Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (6). Դիմադրութեան Պարտութիւնը Լիբանանի Պարտութիւնն Է

October 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան, որ Լիբանանի դէմ պատերազմին պատճառը Հըզպալլայի` Կազային զօրակցիլն է, պարզապէս պէտք է գիտնան, որ 17 եւ 18 սեպտեմբերին «Փէյճըր»-ներու եւ անթել հաղորդակցութեան սարքերու պայթեցման նախապատրաստական աշխատանքները իրականացած են Համասի 7 հոկտեմբերի գործողութիւններէն շա՜տ առաջ: Կասկածէ վեր է, որ Իսրայէլ տասնեակ տարիներէ ի վեր կը պատրաստուի նոր պատերազմի եւ կը սպասէ պատեհ առիթին ու ժամանակին, եւ ուստի, Իսրայէլի պարտադրած պատերազմին «արդարացում» գտնողները պղտոր ջուրին մէջ լոկ ձուկ որսալ կ՛ուզեն:

Իսկ բոլոր անոնք, որոնք Հըզպալլայի զէնքին դէմ կ՛արտայայտուին եւ կը պահանջեն, որ միայն բանակը զէնք ունենայ, ո՞ւր էին անոնք անցնող տասնամեակներուն: Ինչո՞ւ իրենց միջպետական կապերով եւ «վարպետ»-ներով չզինեցին բանակը, եւ եթէ նոյնիսկ զինելն ալ արտօնուած չէր, ապա ինչո՞ւ զինուորականներուն ընդունելի ամսաթոշակ չապահովեցին: Այսօրուան պայմաններուն մէջ Հըզպալլայի զինաթափումը կը նշանակէ Լիբանանի զինաթափում, այնքան ատեն որ Դիմադրութիւնը սահմանները կը պաշտպանէ, եւ այնքան ատեն որ Լիբանանի բանակը իրողապէս չէ զինուած:

Յետո՞յ: Կ՛ունենանք երկիր մը, որ ինքնապաշտպանուելու նուազագոյն պայմանները չունի, եւ այս կացութեան մէջ կ՛ուզենք, որ Իսրայէլը մեզ «հանգիստ ձգէ», հաւատալով որ թշնամին «ախորժակ» չունի նոր տարածքներ գրաւելու: Նորէն վերադարձէք Արցախ, որովհետեւ հոն ալ Հայաստանի իշխանութիւնները կը հաւատային, որ Արցախը յանձնելով եւ զինաթափելով` Հայաստան փրկած կ՛ըլլան, բայց այսօր, աւելի քան երբեք,  Հայաստանը վտանգուած է եւ սահմաններու անվտանգութիւնը անապահով, մինչ թշնամին կը սպասէ պատեհ առիթի` նոր ներխուժում կատարելու:

Այո՛, Լիբանանը պէտք է հզօրանայ, պէտք է բանակը տէրը կանգնի կացութեան, սակայն այսօրուան պատերազմի պայմաններուն մէջ այս օրակարգը քննարկելն ու շահագործելը կը ծառայեն միայն թշնամիի շահերուն: Այս օրերուն Լիբանանի բոլոր քաղաքական ուժերը պէտք է ունենան միայն մէկ ընդհանուր նպատակ` արիւնահոսութեան դադրեցում, Իսրայէլի ներխուժման ճիգերու կասեցում եւ գաղթականներու դժուարութիւններու յաղթահարում:

Իսկ բոլոր անոնք, որոնք երբեմն նոյնիսկ ժպիտով կամ հեգնանքով անուղղակի կերպով հարցազրոյցներու թէ ասուլիսներու ճամբով կը բացայայտեն իրենց գրաւը` Դիմադրութեան պարտութիւնը, որպէսզի «զինաթափումը վայելեն», ներսը աթոռ եւ կամ ալ նոր դաշինքներ ու շահեր ձեռք բերեն, ապա անոնք շատ կը սխալին, որովհետեւ Դիմադրութեան պարտութիւնը Լիբանանի տկարացումն է, կազմալուծումն է, ներքին անկայունութիւնն է,  Լիբանանի պարտութիւնն է:

15 հոկտեմբեր 2024

Նախորդը

Հետեւելու Համար «Ազդակ»-ի Արագ Լրահոսին

Յաջորդը

Եւրոպայի Արդիւնաւէտ Մարզիկները

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.