Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Քանդուած Տունս

December 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ

Թալաներ են տունը գիւղի,
Վերածեր են աւերակի,
Դուրսի սեմէն ներս կը մտնեմ
Բայց դուռ չկայ, որ ետ գոցեմ:
Անմիջապէս զիս կ՛ընդունի,
Ճնճղուկ մ՛իբրեւ տան թշնամի,
Աջ կը թռչի, ձախ կը թռչի,
Պատուհանէն դուրս կը փախչի:
Ուր որ դառնաս աւազ ու քար,
Քալել անգամ միշտ չես կրնար,
Ձեռք մը գետին, միւսը պատին,
Հասայ մուտքը խոհանոցին:
Գետին նետուած առարկաներ
Կը պատմեն բիւր ուրախ օրեր:
Կը վերյիշեմ գէթ պատրանքներ:
Ի՞նչ է արդեօք յանցանքը մեր,
Անխիղճ մարդոց ձեռքը ինկեր,
Ի՜նչ քաջութիւն` կոտրել, քանդել,
Ի՜նչ մեծ պատիւ` գողնալ, այրել:
Նման դէպքեր մեր անցեալին
Կը գործէր մեր վատ թշնամին,
Նո՛յն է արդեօք պատճառն այսօր`
Կրօններու բախում մոլոր:
Մարգարէներ այսօր եթէ
Վերադառնան պահ մը գոնէ,
Լսեն, տեսնեն հալածանքներ,
Անհատներու չարչարանքներ,
Ի՛նչ խօսք կ՛ուղղեն ժողովուրդին,
Հալածուողին, ջարդուողին,
Փճացողին ու քանդողին,
Գողցուածին, թալանողին:
Մեծ Արարիչ` անշուշտ Աստուած,
Կրօններէն խիստ պաշտուած,
Վերջին դատի Տէրն է խօսքին,
Մեռելներուն` յոյսը վերջին:
Կը հաւատամ այն կրօնքին,
Որ կ՛ուղղէ քեզ միշտ բարիքին,
Չ՛ուզեր քանդես, ջարդես, գողնաս,
Պատմութեան մէջ հերոս դառնաս:
Կը հետեւիմ մարգարէին,
Որ կ՛ուղղէ քեզ միշտ բարիքին,
Կը մօտեցնէ արդար խղճիդ
Ու ցոյց կու տայ ճամբան կեանքիդ:
Գալով տունին մեր թալանուած`
Արժէք չունի քարը փլած:
Արժէքը միայն, զոր կը փնտռեմ,
Կեանքն է մարդուն, որ կ՛աղօթեմ
Փորձանքներէ Աստուած պահէ,
Ու հեռացնէ չար ժամերէ,
Աստուած փրկէ միշտ ամէն տեղ`
Ըլլայ այստեղ կամ ուրիշ տեղ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (12 Դեկտեմբեր 2024)

Յաջորդը

Մխիթարեան Միաբանութիւնը Կը Մասնակցի «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» Կազմակերպութեան Նախաձեռնած Վկաներու Հսկումի Շաբթուան` Ներկայացնելով Արցախի Եւ Արցախցիներու Տառապանքն ու Սպառնալիքները

RelatedPosts

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները
Անդրադարձ

Իրանը Ճնշման Ներքոյ, Բայց` Ոչ Փլուզման Եզրին Ներքին Լարուածութիւն, Արտաքին Ուղղորդում, Վերահսկելի Ճգնաժամ

January 15, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերյիշելով…

January 15, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.