Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Դեկտեմբեր 12, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Սուրբ Մինասի Տօնին Նուիրուած Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ

Ս. Մինասի տօնին առիթով, 3 դեկտեմբերին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական պատարագ մատուցեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան:

Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը կը վկայէ, որ քրիստոնէութիւնը իր ծննդեան օրէն մինչեւ այսօր հալածական վիճակի մէջ եղած է, եւ քրիստոնեայ հաւատացեալը բոլոր ճակատներուն վրայ պատրաստ պէտք է ըլլայ հոգեւոր պատերազմ մղելու` չարին, մեղքին, կիրքին, ցանկութեան եւ անհաւատ մարդոց դէմ, որոնք տրամադրութիւն ունին քրիստոնեային հաւատքի կեանքը խաթարելու եւ անոր անունը արատաւորելու միջավայրին մէջ: Ահաւասիկ` այն թշնամութիւնը եւ սուրը, որ պէտք է դիմագրաւենք որպէս քրիստոնեայ: Սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները` ապրելու Աւետարանին թելադրանքով եւ աստուածային պատուիրաններուն համաձայն գործել, որքան որ ալ դիմագրաւեն դժուարութիւններ, նեղութիւններ եւ հալածանքներ, որոնք անխուսափելի են, սակայն Աստուծմէ տրուած շնորհքը զիրենք պիտի զօրացնէ, որպէսզի կարողանան այդ բոլորը դիւրութեամբ տանիլ, դիմագրաւել եւ յաղթահարել:

Անդրադառնալով ներկայիս տիրող անորոշութեան նուրբ իրավիճակին` սրբազանը պատուիրեց զգուշ ըլլալ, որովհետեւ անցողիկ փուլի մէջ կը գտնուինք, եւ յոյս յայտնեց, որ իրենց վնաս պիտի չհասնի: Սրբազան հայրը գօտեպնդեց ժողովուրդը` վախի ազդեցութենէն դուրս գալու եւ, ինչպէս որ յայտարարուած է, որեւէ բանի կարիք ունենալու պարագային հեռաձայնելու նշուած թիւերուն: Ան նաեւ  վեհափառ հայրապետին զօրակցութիւնը յայտնեց հալէպահայութեան եւ հաստատեց, որ կաթողիկոսը շարունակ մօտէն կը հետաքրքրուի տիրող իրավիճակով եւ յառաջիկայ օրերուն Ազգային իշխանութիւնը գործի պիտի լծէ` բոլոր հայ ընտանիքներուն անխտիր նիւթապէս օժանդակելու:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն:

Իրան

ՀՄԱԿ-ի 80-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսաւոր Ձեռնարկ

6 դեկտեմբերին 50-ամեայ «Արարատ» մարզաւանը հիւրընկալեց կազմակերպութեան հիմնադրութեան ու գործունէութեան 80-ամեակին առիթով կազմակերպուած գեղարուեստական գլխաւոր ձեռնարկները:

6 դեկտեմբերի երեկոյեան մարզաւանի «Խաժակ Արզումանեան» ցուցասրահին մէջ կատարուեցաւ իւրայատուկ ցուցահանդէսի բացում, ուր ցուցադրուած առարկաները եւ լուսանկարները կը ներկայացնէին կազմակերպութեան անցնող 80 տարիներու կտրած ուղին:

Ապա «Սասունցի Դաւիթ» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ կազմակերպութեան 80-ամեակին նուիրուած աւարտական ձեռնարկը` զուգորդուած գեղարուեստական կատարումներով եւ ուղերձներու ընթերցումով: Ձեռնարկին գեղարուեստական ղեկավարն էր Սեդրակ Գոճամանեան: Հանդիսութիւնը մեկնարկեց կազմակերպութեան նոր սերունդի երաժշտական կատարումով` ղեկավարութեամբ Արմէն Ասատրեանի, ապա Արփի Սիմրոճեանի ղեկավարութեամբ «Արարատ» երգչախումբը մեկնաբանեց կազմակերպութեան քայլերգը: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ Յասմիկ Յարութիւնեանի ողջոյնի խօսքը, որուն յաջորդեց տեսերիզներու ցուցադրութիւն, որուն ընթացքին հաղորդավարները ներկայացուցին պատմական տուեալներ` «Արարատ» պարախումբի եւ երգչախումբի կատարումներով:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցան` Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սոֆի Ջաղարբէկեանը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Սանտրա Վարդանեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի «Դրօշակ» օրկանի գլխաւոր խմբագիր, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, «ԱԼԻՔ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեանը, իսկ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի պատգամը կարդաց Արիստակէս քհնյ. Շահմիրեանը: Ընթերցուեցաւ նաեւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի ուղերձը:

Կիպրոս

Մշակութային Երեկոյ` Նուիրուած Ներսէս Շնորհալիի 850-Ամեակին

Համազգայինի Նիկոսիոյ «Յ. Օշական» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, 6 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ մշակութային երեկոյ` նուիրուած Մեծն Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակին:

Բացման խօսքը կատարեց Արթօ Դաւիթեան` վարչութեան անունով, որ ներկայացուց օրուան բանախօսը` թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանը, որ հմտօրէն պատրաստուած դասախօսութեամբ մը ներկայացուց մեծ հայրապետին կեանքն ու վաստակը:

Սրբազանը նախ նկարագրեց Կիլիկիոյ թագաւորութեան ստեղծումին պայմանները եւ անոր զարգացումն ու ծաղկումը` շնորհիւ մտաւորական հոգեւորականներու փայլուն հոյլի մը, որոնց մէջ իւրայատուկ տեղ ունի Ներսէս Դ. Կլայեցի կաթողիկոսը:

Կոմիտաս սրբազան մէկ առ մէկ ներկայացուց այն հոգեւոր եւ մշակութային բնագաւառները, որոնց մէջ Շնորհալի իր ստեղծագործ հանճարով բարեկարգիչ դերակատարութիւն ունեցաւ: Ան ըսաւ նաեւ, որ Ներսէս Շնորհալի, իր բազմատաղանդ գործունէութեամբ, կրնայ իրաւամբ հայոց երկրորդ լուսաւորիչը կոչուիլ:

Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին սրբազան հօր դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ երկու տեսանիւթեր` Շնորհալիի յօրինած շարական մը եւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան մասին փոքր երիզ մը:

«Վարդան» Գիրքի Շնորհահանդէս Եւ Ցուցահանդէս

21 նոյեմբերին Վարդգէս Մահտեսեան ամոլը Ստրովոլոսի մշակութային կեդրոնին մէջ ներկայ գտնուեցաւ «Վարդան» գիրքի շնորհահանդէսին եւ ցուցահանդէսին, որ կը դրսեւորէր հռչակաւոր արուեստագէտ  Վարդան Թաշճեանի կեանքն ու գործը` միաժամանակ 16 ընտրեալ պաստառներու ցուցադրութեամբ, 12` իւղաներկ եւ 4` ջրաներկ:  Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Անիթա Տիմիթրիու, որ ընդգծեց Կիպրոսի մէջ արուեստի եւ մշակոյթի գծով Վարդանին ունեցած բացառիկ ներդրումը:

Հաւաքածոն բնութագրուեցաւ` իբրեւ «հրաշալի» եւ «իսկական արտացոլացումը արուեստագէտին  հոգիին»:

Ձեռնարկին յաջողութիւնը հանդիսացաւ ոչ միայն իբրեւ Վարդանի ասպարէզին կարեւոր հանգրուանը, այլեւ հաստատած եղաւ ընդհանուր առմամբ արուեստի յարատեւ զօրութիւնը` իբրեւ ներշնչման եւ շաղկապումի աղբիւր մարդկային կեանքի յարաբերութեանց մէջ:

Ֆրանսա

Սերգէյ Փարաճանովի Ծննդեան 100-Ամեակ

 29 նոյեմբերին Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ Համազգայինը նշեց Սերգէյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակը` նախաձեռնութեամբ Նարէ Թադեւոսեանի, գործակցութեամբ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան:

Երեկոն սկսաւ Փաթրիք Գազալի «Serguei Paradjanov, Le Rebelle» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց Նայիրի Գալստեանի զեկոյցը: Ան բացատրեց ֆրանսացի շրջանակներու սերտ կապը Փարաճանովին հետ, մանաւանդ` անոր բանտարկութեան շրջանին, նշեց  տարուած աշխատանքը եւ կատարուած միջամտութիւնները, որպէսզի ան ազատ արձակուի:

Պոլիս

Համերգ` Կամրջող Երգերու

Հայ երգի ուսումնասիրութիւններու հիմնական կեդրոնը բնականաբար Հայաստանն է: Հայաստանի մէջ պետութեան հովանաւորութեամբ կը գործեն երաժշտանոցներ, կամ երաժշտական դպրոցներ, ինչպէս նաեւ` մեծ նուագախումբեր եւ երգչախումբեր: Այս պետական կառոյցներու կողքին, բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ ալ իրենց գործունէութեան գլխաւոր նպատակ դարձուցած են երաժշտական դաստիարակութիւնը եւ զուգահեռաբար ալ` երաժշտական ուսումնասիրութիւնները: «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ը նոյեմբեր ամսուան աւարտին կեանքի կոչած նախաձեռնութեամբ փորձեց համախմբել այս ոլորտէն ներս աշխատող հայաստանաբնակ գործիչները` Պոլսոյ երաժշտական միջավայրերուն հետ: Արդարեւ, եռօրեայ աշխատանոցի մը ընթացքին Կոր Մելքոնեան, Լուսինէ Նազարեան, Անի Յակոբեան, Արմէնուհի Պապլոյեան եւ Գէորգ Կալթակեան քաղաք այցելեցին եւ շփումներ ունեցան` Յակոբ Մամիկոնեանի, Ատրուշան Հալաճեանի, Սիպիլ Արսէնեանի, Այշէնուր Քոլիվարի, Հիքմեթ Աքչիչեքի հետ եւ ներկայացուցին իրենց կատարած աշխատանքները` փոխադարձաբար տեղեկանալով յատկապէս ժողովրդական երաժշտութեան մասին իրարու մօտեցումներուն:

27 նոյեմբերին Անարատ յղութիւն շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ միասնաբար ելոյթ ունեցան հայաստանցի եւ թուրք երաժիշտներ. հարուածային գործիքներով` Փիյա Էօզչելիք, Սելտա Էօզթիւրք, քամանչայով` Թահսին Թերզի, կիթառով` Արի Հերկել, պլուլ եւ շուիով` Աննա Յովհաննէսեան, որոնք իրենց նուագարաններով ընկերակցեցան Հիքմեթ Աքչիչեքի, Լուսինէ Նազարեանի եւ Այշէնուր Քոլիվարի կատարումներուն: Համշէնահայերէն այս կատարումներուն մէջ առանձնացան Լուսինէ Նազարեանի` Տարօնի շրջակայքի երգերը:

Համերգի աւարտին Այշէնուր Քոլիվար բեմ հրաւիրեց պոլսահայ ծանօթ երգչուհի Սիպիլը, եւ անոնք միասնաբար զուգերգեցին Մահիր Էօզքանի հեղինակած բառերով «Լոյսի հատիկ» երգը:

Քանատա

Մոնրէալի Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի 50-Ամեակի Նուիրահաւաքի Պաշտօնական Մեկնարկին Հանգանակուեցաւ 476.650 Ամերիկեան Տոլար

21 նոյեմբերին Մոնրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի «Տիգրան եւ Տիանա Հաճէթեան» մարզարանին մէջ վարժարանի հիմնադրամը կազմակերպած էր ընթրիք-ընդունելութիւն մը, որով պաշտօնական մեկնարկը կատարուեցաւ վարժարանի 50-ամեակին առիթով նախաձեռնուած նուիրահաւաքին:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ նախկին շրջանաւարտ եւ այժմ ծնող Ժիւլի Հինտոյեան, որ յայտնեց, թէ վարժարանի հիմնադիր անդամները յաջողեցան ոչ միայն իրենց զաւակներուն ապահովել հայկական միջավայր, այլեւ` ապագայ սերունդներուն եւս: Այնուհետեւ  տեսերիզով մը ելոյթ ունեցաւ վարժարանի նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտներէ, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներէ բաղկացած երգչախումբը, որոնք ներկայացուցին վարժարանին վերամշակուած քայլերգը` խմբավարութեամբ Դալար Հարպոյեան-Գալլօղլեանի:

Վարժարանի Վարչական խորհուրդի նախկին անդամ Թորոս Պապիկեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով վարժարանին կիրարկած Քեպեք նահանգի կրթական ծրագրին կողքին տարուած աշխատանքին` ըսաւ, որ վարժարանը իր «Սարաֆեան» նախակրթարանով եւ «Բաստրմաճեան» երկրորդականով կը ստեղծէ հայաշունչ եւ ապահով միջավայր, ուր կ՛իրականանան հայերէնի, Հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթին վերաբերող ծրագիրներ, կը ջամբուի ազգային դաստիարակութիւն, ունի վկայեալ ուսուցչական կազմ, ուսուցիչ-աշակերտ նպաստաւոր փոխյարաբերութիւն, եւ կ՛իրագործուին գիտական յառաջացեալ դասընթացքներ, ու կը տրամադրուին անոնց յարակից սարքերը:

Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Ս. Յակոբ ազգային վարժարանը կը հասցնէ ոչ միայն կրթական լաւագոյն հաստատութիւններուն պատրաստ ուսանողներ, այլ անոր կողքին նաեւ` իրենց մայրենիին, անցեալին, իրենց պատմութեան տիրապետող անհատներ, որոնք հպարտօրէն կրնան ըսել, որ իրենք հայ են, ոչ միայն ծագումով, այլ հայ են` իրենց առօրեայով, կենցաղով, լեզուով, խաղով, երգ ու պարով: Ան նաեւ անդրադարձաւ վարժարանի ոտնագնդակի դաշտի նորոգման ծրագրին:

Վարժարանի տնօրէն Լոռի Ապրաքեան ներկայացուց 50-ամեակին առթիւ նախատեսուած առաջին ծրագիրը: Ան տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց բակի վերանորոգման եւ նոր չափանիշներով նախագծման ծրագիրը:

Վարժարանի ելեւմուտի եւ նուիրարշաւի տնօրէն Թամար Եաղճեան պատիւ համարեց սոյն վարժարանին մաս կազմելը: Ան անդրադարձաւ 50-ամեակին առիթով նախատեսուած երկրորդ ծրագրին` Դրամագլխային հիմնադրամի ստեղծման, որ երկար ժամանակի վրայ կարելիութիւն կու տայ երաշխաւորելու տարբեր կարիքներ գոհացնող վերահսկուած նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու իրենց կարողութիւնը:

50-ամեակի հանգանակութեան յանձնախումբի անդամ Լէոն Աղազարեան յայտարարեց, որ Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամը կը հաստատէ 1.000.000 տոլարի ֆոնտ մը, որուն նպատակն է աջակցիլ համեստ եկամուտի տէր ընտանիքներուն` կրթանպաստներ հայթայթելով:

Երեկոյի նուիրատուութիւններուն ընդհանուր գումարը հասաւ 476.650 տոլարի:

«Վահէ Յակոբեան Եւ Զաւակունք» Անուան 150 Հազարի Նոր Հիմնադրամի Մը Ստեղծումը Զարկ Պիտի Տայ Վանքուվըրի Եւ Քանատահայ Այլ Կառոյցներու Հզօրացման

Վահէ Յակոբեան եւ զաւակունք, համագործակցութեամբ ՀՅԴ Վանքուվըրի «Ս. Վրացեան» կոմիտէին, յայտարարեցին 150 հազարի անձեռնմխելի հիմնադրամի յառաջացումը` Armenian Endowment Fund-ի (Թորոնթօ) հովանիին ներքոյ: Հիմնադրամը պիտի կոչուի «Վահէ Յակոբեան եւ զաւակունք» ֆոնտ:

Հիմնադրամին տարեկան շահոյթը պիտի յատկացուի մեծ մասամբ Վանքուվըրի Հայ կեդրոնի հովանիին ներքոյ գործող կազմակերպութեանց, տեղւոյն բարեսիրական, մշակութային, երիտասարդական-պատանեկան եւ Հայ դատի ծրագիրներուն: Եկամուտէն որոշ բաժին մը նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայաստանի եւ արցախահայութեան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի համաքանատական ծրագիրներուն:

Յակոբեան ընտանիքը պիտի շարունակէ սատարել եւ աւելցնել հիմնադրամին մայր գումարը տարուէ տարի:

 

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Լիբանանի Գիւղերու Ս. Ծննդեան Համեստ Աւանդութիւնները

Յաջորդը

Մեր Ինչի՞ն Է Պէտք…

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ
Գաղութէ Գաղութ

Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?