Ռուբէն Յովսէփեան (ԼԴ.) Տղամարդ Հայը… (Ծննդեան 85-Ամեակին Առիթով)
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Սիրելի՛ ընթերցող, Այնքան ալ դիւրին չէ յուշեր գրել գրողի մը մասին, որ դիւրին կը գրէ, բայց «դժուար» եւ քիչ կ՛արտայայտուի: Աւելի՛ն. այնքան ալ դիւրին չէ գրել ընկերոջ մը մասին, որուն հետ ոչ միայն ոչ մէկ տարակարծութիւն ունեցած ես ազգային, մարդկային թէ գաղափարական գետնի վրայ, այլ նաեւ իրարու փոխանակած էք այնպիսի գաղտնիքներ, որոնց բացայայտման պարագային կրնային վտանգել մեր...




















