ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Գաղտնիք մը չէ բնաւ, որ Լիբանանի անկախութեան վաղորդայնէն գերիշխան պետականութեան կայացումը անհասանելի երազ դարձած է լիբանանցիներուն համար: «Հայրական», «մայրական», «եղբայրական» ստնտուներու հոգատարութեան տակ սնանող Լիբանանը լաւագոյնս կը մարմնաւորէ աւազի վրայ հիմնուած միջինարեւելեան պետութեան տիպարը: Լիբանանի վերջին պատերազմը ամէնէն վառ հաստատումն է այս իրողութեան:
Արաբական լիկայի հիմնադիր անդամներէն Լիբանանը դարձաւ միջարաբական տարակարծութիւններու եւ հակամարտութիւններու գլխաւոր թատերաբեմը: Ընդամէնը 10.452 քառ. քմ-ի վրայ տարածուած եւ տասնութ համայնքներէ բաղկացած Լիբանանը նոյեմբեր 1969-ին կնքուած Գահիրէի տխրահռչակ համաձայնագիրին պատճառով մանրադրամ կը ծառայէ իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան մէջ: Պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ եւ անոնցմէ դուրս ապօրինի զէնքի առկայութիւնը, արաբական եւ օտար երկիրներէ հոսող անսահման տնտեսական եւ ռազմական օժանդակութիւնը երկիրը ներքաշեցին Իսրայէլ-արաբական աշխարհի անվերջ բախումներուն մէջ: Իսկ անցնող տասնամեակներուն, քաղաքական անկայունութիւնը ածանցուեցաւ Իրան-Իսրայէլ հակամարտութեան բաղադրիչներով:
Այսօր ի՞նչ մնացած է Իսրայէլի դէմ արաբական աշխարհի հռչակաւոր երեք «ո՛չ»-երէն, երբ ոմանք դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած են եբրայական պետութեան հետ: Ուրիշներ կարգի կեցած են… Պաղեստինեան հարցը առաջնայնութիւն չի ներկայացներ արաբական աշխարհին համար: Պաղեստինեան պետականութեան գաղափարը անդամալուծուած կը մնայ յորդորներու եւ բարեմաղթանքներու պարունակին մէջ: Նոյնիսկ յստակ պատկերացում գոյութիւն չունի Իսրայէլ-Պաղեստին կողք-կողքի երկու պետութեան տարազին շուրջ:
Արաբական աշխարհի անձնատուութեան պատճառով Իրան կը յաջողի իրեն յարմար ուղեգիծով ուղղորդել Միջին Արեւելքի հակամարտութիւնը: Արաբական աշխարհը կ’ապրի խոր ճգնաժամ: Ի՞նչ է այսօր արաբական աշխարհին յստակ կեցուածքը (եթէ այդպիսին գոյութիւն ունի) իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան շուրջ: Պառակտումը եւ անմիաբանութիւնը ամէնէն մեղմ գնահատականներն են` բնորոշելու արաբական աշխարհի մերօրեայ իրավիճակը: Ինչո՞ւ լուռ է Արաբական լիկան…
Ինչպէս 2006-ի Իսրայէլ-Հըզպալլա պատերազմը, այնպէս ալ այսօրուանին ետին կը քննարկուին բաւական թաքուն ծրագրեր` պայքար յանուն Միջին Արեւելքի բնական հարստութիւններուն, Ասիա-Իսրայէլ-Եւրոպական Միութիւն տնտեսական նոր ճանապարհներու ստեղծում, պաղեստինցիներու ամբողջական տարհանում իրենց պատկանած հողերէն, վերջնականապէս պաղեստինցիներու բնակեցում Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ, Իրանի ազդեցութեան թուլացում…
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քուէարկուած թիւ 1701 բանաձեւը վերջակէտ դրաւ Իսրայէլ-Հըզպալլա 2006 թուականի պատերազմին: Բանաձեւը կողմերը հրաւիրեց անհրաժեշտ եւ շտապ կերպով վերացնելու ճգնաժամին (պատերազմ) պատճառները: Լիբանան յանձնառու կը մնար երկրի ողջ տարածութեան վրայ տարածել եւ ամրապնդել պետութեան գերիշխանութիւնը: Բանաձեւը Իսրայէլէն կը պահանջէր Լիբանանի սահմաններէն դուրս բերել զօրքերը:
Անվտանգութեան գօտիին մէջ կրկնապատկուեցաւ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու թուաքանակը: Իսրայէլ ջնջեց Լիբանանի շրջափակումը: Իսրայէլեան զօրքերու հեռացումը աւարտեցաւ 1 հոկտեմբերին:
Այսուհանդերձ, հակամարտութեան երկու կողմերը անմիջապէս մերժեցին բանաձեւին պայմանները: Եբրայական պետութիւնը` ի լուր բոլորին, յայտարարեց, թէ մեկնելով իր անվտանգութեան շահերէն` իսրայէլեան օդուժը պիտի շարունակէ Լիբանանի օդային տարածութեան վրայ իր թռիչքները (հակառակ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին, որ կը բացառէ նմանատիպ գործողութիւններ): Իսրայէլ իր քայլերը կ՛արդարացնէր այն պատճառաբանութեամբ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած Հըզպալլայի զինեալները շարունակաբար զէնք եւ զինամթերք կը ստանային` խախտելով ՄԱԿ-ի վերոյիշեալ բանաձեւը:
Հակառակ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն բողոքներուն` Իսրայէլ ամէնօրեայ դրութեամբ շարունակեց օդային, ծովային եւ ցամաքային ուղղութիւններով անտեսել թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը: Հըզպալլա պատրուակելով Իսրայէլի ամէնօրեայ խախտումները` շարունակեց զինուիլ: Փաստօրէն թիւ 1701 բանաձեւը ծնաւ թերաճ: Անոր գործադրութիւնը մնաց թուղթի վրայ…
Հարաւային Լիբանան տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը բազմիցս զգուշացուցած է Իսրայէլը` անոր խախտումները արգիլելու նպատակով ՄԱԿ-ի մէջ նոր բանաձեւի մը քուէարկութեամբ:
Դժբախտաբար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ պաղեստինեան հարցին վերաբերեալ միտումնաւոր կեցուածքները, Իսրայէլի անվտանգութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելով, անոր կատարած վայրագութիւնները եւ մնայուն խախտումները պաշտպանելու Միացեալ Նահանգներու անվերապահ զօրակցութիւնը Բաբելոնի աշտարակի մը վերածած են աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր բեմահարթակը: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, ճակատագրական որոշումներու պարագային, թերացումներ կ՛արձանագրէ, վեթոյի իրաւունքը օգտագործելով` կ՛անտեսէ իրաւատէրը, կը պաշտպանէ յանցագործը: Իրաւունքի փոխարէն` ուժի օրէնքն է գործողը: Իրաւունք, արդարութիւն, բարոյական արժեչափեր… երէկի պատկանող բառեր դարձած են պարզապէս: Պաղեստինեան հարցը, Արցախի հակամարտութիւնը ամէնէն վառ օրինակներէն են այս դառն իրականութեան:
Ի՞նչ կ’ակնկալուի ՄԱԿ-էն, երբ յանձնառու երկիրներ կը զլանան գործադրելու այն որոշումները, որոնք չեն համապատասխաներ իրենց շահերուն, անգամ եթէ այդ որոշումները ստիպողական եւ կամ անմիջական գործադրութեան բնոյթ կրեն:
Ի վերջոյ, մինչեւ ե՞րբ տարագիր պիտի մնայ պաղեստինցի ժողովուրդը… 1947-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց թիւ 181 բանաձեւը, որուն հիմամբ որոշուեցաւ բաժնել Պաղեստինը: Որոշումը անմիջապէս գործադրուեցաւ` հակառակ այն իրողութեան, որ ստիպողական չէր անոր գործադրութիւնը: Իսկ 1948-ին որդեգրուած թիւ 194 բանաձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէր պաղեստինցի գաղթականներու անմիջական տունդարձին, մնացած է թուղթի վրայ եւ եօթանասունվեց տարիներէ ի վեր կը սպասէ իր արդար գործադրութեան:
Այլ օրինակ մը. 1978-ին Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց թիւ 425 բանաձեւը` հրահանգելով իսրայէլեան զօրքերու անմիջական հեռացումը հարաւային Լիբանանի բռնագրաւուած տարածքներէն: Բանաձեւը միայն 22 տարի ետք գործադրուեցաւ:
Անհրաժեշտ է, որ ՄԱԿ-ը դառնայ միջազգային ընտանիքի տեսակէտները արտայայտող ամպիոնը: Բազմաթիւ ժողովուրդներ կը մնան զրկուած` իրենց տարրական իրաւունքներէն: Այո՛, ՄԱԿ-ը արմատական բարեկարգութիւններու կը կարօտի այսօր: Անհրաժեշտ է որդեգրել աւելի թափանցիկ, ժողովրդավար եւ հաւասարակշռուած օրէնքներ ու որոշումներ:
Կազայի եւ Լիբանանի դէմ պատերազմները անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը կը մնայ Միջին Արեւելքի ամէնէն սուր օրակարգը: Հըզպալլա եւ Համաս անուններ են պարզապէս: Վաղը այլ կազմակերպութիւններ կրնան փոխարինել զանոնք: Հակամարտութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ լուծում չի տրուիր պաղեստինեան հարցին:
Այս բոլոր իրողութիւնները հաշուի առնելով` Լիբանան դատապարտուած է մնալու Միջին Արեւելքի ամէնէն փխրուն օղակը: