Լիբանանահայութիւնը դարձեալ ունի վերապրելու, վերակազմակերպուելու եւ նոր թափ ստանալու, նոր յոյսերու ծնունդ տալու:
Այսօր փաստօրէն զինադադարի յայտարարութիւնը եւ անոր յաջորդող օրերուն գաղթականներուն, տեղահանուածներուն հարաւ վերադարձը, լիբանանեան բանակի եւ ներքին ապահովական ուժերու տարածումը լիբանանցիներուն առհասարակ եւ լիբանանահայութեան մասնաւորաբար նոր էջ մը բացաւ, եւ բոլորս նոր կորովով, նոր շունչով եւ թափով պէտք է կազմակերպուինք, որպէսզի լիբանանահայութիւնը իր ուժերը հաւաքէ եւ ներուժը գործածէ նախ ինքնիրեն, ապա, ինչո՞ւ չէ, Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան գաղութներուն հասնելու համար:
Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, անհրաժեշտ կը զգանք վերակազմակերպուելու մեր ժողովուրդի կրթական, առողջապահական, բարեսիրական, միութենական եւ այլ մարզերուն մէջ աշխատելու եւ վերականգնելու համար:
Ցնցումն ու կործանումները մեծ են: Կը խօսուի, նախնական տուեալներով, 8,5 միլիառ տոլարի միայն շինութեան վերաբերող վնասներու մասին: Եթէ օժանդակութիւններ չտրուին երկրի վերականգնման համար, աւելի ծանր պիտի կշռէ տնտեսութեան վրայ, որովհետեւ պետութիւնը ինքը արդէն սնանկացած է: Աւելի՛ն. սահմանային հսկողութիւնը բանակին յանձնելու հրամայականն ու նոր զինուորներ ներառելու որոշումը բնականաբար համայնքային եւ ժողովրդային նոր բարդութիւններ պիտի ստեղծեն:
Ինչպէս նաեւ նախագահի ընտրութեան օրակարգով 9 յունուար 2025-ին խորհրդարանին մէջ հաւաքուելու եւ նոր նախագահի մը ընտրութեան փորձ կատարելը թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին ճնշումներու արդիւնք է կարծէք:
Այս բոլորէն անդին` լիբանանահայութեան վերակազմակերպումը, ֆիզիքական ապահովութիւնը, ոտքի մնալու եւ իր դերակատարութիւնը ստանձնելու կամքը պէտք է անխախտ մնայ:
Բոլոր ժամանակներու նման, լիբանանահայութիւնը մնաց միասնական` իր կուսակցութիւններով, եկեղեցիներով, միութիւններով եւ ժողովուրդի տարբեր խաւերով:
Լիբանանահայութիւնը ոտքի պահելու համար անհրաժեշտ են օժանդակութիւններ` մեր կրթական, միութենական կառոյցներուն, օրաթերթերուն, ձայնասփիւռի կայանին, բարեսիրական միութիւններուն եւ մանաւանդ` առողջապահական մարզին:
Վստահ ենք, որ օժանդակութիւններ պիտի կատարուին, որպէսզի մենք միասնաբար այս փուլն ալ շրջանցենք եւ պատրաստ ըլլանք մեր պարտաւորութիւնները ստանձնելու:



