Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Աշխարհասփիւռ հայութեան հիմնական փարոսներն ու հոգեւոր, ազգային ու մշակութային դիմագիծի պահպանման կռուանները կը հանդիսանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող եկեղեցիներն ու անոնց ծառայութեան լծուած հոգեւորականները, անոնք ներկայ են ամէնուրեք, պատրաստ` ամէն ձեւով ժողովուրդին ծառայելու, հոգեւոր սնունդ հայթայթելու ու ապաւէն դառնալու: Ժողովուրդէն ծնած ու ժողովուրդին ծառայութեան լծուած այս նուիրեալներուն կազմաւորման ու պատրաստութեան քուրան կը հանդիսանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, ուր սերունդներ կը կոփուին ու կը թրծուին հոգեւոր, ազգային ու մշակութային շունչով եւ ոգիով, որպէսզի իրենց ուսումնական շրջանը աւարտելով` կրկին ուղղուին դէպի աշխարհասփիւռ հայութիւն ու ծառայեն անոր` անսակարկ նուիրումով եւ կուռ հաւատքով:
Այս իւրայատուկ կեդրոնին, մարդ կազմաւորելու անոր առաքելութեան, հայանուէր աշխատանքներուն եւ գործունէութեան տարբեր բնագաւառներուն վրայ լուսարձակ սփռելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Դպրեվանքը ստեղծուած է յատուկ առաքելութեամբ եւ նպատակով: Ընդհանուր գիծերու մէջ խօսինք անոր ծննդոցին եւ նման կառոյց մը ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին, ժամանակի թաւալումով եւ պայմաններու փոփոխութեամբ անոր կեանքին մէջ եւս արձանագրուած փոփոխութիւններուն մասին:
ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ.- Դպրեվանքը հիմնադրուած է Անթիլիասի մէջ, 1930-ին, Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին ջանքերով: Երբ երջանկայիշատակ հայրապետը 1915-ի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ գաղթական հայ ժողովուրդին տէր դառնալու լուծը իր վրայ առած էր, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Աթոռը վերահիմնելու աշխատանքին լծուած էր, կը ձեռնարկէ նաեւ հիմնադրութեան դպրեվանքի մը, որպէսզի հոն պատրաստուող հոգեւորականներն ու ուսուցիչները գաղթական ժողովուրդը ոտքի հանեն: Ինքնաբերաբար, մտքէ վեր է, թէ ինչպէ՛ս այդ ընկճուելիք վիճակին մէջ երջանկայիշատակ հայրապետը կառուցելու եւ վերականգնելու աշխատանքը տարած է` հակառակ ծերունազարդ ըլլալուն: Տարածքի իմաստով, Անթիլիասի հողամասը կը խնդրէ «Նիր իսթ ռիլիֆ» հիմնարկէն (Near East Relief Foundation), եւ իր գրած պատմական «Կտակ»-ին ի պատասխան` բարերարներ եւ հաստատութիւններ նիւթաբարոյական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն: Կրթական աշխատանքին համար Լիբանան կը հրաւիրէ Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան կաթողիկոսը (որ եպիսկոպոս էր եւ պիտի ստանձնէր կաթողիկոսի պաշտօնը իր վախճանումէն ետք) եւ Շահէ արք. Գասպարեանը` Միացեալ Նահանգներէն, որպէսզի տեսուչի պաշտօնը ստանձնէ: Դպրեվանքը ոչ միայն պիտի ապահովէր եկեղեցւոյ առաքելութեան շարունակութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, այլ նաեւ մարդուժ պիտի հայթայթէր սփիւռքը կազմակերպելու համար: Աւելի ուշ` 1983 թուականին, դպրեվանքը փոխադրուեցաւ Պիքֆայայի ամարանոցը, որ տարուէ տարի շէնցաւ եւ դարձաւ մեծ համալիր` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնօրինումով: Առաքելութիւնը եւ առաքելութեան նպատակը կը մնայ նոյնը, ա՛լ աւելի զարգացումներով, սակայն, ինչպէս նշեցի, վայրը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ:
«Ա.».- Դպրեվանք յաճախողները կրթական-ուսումնական ի՞նչ ծրագիրի կը հետեւին, բնականաբար շեշտը կրօնական-հոգեւորին վրայ կը դրուի, սակայն տղաքը նաեւ այլ նիւթեր կը ստանա՞ն:
ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ.- Դպրեվանքը ունի հիմնական երկու բաժին` նախապատրաստական-ժառանգաւորաց եւ ընծայարան: Առաջին բաժինին մէջ, որ չորս կամ հինգ տարիներ կ՛ընդգրկէ (համաձայն ընդունուած աշակերտներուն ուսումնական մակարդակին), հայագիտական եւ եկեղեցական նիւթերու հիմքը կը դրուի: Անոնց կողքին, անոնք նաեւ կը սորվին երաժշտութիւն, թուաբանութիւն, գիտութիւն, աշխարհագրութիւն, համակարգիչ եւ ընդհանուր գիտութիւն: Իսկ ընծայարանի բաժինին մէջ ուսանողները աւելիով կը մասնագիտանան հայագիտական եւ աստուածաբանական նիւթերուն մէջ, ներառեալ` հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն, ընկերագիտութիւն, իմաստասիրութիւն, կրօներու գիտութիւն եւ այլն: Ընածայարանի սաները նաեւ կ՛ունենան այցելու դասախօսներ, որոնք իրենց մակարդակին համապատասխան նիւթերու կը ծանօթանան եւ կը զարգանան: Իսկ ուրբաթ երեկոները, որ յատկացուած է արտադասարանային յայտագիրներու, զանազան նիւթերու մասնագէտ դասախօսներ կը հրաւիրուին, որպէսզի դպրեվանեցիները ծանօթանան նաեւ հայագիտական եւ կրօնական նիւթերէ դուրս գիտութիւններու եւ նորութիւններու:
«Ա.».- Դպրեվանք աւարտող շրջանաւարտները ինչպէ՞ս կը շարունակեն իրենց ուղին: Կրնա՞ք ընդհանուր պատկեր մը տալ:
ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ.- Դպրեվանքէն շրջանաւարտը իր դիմաց ունի հիմնական երեք ուղի` կուսակրօն քահանայութիւն (այսինքն` ոչ ամուսնացեալ եկեղեցական), ամուսնացեալ քահանայութիւն եւ իբրեւ աշխարհական ուսուցիչ կամ ծառայող` մեր ազգային եւ եկեղեցական հաստատութիւններէն ներս: Եթէ շրջանաւարտը կուսակրօնութեան կոչումը ունի, տեսչութեան ճամբով կը դիմէ վեհափառ հայրապետին, որպէսզի, ըստ յարմարւոյն, ընդունուի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութենէն ներս, իսկ եթէ` ամուսնացեալ քահանայութեան, ապա պէտք է դիմէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերէն մէկուն, որպէսզի ամուսնանալէ ետք ձեռնադրուի իբրեւ ամուսնացեալ քահանայ նոյն թեմին մէջ, այլ խօսքով` Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Միացեալ Նահանգներ: Այսօր մեր կրթական հաստատութիւնները եւ ազգային առաջնորդարանները կարիքը ունին հայերէնի գիտակ եւ ազգային շունչով պատրաստուած ուսուցիչներու եւ ղեկավարներու, ուստի աշխարհական մնալ փափաքողները իրենց ասպարէզը կը գտնեն հոն: Այսօր մեր շրջանաւարտները զանազան թեմերու մէջ, սփիւռքի գաղթօճախներու մէջ իրենց ծառայութիւնը կը բերեն` հպարտութիւն պատճառելով դպրեվանքին:
«Ա.».- Այս տարուան նորութիւններէն կարելի է նկատել արցախցի մեր հայորդիներուն ներկայութիւնը դպրեվանքի մէջ, ինչ որ աննախընթաց երեւոյթ է: Խօսինք այս նախաձեռնութեան մասին:
ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ.- Արցախի մեր հայրենակիցներու` իրենց հողերէն բռնի տեղահանութենէն ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի մնայուն մտահգութիւնն էր արցախահայութիւնը` միշտ մտածելով, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ձեռք երկարել անոնց: Տարբեր մակարդակներու վրայ արցախահայութեան օժանդակելու ծրագիրին մէջ վեհափառ հայրապետը նաեւ ուզեց դպրեվանքը տեսնել նոյն աշխատանքին մէջ: Հետեւաբար նորին սրբութիւնը թելադրեց, որ եթէ կան արցախցի ուսանողներ, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը դպրեվանքի մէջ շարունակել, անոնց աջակցութիւն ցուցաբերենք: Այդ հրաւէրին ընդառաջեցին շատեր, սակայն Լիբանանի կացութիւնը չօգնեց, որ բոլոր փափաքողները քայլ առնեն դպրեվանք գալու: Սակայն, հակառակ այս վիճակին, չորս արցախցի ընտանիքներ իրենց զաւակները վստահեցան դպրեվանքին, որոնց նաեւ միացաւ Հայաստանի Մասիս շրջանէն պատանի մը եւս: Այս մէկը թէեւ աննախընթաց երեւոյթ մըն է դպրեվանքին մէջ` ցոյց տալու համար դպրեվանքի համազգային առաքելութեան տարողութիւնը, բայց նաեւ պէտք է նշել, որ Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. կաթողիկոս Յովսէփեանը արցախցի եղած է:
«Ա.».- Գիտենք, որ դպրեվանքէն շրջանաւարտներ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ բարձրագոյն կրթութեան հետեւելու ուղիով կ՛ընթանան եւ անոնք նոյնիսկ յաճախ օտար երկիրներ կը մեկնին իրենց համալսարանական ուսումը ստանալու: Խօսինք դպրեվանքի սաներուն նկատմամբ ցուցաբերուած այս մօտեցումին մասին:
ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ.- Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր իսկ կեանքի փորձառութենէն եւ վաստակէն մեկնած` միշտ կը քաջալերէ, որ միաբան հայրերը իրենց ուսման ճանապարհը չընդհատեն: Յատկապէս, անոր շնորհիւ, մեր կաթողիկոսութեան շուրջ գոյութիւն ունեցող միջազգային կապերը վաստակաշատ համալսարաններու հետ բազմաթիւ են: Պէտք է նաեւ նշել, որ վեհափառ հօր ուսման քաջալերանքին մէջ միայն աստուածաբանական նիւթերը չեն, այլ նաեւ` զանազան նիւթեր, որոնք կրնան նպաստել մեր առաքելութեան: Հետեւաբար դպրեվանքի շրջանաւարտները իրենց դիմաց գեղեցիկ առիթ մը ունին ուսանելու աշխարհահռչակ համալսարաններուն մէջ: Իբրեւ արդիւնքը` այսօր նկատառելի է թիւը դպրեվանքէն շրջանաւարտ կուսակրօն թէ ամուսնացեալ քահանաներուն, ինչպէս նաեւ` աշխարհականներուն, որոնք օտար համալսարաններէն վկայուած են: Դպրեվանքին մէջ միշտ կը շեշտենք, որ անոնք, երբ աւարտեն դպրեվանքը, պիտի չդադրին աշակերտ ըլլալէ եւ ձեռք պիտի ձգեն բարձրագոյն վկայականներ` ի շահ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին:
«Ա.».- Արդեօք դպրեվանք մտնելու տարիք մը կա՞յ. ընդունուած տարիքը շրջանցած անձ մը եթէ զգայ, որ իր մէջ այս կոչումը ունի, առիթ կ՛ունենա՞յ դպրեվանքին միանալու:
ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ.- Դպրեվանքի ընդունման տարիքը 12 տարեկան է: Ոեւէ պատանի, որ բոլորած է 12-ը, կրնայ դիմել դպրեվանք եւ իր ուսումն ու կրթութիւնը շարունակել մեր հաստատութեան մէջ: Բնականաբար այդ տարիքին եկեղեցական կոչում զգալը կանուխ է, սակայն տարիներու ընթացքին, մինչեւ աւարտելու տարիքը, իր մէջ կը սկսի պարզուիլ, թէ ունի՞ եկեղեցական դառնալու կոչում: Նաեւ կ՛ունենանք երիտասարդներ, որոնք արդէն իսկ 20 տարիքը անց են եւ կը զգան եկեղեցական դառնալու կոչումը, կրնան նոյնպէս դիմել դպրեվանք: Այս առումով, այս տարի, որովհետեւ ունինք 20 տարիքը անց թեկնածուներ, դպրեվանքին մէջ ունեցանք համալսարանաւարտ ուսանողներու յատուկ ծրագիր մը: Սոյն ծրագիրը կ՛օգնէ արդէն իսկ ուսանած երիտասարդներուն, որպէսզի իրենց եկեղեցական կոչումը կեանքի վերածեն:
«Ա.».- Դպրեվանքը նաեւ երկար տարիներ իսկական տուն կ՛ըլլայ հոն յաճախողներուն, ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ ընդհանրապէս, դպրեվանեցիները իրենց ընթացիկ դասերէն դուրս ի՞նչ աշխատանքներ կ՛ունենան, մանաւանդ որ անոնք ապագային պիտի վերադառնան իրենց ժողովուրդի ծառայութեան:
ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ.- Ինչպէս նշեցիք, դպրեվանքը տուն է: Դպրեվանքի մէջ ընտանեկան մթնոլորտ է: Դպրեվանեցիները իրարու հետ կ՛ապրին, կ՛ուսանին, կը խաղան, կը զուարճանան եւ կ՛աշխատին միասին ու միատեղ: Չկայ անձ մը, որ նոյնիսկ մէկ տարիով դպրեվանքէն անցած է եւ անկէ որեւէ դրական ազդեցութիւն եւ յիշատակներ չկրէ: Նոյնիսկ կան արդէն իսկ մեծ հայրիկ դարձած նախկին դպրեվանեցիներ, որոնց ներկայութեան երբ դպրեվանքի նիւթը բացուի, հաճոյքով կը յիշեն երբեմնի դժուար, սակայն միշտ յիշատակներով լեցուն դպրեվանեան տարիները: Այսօր աւելիով դպրեվանքը տուն դարձած է, ուր ամէն իմաստով հոգատարութիւն կը ցուցաբերուի: Բժշկական, հոգեբանական, ընկերային, արտադասարանային, նոյնիսկ իր սաներուն առօրեայ կարիքները դպրեվանքը կը հոգայ: Ունինք մարզասրահ եւ խաղասրահ, որոնք օժտուած են արդիական խաղերով եւ գործիքներով: Ունինք Դպրեվանքի Տիկնանց խորհուրդ, որ զանազան ձեւերով մեզի կ՛աջակցի այս աշխատանքին մէջ: Մթնոլորտն ու իրենց տրուած խրատները ինքնաբերաբար բոլոր դպրեվանեցիները եղբայրական սիրով կը շաղկապէ զիրար:
«Ա.».- «Ազդակ»-ի ճամբով ի՞նչ խօսք, պատգամ կամ կոչ ունիք մեր ընթերցողներուն:
ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ.- Դպրեվանքը սփիւռքեան այնպիսի կեդրոն մըն է, որ պէտք է մնայուն ներկայութիւն դառնայ մեր աղօթքներուն, մտածումներուն, աշխատանքներուն եւ քարոզչութիւններուն մէջ: Առանց դպրեվանքի` կարելի չէ պատկերացնել մեր եկեղեցւոյ ապագան, նոյնիսկ` գաղութներու պահպանման վիճակը, մանաւանդ սփիւռքեան կեանքին մէջ: Այսօր ամէն տեղ հոգեւորական եւ աշխարհական մարդուժի կարիքը կայ: Դպրեվանքը այդ նպատակին եւ առաքելութեան լծուած է: Որքա՛ն մեր առաքելութեան նպաստող մեծաթիւ մարդիկ ըլլան դպրեվանքի շուրջ, այնքան աւելի օգնած կ՛ըլլանք, որ դպրեվանքը իր առաքելութիւնը շարունակէ: Դպրեվանքի մասին պէտք է քարոզչութիւն տարուի, որպէսզի երիտասարդներ քաջալերուին դպրեվանք յաճախելու եւ ապագայ ծառայող դառնալու: Դպրեվանքը կարիքը ունի նաեւ նիւթաբարոյական աջակցութիւն ցուցաբերող հայորդիներու, որպէսզի դպրեվանքին մէջ ուսանողները միայն նուիրուին իրենց կազմաւորման եւ կրթութեան ծրագիրին: Աւելի քան 94 տարիներու վաստակը կը վկայէ, որ այս հաստատութեան հանդէպ ցուցաբերուած ամէն տեսակի խնամք, քաջալերանք եւ նուիրում իր արժէքը կը գտնէ համազգային մակարդակի վրայ: Ձեր վարձքը կատար եւ շնորհակալ ենք, որ ձեր հարթակը տրամադրեցիք մեր սիրելի դպրեվանքին:
Ծանօթ. Դպրեվանքին հետ կապ հաստատելու համար ազնիւ ըլլալ հեռաձայնելու հետեւեալ թիւերուն` 04-980060 եւ 71-912832, եւ խօսիլ հայր Ազատին հետ: