսպան Ստեֆան Կրուզան, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ «Ազնաւուրը եւ անոր աշխարհը» վաւերագրական տեսերիզը եւ Ռիչըրտ Իհուելի եւ Տոմաշ Եոխմանի համերգը, որոնք մեկնաբանած էին Ազնաւուրի ամէնէն յայտնի եւ սիրուած երգերը: