Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Շառոյեանի «Հերկ Եւ Բերք» Գիրքին Շնորհանդէսը Գրական Մտորումներու Երեկոյի Վերածուեցաւ

Հոկտեմբեր 15, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1940-ականներուն Գարեգին Յովսէփեանց մեծանուն հայրապետը կոչ ուղղած էր Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Հոկտեմբեր ամիսը մշակոյթի ամիս հռչակելու, յորդորելով որ մեր եկեղեցիներէն ու սրահներէն ներս փառաբանուի հայ մշակոյթը եւ մեծարուին մշակոյթի սպասարկուները։

Այս յորդորը տարիներէ ի վեր իր արձագանգը կը գտնէ Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս. այս առիթով կը կազմակերպուին մէկէ աւելի ձեռնարկներ։

Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբը նոյն առիթը նկատի ունենալով կազմակերպեց հայ դպրութեան սպասարկու, հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեանի «Հերկ եւ Բերք» նորատիպ գիրքին շնորհանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ,11 Հոկտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, Հալէպ։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի հովանաւորութիւնը վայելող հանդիսութեան Առաջնորդին կողքին ներկայ էին Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հայր Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքապետի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի պատասխանատու գնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեան,  Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, «Գանձասար»-ի խմբագրութեան եւ հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ գրասէր պատկառելի շրջանակ մը։

Հանդիսավար Թամար Գազանճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սեւան Ազարիկեան բացման իր խօսքով անդրադարձաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, որ շարժառիթը հանդիսացած էր Շառոյեանի նորատիպ գիրքի շնորհանդէսի կազմակերպման՝ խրախուսելու հայ գիրքն ու գրողը։

Ներկաները այնուհետեւ դիտեցին հեղինակին գործերն ու աշխատութիւնները ծանօթացնող տեսերիզ մը, զոր  մեկնաբանեց Գարօլին Քիւրքլեան։

Գեղարուեստական բաժինը ջերմացուց երեկոն՝ հայկական երգարուեստէն գոհարներ վերապրեցնելով։ Արդարեւ, Բիւզանդ Պէպէճեան մեներգեց «Որք Զարդարեցին» շարականը, երգեհոնի  ընկերակցութեամբ Յակոբ Քիւրքճեանի, իսկ Արգինա Շէօհմէլեան մեներգեց «Մնանք Հայ»-ը։

«Հերկ եւ Բերք» գիրքը համապարփակ ձեւով  ներկայացուց բանասէր, Հայագիտական հիմնարկի դասախօս Աւօ Գաթրճեան, որ անդրադարձաւ  տարբեր ժամանակներու մէջ հրատարակուած գիրքերու առնչուող հեղինակին  գրադատական յօդուածներուն, բանասիրական, մշակութաբանական եւ վերլուծական էջերուն, անոնց խորքին ու իւրայատուկ ոճին, ապա նաեւ գրական-բանասիրական գործերու նկատմամբ հեղինակին ճաշակին, ըմբռնումներուն եւ դատումներուն, մէջբերելով որոշ հատուածներ ու բարձր գնահատելով հեղինակին գրական եւ ազգային հայեացքները։

Այնուհետեւ հեղինակ Լեւոն Շառոյեան իր սրտի խօսքը արտասանելով շնորհակալութիւն յայտնեց նախ սրբազան հօր, որ ոչ միայն պարտաճանաչ ներկայութիւն կը բերէ համայնքի բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն, այլեւ նոյն ժրաջանութեամբ գիրք կը հրատարակէ, փաստօրէն միայն 2024 տարուան մէջ հայացուցած, աշխատասիրած եւ հեղինակած է հինգ գիրքեր։ Ապա Շառոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժինին, որուն մեկենասութեամբ հրատարակուած էր հատորը 2024-ին, աւելցնելով որ գիրքը հրատարակութեան համար ճամբայ ելած էր 2011-ին, սակայն Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով հրատարակութիւնը ակամայ յետաձգուած էր։ Հեղինակը  շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ գիրքը ներկայացնող իր գրչընկերոջ՝ Աւօ Գաթրճեանին, ինչպէս նաեւ շնորհանդէսը կազմակերպող մարմինին։

Շառոյեան դիտել տուաւ, որ շնորհանդէսի մը կազմակերպումը պէտք չէ դիտել սոսկ գիրքին բովանդակութիւնը կամ հեղինակը ներկայացնելու շրջագիծին մէջ, այլ անհրաժեշտ է անդրադառնալ անոր խորհուրդին։ Այս իմաստով  օրինակ մը բերելով Շառոյեան ըսաւ. «Ինծի համար շնորհանդէսը առաջին հերթին ներկայ օրերուն սղագին ապրանքի մը վերածուած թուղթին փառքն է, տպագիր գործի մը փառաբանանքն է, որովհետեւ ինչ որ տպագիր է մնայուն է, իսկ ինչ որ բերանացի կ՚արտայայտուի կ՚անէանայ, կը կորսուի։ Ինծի համար շնորհանդէսը տուեալ գիրքին մէջ գործածուած լեզուին, այս պարագային՝ արեւմտահայերէնին նկատմամբ յարգանքի ցուցանիշ է։ Աւելին՝ մտաւորական ճիգի, քրտինքի արժեւորումն է եւ տակաւին ողջոյն մըն է ուղղուած հեռաւոր դարեր, մինչեւ Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ եւ բոլոր թարգմանիչ վարդապետները, որոնք հիմնական ջատագովներն ու պաշտպանները հանդիսացան հայ դպրութեան»:

Օրուան եզրափակիչ խօսքը ներկաներուն ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Արք. Աշգարեան, որ անդրադարձաւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդին,  յատկապէս տպագիր գիրքի ընթերցման առթած հոգեւոր հաճոյքին՝ գիրքերու հետ իր մտերմութենէն պատմելով ու մաղթելով, որ նման ձեռնարկներ առիթ հանդիսանան ոչ միայն գիրքերուն ծանօթանալու, այլեւ զանոնք ընթերցելու։

Աւարտին տեղի ունեցաւ նորատիպ հատորին գինեձօնը, ապա կազմակերպող կողմը հիւրասիրեց ներկաները։

Ձեռնարկը ուղիղ կապով սփռեց «Ռատիօ Երազ»-ը։

Թղթակից

http://www.kantsasar.com/news/52572-2/

https://www.facebook.com/kantsasar/posts/pfbid02z87UufFoFSKfzuWkt5dAtn7E1jy9PxmKn7TPuTTvyBA5yTsqBzcmtnqRqyLBnqrnl

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Հիւսիսային Լիբանանի Այթօ Գիւղին Վրայ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումները Պոսթընի Մէջ

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?