Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքը Եւ Քսանմէկերորդ Դարը

Հոկտեմբեր 15, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՂԻԿ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ-ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ

Սոյն գրութեան վերնագիրը կրնայ շփոթեցնող թուիլ. արդեօք ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կարելի է առնչել արագընթաց եւ յառաջադէմ դար մը` Լիբանանի բարձունքներէն մէկուն վրայ հանգչող, քաղաքի յարաշարժ կեանքի կշռոյթէն կտրուած, չխանգարուող հանդարտութեան մէջ ամփոփուած եւ մարդկային աղմկոտ ու աշխուժ ներկայութենէ անջատուած, հոգեւոր առաքելութեան նուիրուած, առանձնացած կրթական կառոյց մը:

Սկսինք քսանմէկերորդ դարու անդադար զարգացող պայմաններուն յարմարելու եւ ըստ անոնց թելադրած ընթացքին յառաջդիմութիւն արձանագրելու նախապայմաններու թուումով. նախապայմաններ, որոնք այլեւս կրթական-ակադեմական ծրագիրներու եւ մարդ անհատը կեանքի ու ասպարէզի պատրաստելու աշխատանքներուն մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն եւ նոյնիսկ հետզհետէ կը փոխարինեն աւանդական շեշտադրումը` մեծաթիւ գիտելիքներ ամբարելու, մեքենայական վարժութիւններով միտք մարզելու, եւ առաւելաբար կրաւորական դերի մէջ գտնուող ու հետեւողի կարգավիճակ պարզող աշակերտներու կազմաւորման գործընթացներուն վրայ: Դպրոցներ, համալսարաններ, վարժողական ծրագիրներ, վերաորակաւորման դասընթացքներ, կեանքի եւ ասպարէզային հմտութիւններու ձեւաւորման նախագիծներ` բոլորը իրենց կեդրոնացումը ուղղած են հետեւեալ նիւթերուն եւ անոնց առնչակից ունակութիւններու կազմաւորման. քննական մտածողութիւն, հաղորդակցութեան արդիւնաւէտ ձեւեր, հարցեր լուծելու եւ գործակցութեան հմտութիւններ, ստեղծագործ միտք, ինքնաղեկավարում եւ յարատեւող աշխատելաոճ, արհեստագիտական եւ տեղեկատուական աշխարհի լաւ ճանաչողութիւն, նորարար մօտեցումներ, ընկերային, հասարակական եւ քաղաքացիական պատասխանատուութիւն:

Իսկ հիմա փորձենք տեսնել, թէ դպրեվանքը այս բոլորին դէմ յանդիման ինչպիսի՞ գործ կը տանի, ինչի՞ կը ձգտի եւ իր կատարած դաստիարակչական եւ ակադեմական գործունէութիւնը ինչի՞ կը յանգի:

Դպրեվանքի հաւաքական կեանքը իր տարբեր երեսներով` աղօթքի, ճաշի եւ սերտողութեան կանոնաւոր պահերով, տարբեր պաշտօններու եւ պատասխանատուութիւններու բաշխումով ու օրուան աշխատանքները յաջողութեամբ պսակելու համատեղ ծրագրումով, աշակերտներուն մօտ շինիչ հաղորդակցութեան եւ արդիւնաբեր գործակցութեան առիթներ կը ստեղծէ: Դպրեվանեան առօրեան իր դասաւանդումներու եւ հոգեւոր պատրաստութեան բաժիններով, կարգապահ եւ նպատակաուղղուած քայլերու կիրարկումով, ինքնաղեկավարում, յարատեւելու եւ հետեւողական աշխատանքի կամքի պրկում կը սորվեցնէ: Կրթական ծրագիրը իր նիւթերու բազմազանութեամբ` եկեղեցական, հայագիտական, հայերէնագիտական, լեզուներու, գիտական եւ համակարգչային առարկաներու, ընկերային գիտութիւններու ճանաչողական գիտութեամբ յագեցած, մարդկային եւ հայեցի դաստիարակութեան բոլոր հիմքերը կը պարունակէ: Արտադասարանային աշխատանքները, զրոյցները, դասախօսութիւնները, հաճելի ժամանցի պահերն ու խաղերը աշխարհին հետ քայլ պահելու դռները կը բանան:

Այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալու նորագոյն զարգացումները լաւ ճանչնալու, բարոյականօրէն գիտակից կեցուածք որդեգրելու, ազգն ու եկեղեցին լաւապէս ճանչնալու եւ յարգալիր նախանձախնդրութեանբ անոնց յառաջդիմութեան նպաստելու պատրաստակամութիւնը: Աւելի՛ն. քսանմէկերորդ դարու բարիքներուն եւ առաւելութիւններուն ծանօթացման առընթեր, դպրեվանեան մթնոլորտը եւ մշակոյթը աշակերտները կը պաշտպանեն նոյնինքն այս դարուն տարածուող մոլորեցուցիչ երեւոյթներուն եւ յոռի բարքերուն դէմ` երաշխաւորելով անոնց առողջ կազմաւորումը:

Ուրեմն, դպրեվանքն ու քսանմէկերորդ դարը համերաշխ գործակցութեան մէջ են: Դպրեվանքն ու ազգը սերտ եւ արդիւնաւէտ առնչուածութեամբ ձեռք-ձեռքի կը յառաջանան:

Բարի՛ վերամուտ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (5). «Փրկե՛նք» ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղախաղները

Յաջորդը

Սամպոյի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. 2 Արծաթէ Եւ 7 Պրոնզէ Մետալներ Շահեցան Հայաստանի Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?