Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Բողոքի Ցոյց` Պաքուի Մէջ Բանտարկուած Արցախի Նախկին Ղեկավարները Եւ Միւս Գերիները Ազատ Արձակելու Պահանջով
Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի նախկին ղեկավարները եւ միւս հայերը ազատ արձակելու պահանջով քաղաքացիներ 11 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ բողոքի ցոյցեր կատարեցին ՄԱԿ-ի գրասենեակին, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ երեք դեսպանատուներու շէնքերուն առջեւ:
«ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի նախաշեմին հանդէս գալ` Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդառուած անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, անոնց ազատ արձակման եւ անյայտ կորած բոլոր մարդոց ճակատագիրները պարզելու ուղղութեամբ Ազրպէյճանին ուղղուած հրապարակային պահանջով», ըսաւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան` աւելցնելով. «Հրապարակային քայլեր ձեռնարկել Արցախի ժողովուրդին միջազգայնօրէն ճանչցուած վերադարձի իրաւունքի իրացման համար, իրացման հարցը միջազգային բանակցութիւններու օրակարգ վերադարձնելու եւ միջազգային գործնական գործիքակազմերու ներդրման ուղղութեամբ` իբրեւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման կարեւորագոյն բաղադրիչի»:
Երեւան, ըստ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն, բաւարար քայլերու չի ձեռնարկեր գերիներու ազատ արձակման համար: Պաշտօնական տուեալներով, Ազրպէյճանի մէջ այժմ 23 հայեր կը գտնուին գերութեան մէջ, անոնցմէ 8 անձեր Արցախի ռազմա-քաղաքական նախկին ղեկավարներն են:
«Բոլոր տեղերէն թէ՛ պաշտօնապէս, թէ՛ ոչ պաշտօնապէս կը ստանանք պատասխաններ` «Ձեր պետութիւնը այդ հարցով նախանձախնդիր չէ, ի՞նչ կը պահանջէք մեզմէ»: Ցաւօք սրտի, այդ պատասխանին, այդ խօսքերուն այլեւս դժուար է հակադարձել», նշեց Արցախի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան:
Ցոյցը կազմակերպողները Մոսկուայէն պահանջեցին յայտնաբերել Ազրպէյճանի յարձակումին եւ վառելիքի պահեստի պայթումին պատճառով անհետ կորսուած առաւել քան 30 արցախցիներու ճակատագիրը եւ վերադարձնել գերիները: Անոնք շեշտեցին, որ Ազրպէյճան Արցախի վրայ յարձակեցաւ եւ Արցախ հայաթափ եղաւ ռուս խաղաղապահներուն աչքին առջեւ:
«Ի տարբերութիւն Ֆրանսայի` Ռուսիան կը գտնուէր այնտեղ, երբ 19 սեպտեմբեր 2023-ին Ազրպէյճանը հերթական յարձակում գործեց Արցախի ժողովուրդին վրայ, եւ պէտք է փաստենք նաեւ այն հանգամանքը, որ այսօր Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող 23 ռազմագերիներէն 18-ը գերեվարուած են Արցախի մէջ այն ժամանակ, երբ Արցախի մէջ տեղակայուած եղած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը, որուն համար այս կը շեշտադրեմ` ընդգծելու համար այն կարեւոր դերը, որ Ռուսիան կրնայ եւ պէտք է ստանձնէ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձին համար», ըսաւ Ստեփանեան` աւելցնելով. «Կը խնդրեմ, որ կարելիութիւն ընձեռուի, օրինակ, պայթիւնի վայրին կամ տարբեր մարտական դիրքերու մէջ նոր որոնողական աշխատանքներ իրականացնելու: Հարազատներուն մօտ բնական, առարկայական այն ակնկալիքը կայ, որ այս հարցին մէջ յատկապէս մեծ դերակատարութիւն կրնայ ստանձնել Ռուսիան»:
Ցոյցերը կազմակերպողները յայտնեցին, որ կը դիմեն Ռուսիոյ` պահանջելով, որ թոյլ չտայ Արցախի իշխանութեան խայտառակ դատավարութեան: «Կը դիմեմ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին եւ հայ ժողովուրդի դարաւոր բարեկամ Ֆրանսայի ժողովուրդին. այն ողբերգութիւնը, որ ապրած է Արցախի ժողովուրդը, տեսած է միջազգային հանրութիւնը, որոնց շարքին` Ֆրանսան: Մենք շնորհակալ ենք Ֆրանսային այն հայանպաստ եւ արցախանպաստ յայտարարութիւններուն եւ բանաձեւերուն համար, որոնք արձանագրուած են մանաւանդ վերջին մէկ տարուան ընթացքին: Ընդունելով հանդերձ այդ սրտահաճոյ փաստաթուղթերը, մենք այնուամենայնիւ դժգոհ ենք, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը խօսքէն չէ անցած գործի, իբրեւ գերտէրութիւն, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի անդամ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ պետութիւն` գործուն միջոցներ չի կիրարկեր` Ազրպէյճանը սաստելու, զսպելու, անոր ցեղասպանական քայլերը դատապարտելու ուղղութեամբ», ըսաւ երկու նահատակներու հայր Միքայէլ Հաջեան:
Պաքուի մէջ պահուող գերիներուն հարազատները եւս միացան ցոյցին: Անոնք տակաւին իրենց յոյսը չեն կորսնցուցած, անոնք կարելի կը նկատեն Ազրպէյճանէն վերադարձնել իրենց զաւակները եւ ամուսինները:
Ցոյցին մասնակցողները հաւաքուեցան նաեւ Ֆրանսայի ու Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն առջեւ եւ իրենց պահանջներով նամակներ յանձնեցին դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն: «Միացեալ Նահանգներու կողմէ պարտադիր կերպով պէտք է ընդունուին գործողութիւններ, որոնք ուղղուած կ՛ըլլան մինչեւ 2024 թուականի նոյեմբեր ամիսը, մինչեւ ՔՈՓ 29 համաժողովը ազատ արձակելու ապօրինաբար պահուող մեր ռազմագերիները եւ պատանդները», ըսին ցոյցերուն մասնակցողները:
Բացում Արշալոյս (Աւրորա) Մարտիկանեանի Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Նուիրուած Յուշակոթող–Քանդակին
30 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Արշալոյս (Աւրորա) Մարտիկանեանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշակոթող-քանդակին բացման արարողութիւնը Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի յարակից այգիին մէջ` «Աւրորա» մարդասիրական միութեան նախաձեռնութեամբ: Բացման արարողութեան յաջորդեց մրցանակի արժանացած «Աւրորայի լուսաբացը» գծանկարային-վաւերագրական ժապաւէնին յատուկ ցուցադրութիւնը, որ կը պատմէ Մարտիկանեանի` դէպի մեծ պաստառ արտասովոր ուղիին մասին:
Աւրորա Մարտիկանեան երիտասարդ աղջիկ էր, որ անցնելով Հայոց ցեղասպանութեան սարսափներուն մէջէն` կրցաւ նոր կեանք սկսիլ Ամերիկայի մէջ: Ան դարձաւ համր շարժապատկերի դարաշրջանի հոլիվուտեան աստղ եւ բարերար: Անոր պատմութիւնը խորապէս յուզած էր Նուպար Աֆէեանը, Վարդան Գրեգորեանը եւ Ռուբէն Վարդանեանը, որոնք 2015 թուականին որոշեցին ի պատիւ անոր անուանակոչել «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը, որ ստեղծուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունով եւ ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն:
Յուշակոթող-քանդակը յարգանքի տուրք է նաեւ 1915-1923 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն: Յուշարձանին ի պահ տրուած է Աւրորա Մարտիկանեանի` Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ գտնուող ընդհանուր գերեզմանէն վերցուած հող եւ Տէր Զօրի անապատի զոհերու մասունքէն բերուած Լիբանանի մէջ գտնուող Կիլիկիոյ թեմի Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձան-մատուռէն:
«Իբրեւ հայ` ինծի համար մեծ նշանակութիւն ունի այս յուշակոթող-քանդակը: Այն կ՛արտայայտէ մեր երախտագիտութիւնը Աւրորա Մարտիկանեանին եւ մեր ուրախութիւնը, որ ան վերջապէս տուն վերադարձաւ», յայտնեց թատերագէտ եւ երգահան Մարինէ Ալեսը, որ իբրեւ «Աւրորա»-ի ստեղծագործական խորհուրդի նախագահ` իր առաջնորդութեամբ եւ տեսլականով օգնած է կեանքի կոչել այս գաղափարը:
«Յուշակոթող-քանդակը նաեւ մեր յարատեւ յիշողութեան եւ յարգանքի խորհրդանիշն է: Ես խորապէս կը հաւատամ, որ մենք պատասխանատուութիւն ունինք յաջորդ սերունդին առջեւ` փոխանցելու անոնց համամարդկային արժէքներ, յատկապէս այսօր, երբ աշխարհը կանգնած է մեծագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ», հաղորդեց ան:
Երկկողմանի յուշակոթող-քանդակի հեղինակը իտալահայ քանդակագործ Վիգէն Աւետիսն է: Յուշակոթող-քանդակը կ՛արտացոլացնէ Աւրորա Մարտիկանեանի կեանքը` անոր անցած ճանապարհը Ցեղասպանութեան վայրագութիւններուն մէջէն եւ անոր փրկութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ: Քանդակին մէկ կողմը պատկերուած են կիներ, որոնք կը տառապին Տէր Զօրի անապատի ճանապարհներուն. անոնց մէջ է երիտասարդ Աւրորան: Քանդակի ճակատային մասին մէջ ան կ՛առանձնանայ` իբրեւ կին, որ յաղթեց մահուան եւ իր պատմութիւնը պատմեց աշխարհին` սերունդներուն համար դառնալով խիզախումի եւ վերապրումի մարմնացում: Քանդակին երկու կողմերը միաձոյլ չեն. անոնց միջեւ հեռաւորութիւնը թոյլ կու տայ, որ լոյսի եւ ստուերի միջոցով միահիւսուին Աւրորայի կեանքի երկու փուլերը:
«Այս քանդակին ստեղծումը բարդ եւ միաժամանակ խորապէս ոգեշնչող մարտահրաւէր էր, ուստի ինծի համար ե՛ւ խոնարհում ե՛ւ պատիւ է ներկայացնելը զայն այսօր», ըսաւ Վիգէն Աւետիս` շարունակելով. «Նուիրուած ըլլալով սքանչելի Արշալոյս Մարտիկանեանին` այս յուշարձանը նշանակալիօրէն կը համալրէ Երեւանի մարդասիրական պատկերը` իբրեւ խիզախութեան, փրկութեան եւ յարատեւ յոյսի վկայութիւն: Ես յաւերժ երախտապարտ եմ այս ոգեշնչող նախագիծին մասնակիցը ըլլալուս համար»: Ան նաեւ նշեց, որ երբ իրեն առաջարկած են հեղինակել այսպիսի յուշակոթող, ինք խնդրած է ստեղծագործական ազատութիւն: Քանդակագործը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգնած կամ խանգարած են քանդակ-յուշակոթողի ստեղծումը:
Բացման արարողութեան ներկայ էին եւ խօսքեր արտասանեցին` արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեանը, «Աւրորա»-ի համահիմնադիր Նուպար Աֆէեանը, UWC Դիլիջան միջազգային դպրոցի հիմնադիր-գործընկեր եւ Կառավարիչներու խորհուրդի նախագահ Վերոնիքա Զոնապենտը, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան խորհուրդի անդամներ Աննա Աֆէեանը, Էրիք Էսրայելեանը եւ Արման Ճիլաւեանը: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներ:
Նուպար Աֆէեան եւ Վերոնիքա Զոնապենտ իրենց խօսքերուն մէջ յիշեցին նաեւ Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ գտնուող գերիները եւ մասնաւորապէս Ռուբէն Վարդանեանը, որ մէկ տարիէ ի վեր Պաքուի բանտին մէջ կը գտնուի:
Յուշակոթող-քանդակին հանդիսաւոր բացումը կատարեցին Վերոնիքա Զոնապենտը եւ Աննա Աֆէեանը` միանալով «Աւրորա»-ի` մարդասիրութեան եւ երախտագիտութեան կոչին:
Հանդիսութեան մաս կազմեց նաեւ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» մանկական երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Տիգրան Հեքեքեանի: Ձեռնարկին ընթացքին Կոմիտասի թանգարանին մէջ ցուցադրուեցաւ նաեւ «Աւրորայի լուսաբացը» յայտնի ժապաւէնը:
Յատուկ այս առիթով Մատենադարանէն դուրս բերուեցաւ 21-րդ դարուն ստեղծուած առաջին` «Մատեան մարդասիրաց» ձեռագիրը: Ցուցադրութեան ներկայացուեցաւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան պատմութեան եւ գործունէութեան նուիրուած այս իւրօրինակ ձեռագրին վերջին էջը` նորաբաց յուշակոթող-քանդակի պատկերով:
Հրատարակուեցաւ «Զահրատ 100 Բանաստեղծութիւն» Խորագիրով Ժողովածուն
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնի համագործակցութեամբ, վերջերս լոյս տեսաւ «Զահրատ 100 բանաստեղծութիւն» ժողովածուն, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 10-ին Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան: «Զահրատի բանաստեղծութիւնը նշանաւոր է երեք կարեւոր հանգամանքներով: Նախ, որ այն պարզ է, մաքրամաքուր ու անպաճոյճ: Երկրորդ` Զահրատ ստեղծած է պատմողական բանաստեղծութիւն, եւ երբ կը կարդանք զայն, կարծես հեքիաթ է: Երրորդ առանձնայատկութիւնը այն է, որ Զահրատ բանաստեղծութեան մէջ ստեղծած է կերպարներ, որոնք համամարդկային են», իր խօսքին մէջ շեշտեց ան` առանձնացնելով Զահրատի իւրայատուկ տողն ու գիրը պոլսահայ գրականութեան մէջ:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով ներկաները ողջոյնի խօսք յղեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, որ ըսաւ. «Զահրատը մեզի համար նաեւ ժամանակի պատմագիր է ու վկայ: Եւ այս իմաստով շատ կարեւոր է, որ հրատարակելով այս գիրքը` կարողանանք այդ ժառանգութիւնը փոխանցել այսօրուան ու վաղուան սերունդներուն»:
Զահրատ բանաստեղծի մասին իր սրտի խօսքը ըսաւ գրականագէտ, սոյն ժողովածուի կազմող Սուրէն Դանիէլեան: Ան շեշտեց, որ Զահրատ կը գրէր մարդու մասին` տառապող մարդուն մասին: «Կը յիշեմ անոր պատկանող նշանաւոր մէկ արտայայտութիւնը` թախծոտին կեանք ու խինդ, իսկ մեռնողին`յիշատակի զօրութիւն: Զահրատ մեր բանաստեղծութեան համար բերաւ այդ կեանքն ու խինդը: Զահրատ նաեւ վերադարձուց Պոլսոյ իր առաջնային դերը, եւ ան դարձաւ նոր արթնութեան նշան», շեշտեց Դանիէլեան ու շարունակեց` նշելով, որ բոլորս ալ Զահրատի ստեղծագործութիւններուն տիպարներն ենք` տառապող, մենութիւն ու երկուութիւն ապրող մարդու տեսքով: Ուստի Զահրատ կ՛ապրի բոլորիս մէջ:
Խօսքեր արտասանեցին նաեւ` գիրքի խմբագիր, գրականագէտ Քնարիկ Աբրահամեանը, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանը, գրականագէտ Նոնա Դաւթեանը:
Շնորհահանդէսի ժամանակ Զահրատի երգի վերածուած բանաստեղծութիւնները մեկնաբանեց ամերիկահայ երգիչ, թարգմանիչ Պերճ Թիւրաբեանը: Բանաստեղծի ստեղծագործութիւններէն կարդացին դերասան Արամ Կոստանեանը եւ ասմունքող Գայեանէ Սամուէլեանը: Շնորհահանդէսը ամփոփուեցաւ գրադարանի տնօրէն Ռուզաննա Բարսեղեանի խօսքով:
Հաղորդենք, որ գիրքը լոյս ընծայուած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արեւիկ Գաբրիէլեանի հովանաւորութեամբ, որուն միացան նաեւ` Պերճ եւ Անահիտ Թիւրաբեանները, Արթօ եւ Զապէլ Խրիմեանները եւ Լենա Օհաննէսէան-Սթրիթըրը:
«Օրեր» Եւրոպական Ամսագիրի 25-Ամեակի Նշում Երեւանի Մէջ
1999 թուականին Կովկաս-արեւելեան Եւրոպայի կեդրոնը` Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ ծնունդ առած «Օրեր» եւրոպական անկախ ամսագիրին հիմնադիրներն են լրագրողներ Յակոբ Ասատրեանն ու անոր կինը` Աննա Կարապետեանը, որոնք Երեւանէն Փրակա փոխադրուած են: «Օրեր»-ը Եւրոպայի մէջ գործող միակ արեւելահայերէն հանդէսն է, որ եռամսեայ պարբերականութեամբ կ՛անդրադառնայ եւրոպական բոլոր երկիրներու հայկական համայնքներու պատմութեան, ինչպէս նաեւ իր ուշադրութեան կիզակէտը կը դարձնէ Հայաստանն ու Արցախը:
25 սեպտեմբերին Երեւանի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ նշուեցաւ «Օրեր» ամսագիրի 25-ամեակը` ներկայութեամբ պարբերաթերթին հետ այս կամ այն ձեւով կապ ունեցող մտաւորականներու, արուեստագէտներու եւ այլ հիւրերու:
Ձեռնարկին ներկայ էր ու սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դեսպան Փեթր Փիրունչիքը, որ կարեւոր նկատեց թերթին դերը հայ-չեխական յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:
Չեխիոյ մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Տիգրան Սէյրանեանը յիշեց, որ 10 տարի առաջ Փրակայի Քաղաքային գրադարանին մէջ նշուեցաւ «Օրեր»-ու 15-ամեակը, իսկ արդէն անիկա տասը տարի եւս գործելով` կը նշէ իր 25-ամեակը:
«Օրեր»-ի անցած ուղին արժեւորեց գրող, սփիւռքագէտ, ամսագիրի հեղինակներէն Արծուի Բախչինեանը, ինչպէս նաեւ իր ջերմ խօսքը արտասանեց սիրուած սոփրանօ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Յասմիկ Պապեանը: Ձեռնարկը վարեց «Ազգ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանը:
«Օրեր»-ը ունի նաեւ կայքէջ եւ Դիմատետրի էջ, բայց կը շարունակէ նաեւ իր աւանդական հրատարակութիւնը:
Սրտի խօսքեր արտասանեցին նաեւ թերթի խմբագիրները` Յակոբ Ասատրեանը եւ Աննա Կարապետեանը, որոնք շեշտեցին, որ վճռական են շարունակելու այս աշխատանքը եւ անխափան լոյսին բերելու թերթը: