ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Պատերազմի պայմաններուն մէջ դպրոցներուն դռները բաց պահելը եւ կրթական տարեշրջանին ընթացք տալը պատասխանատու, բայց նաեւ ճշգրիտ որոշում էր, որովհետեւ արդէն իսկ անցնող տարիներու տագնապալի շրջանները` բողոքի ցոյցերէն ժահր ու տեսակաւոր պայթումներ եւ երկրաշարժ, մեծապէս ազդած են նոր սերունդի հանրակրթական կազմաւորման վրայ, եւ որովհետեւ կրթութիւն չստացած սերունդը վտանգ է ամբողջ հաւաքականութեան:
Այստեղ նաեւ պէտք է շեշտել, որ «Քորոնա» ժահրի փուլին փորձարկուած առցանց դասաւանդման եղանակը ընդհանրապէս ապարդիւն էր: Այս հեռակայ միջոցը պարզապէս կը նպաստէ, որ աշակերտը մասամբ անջատուի իր ճնշիչ առօրեայէն եւ պարզապէս դասի մթնոլորտի մէջ ըլլայ: Ատկէ անդին` այլ նպատակի իրականացում կարելի չէ ակնկալել, որովհետեւ փորձը ցոյց տուաւ, որ ուսուցիչ-աշակերտ ֆիզիքական-յարաբերական կապը գլխաւոր գրաւն է յաջողութեան: Իսկ այս պատերազմական փուլին առցանցը առաւել եւս դժուար ընտրանք է, որովհետեւ նախ ծնողներուն մեծ մասը գործի կ՛ըլլայ, հաղորդակցութեան կապի միջոցները առաւել եւս վատ են եւ երբեմն նոյնիսկ անհասանելի եւ երրորդ` պատերազմի հոգեվիճակին մէջ դաս ընելը չի նմանիր տան մէջ մեկուսացած ու ապահով պայմաններու մէջ դաս ընելու գործընթացին:
Տակաւի՛ն, լաւ է, որ սկսան, որովհետեւ վարժարանները փակ պահել` կը նշանակէ նիւթական չապահովել, ծնողներէն գանձումներ չկատարել, եւ երբ մուտք չկայ, ապա հարիւրաւոր ուսուցիչներու ամսաթոշակ ապահովելը վտանգուած կ՛ըլլայ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ ուսուցիչները արդէն գոհացուցիչ հատուցում չեն ստանար:
Քանի մը օր առաջ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու հնչեցուցած ահազանգը արդարացի էր եւ տեղին: Այսօր Լիբանանի կրթական համակարգի անկայունութեամբ նաեւ վտանգուած է հայ դպրոցը, որ խօսքով չի պահուիր, այսպէ՛ս չի գոյատեւեր: Փաստը տարիէ տարի հայ աշակերտութեան թիւի նուազումն է, հայ դպրոցներուն մէջ հայոց լեզու ու պատմութիւն չսորվող աշակերտներու թիւի աներեւակայելի աճն է, հայագիտական դասանիւթերու դասապահերու տարիէ տարի նուազումն է, կազմակերպական-վարչական բացթողումներն են, հայ ուսուցիչ ապահովելու տագնապն է, դիմագիծը պահպանելու խնդիրն է, եւ շարքը կարելի է երկարել ու երկարել:
Մոմը օրէ օր կը հալի, կը հիւծի: Ամբողջական խաւարումին չհասնելու համար պէտք է վերամշակել եւ ի հարկին նորերը ապահովել` նոր շունչով լուսաւոր պահելու համար սփիւռքին սիրտը եւ պայքարող ու չյանձնուող հայու տեսակի դաստիարակութեան կեդրոնը:
12 հոկտեմբեր 2024


