Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գիտակ» Արեւմտահայերէն Մանկապատանեկան Ծրագիր. Խաղալով Սորվինք, Արեւմտահայերէնը Դարձնենք Մեր Ամէնօրեայ Կեանքի Մաս (ԱՄՆ)

December 12, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Համազգայինի  Շրջանային վարչութիւնը ձեռնարկած է «Գիտակ» ծրագիրին:

«Գիտակ»-ին  նպատակն է դպրոցական կեանքի ընթացքին եւ մեր բնաշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող բներեւոյթները ներկայացնել հակիրճ արեւմտահայերէնով:

Իւրաքանչիւր տարիքային խմբաւորումի համար 20 տեսերիզներով կը հանդիպինք` պատմական հերոսներու, մարզաշխարհի, բնութեան մէջ հանդիպած անակնկալներու, ցամաքամասերու, ովկիանոսներու, անասուններու եւ այլն:

Երեխաներուն արդէն ծանօթ յղացքները արեւմտահայերէնով ներկայացնելով, կը միտինք հայերէնը դարձնել կայուն մաս` անոնց կեանքէն ներս: Մանաւանդ արեւմտեան երկիրներու մէջ բնակող հայ ընկերութիւններուն մէջ հայերէնի գործածութիւնը դարձած է սահմանափակ:  Օգտագործուած բառամթերքը խորքային զրոյցներու առիթ չի տար. իսկ այդ զրոյցներուն համար ինքնաբերաբար լեզուն կը փոխուի ապրած երկրի տիրող լեզուին, մեր պարագային` անգլերէնի:

Այս տեսերիզներով դպրոցականները պիտի ծանօթանան լայն բառամթերքի` հայերէնով, ինչ որ պիտի սատարէ անոնց լեզուական հմտութեան: Տեսերիզները կարելի է օգտագործել դասարաններու մէջ, ուսումնական ծրագիրներու առընթեր` առ ի ամբողջացում կամ զարգացում: Կարելի է նաեւ դիտել տունը` իբրեւ ժամանց:

Այս տեսերիզներու փունջին պիտի հանդիպինք նաեւ «Ո՞Վ Է ԳԻՏԱԿԸ» խաղի ընթացքին: «Ո՞Վ Է ԳԻՏԱԿԸ» խաղով մասնակիցները ընկերային եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ պիտի դիտեն տեսերիզները իրենց խումբերով ու հարցումներուն պատասխանեն: Խաղի մթնոլորտի մէջ մասնակիցները պիտի լսեն հայերէն, նոր բառամթերք ու գիտելիքներ ամբարեն եւ ծանօթանան նոր ընկերներու` տարբեր շրջաններու մէջ:

Այս տարի տեսերիզները 10-12 տարեկաններու համար են: Յաջորդին կը պատրաստուին  նաեւ 7-9,13 -15 եւ 16-19 տարիքներու համար:

Հետեւեցէք մեր կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու ալիքներուն` յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար խաղին մասին:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Նայիրի Մկրտիչեանին, որ բծախնդրութեամբ պատրաստեց տեսերիզները:

Տեսերիզները կարելի է գտնել` Համազգայինի YouTube-ի ալիքին վրայ եւ Համազգայինի Արեւելեան ԱՄՆ կայքէջին  վրայ, ինչպէս նաեւ` Հայկաշխարհ – Armlands YouTube-ի ալիքին վրայ:

 

Նախորդը

Մեր Ինչի՞ն Է Պէտք…

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Եաննիս Անթեթոքումփոյի 37 Կէտերը Օգնեցին Պաքսին

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին

October 13, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.