Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (7). Անհատներով Չպայմանաւորուած Գործը Կանգ Չ՛առներ

October 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի դէմ իսրայէլեան ահաբեկչական գործողութիւնը, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան մարտական թեւի շարք մը ներկայացուցիչներու ահաբեկումները շատերու համար Դիմադրութեան մահազդն էր: Իսրայէլի բնակչութեան հրճուանքը գագաթնակէտին հասած էր, Նեթանիահուն համոզուած էր, որ վերջապէս «բան մը ըրաւ», իսկ Լիբանանի մէջ շատեր ցնծութիւն կ՛ապրէին, եւ եթէ չվախնային, անպայման հրավառութիւն ալ կը կատարէին:

Լիբանանի թշնամիներուն ունեցած ծովային, ցամաքային, օդային-արբանեակային արդիական սարքերը դուրսի պատկերը կը ներկայացնեն, մինչ անոնք ծանօթ չեն կուսակցութեան կազմակերպական-գաղափարական դրուածքին, շարքերու հոգեկան-մտային ամրութեան ու գաղափարական կառչածութեան, եւ ամէնէն կարեւորը` անհատներով չպայմանաւորուած ըլլալու աշխատանքային եղանակին ու մնայուն փոխանորդներ ունենալու «ընթացիկ» գործընթացին:

Շուտով «քէֆ» ընողները հիասթափութիւն ապրեցան, երբ Հըզպալլա ոչ միայն սաստկացուց գործողութիւնները, այլ յստակ թիրախներ հարուածեց եւ կասեցուց հարաւային Լիբանան ներխուժման բոլոր փորձերը: Կուսակցութեան շարք մը առաջնորդներու նահատակութիւնը Դիմադրութեան տղոց յուսախաբութեան եւ յանձնուողականութեան փոխարէն` տուաւ առաւել եռանդ ու ներուժ, կամք ու կորով` հետեւելու ղեկավարի ուղիին:

Օրեր անց կազմակերպութիւնը յաղթահարած էր տագնապը  եւ կատարած` նոր նշանակումներ ու դասաւորումներ: Վստահաբար այս չի նշանակեր, որ անհատները դեր չունին եւ պէտք չէ ունենան կազմակերպութեան մէջ, ընդհակառակը, սակայն այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ, որ անհատներով պայմանաւորուած չէ գործը: Այո՛, սէյիտ Նասրալլան այնքա՛ն սիրուած, յարգուած եւ պաշտամունքի առարկայ դարձած ղեկավար էր, որուն կորուստը մինչեւ այսօր մեծ զանգուած մը չ՛ընդունիր, եւ շատեր ալ կը հաւատան, որ «յարութիւն» պիտի առնէ:

Այո՛, ա՛յն կազմակերպութիւնը, որուն ղեկավարութիւնը անձով կամ անձերով չեն պայմանաւորուած, որուն մէջ մարդուժի պատրաստութիւնը մնայուն գործընթաց է, եւ որուն համոզմունքով ու հաւատքով կը հետեւին շարքերն ու հաւաքականութիւնը, ապա ոչ մէկ տեսակի հրթիռ կրնայ կասեցնել սլացքը:

Հըզպալլան ժողովրդային կուսակցութիւն է, ու այս պատերազմը ցոյց տուաւ, որ կուսակցութիւնը հաւաքական ղեկավարութեամբ առաջնորդուող կառոյց է, եւ «փոխերուն փոխերը» ունի, եւ այնքան ատեն որ կուսակցութեան թիկունքին կանգնած պայքարող ու մարտունակ ժողովուրդը կը շնչէ, ապա նասրալլաներու շունչը պիտի ապրի` ուզեն կամ չուզեն:

16 հոկտեմբեր 2024

Նախորդը

Նշմար Նոպէլեան Մրցանակի Դատակազմը… Գինո՞վ Է

Յաջորդը

Դպրեվանքը` Բոլորիս Տունը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.