«Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով`
Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին» (Գաղ. 4:4):
Ս. Ծննդեան նախորդող քանի մը շաբաթներու ժամանակաշրջանը կը կոչուի Յիսնակ: Յիսնակի յիշատակութիւնը` որպէս մասնայատուկ եղանակ, սկսաւ Ֆրանսայի մէջ յամի Տեառն չորրորդ դարուն: Ատեն մը անիկա կը տարուբերէր չորսէն եօթը շաբաթներու միջեւ, մինչեւ` վեցերորդ դար, երբ վերջնականապէս հաստատուեցաւ չորս շաբաթներու պահեցողութեան աւանդութիւնը, որուն տրուեցաւ Adventus անուն լատիներէն բառը: Adventus բառը կը նշանակէ «Գալոցը» կամ «Եկողը»` ակնարկելով Յիսուս Քրիստոսի գալստեան:
Ծնունդի նախորդող յիսնօրեայ շրջանը Հայ եկեղեցւոյ համար եւ միամսեայ շրջանը արեւմտեան եկեղեցիներու համար պատրաստութեան շրջան մըն է Քրիստոսի գալստեան: Հետաքրքրական է, որ Աստուած Ինքն ալ կը պատրաստուի մարդոց գալու` զանոնք փրկելու եւ յաւիտենական կեանքի արժանացնելու համար: Օրինակ, երբ նկատի առնենք Քրիստոսի առաջին գալուստը ասկէ շուրջ 2000 տարիներ առաջ, կը նշմարենք, որ Աստուած հարիւրաւոր տարիներու պատրաստութիւն տեսաւ, մինչեւ Յիսուս Քրիստոսով մարդկութեան եկաւ: Պօղոս առաքեալ նկարագրելով այս պարագան` այսպէս կը գրէ. «Երբ ժամանակը լեցուեցաւ, Աստուած Իր Որդին ղրկեց» (Գաղ. 4: 4): Ուրիշ թարգմանութիւն մը կ՛ըսէ. «Երբ յարմար ժամանակը հասած էր, Աստուած ղրկեց Իր Որդին»:
Ի՞նչ կը նշանակէ` «Երբ ժամանակը լեցուեցաւ» կամ «յարմար ժամանակը հասած էր». քանի մը տեսանկիւնէն կարելի է դիտել եւ հասկնալ: Արդարեւ, երբ Յիսուս աշխարհ եկաւ «յարմար ժամանակը հասած էր» քաղաքական, աշխարհագրական, մշակութային եւ կրօնական իմաստով:
Այսպէս, Յիսուսի ծննդեան օրերուն «յարմար ժամանակը հասած էր» քաղաքական առումով: Երբ յետադարձ ակնարկով կը նայինք, թէ այդ օրուան տիրապետող պետութիւնը` Հռոմէական կայսրութիւնը, ստեղծած էր համատարած խաղաղութիւն` լայնածաւալ կայսրութեան սահմաններէն ներս, այսպէս կոչուած, «Հռոմէական խաղաղութիւնը» (Pax Romana): Անկայուն ու անօրէն ընկերութեան մը մէջ հռոմէացիներուն ստեղծած այս քաղաքական դրութիւնը ձեռնտու եղաւ Քրիստոսի Աւետարանի տարածման: Քրիստոնէական կրօնի առաջին աւետարանիչներուն համար քաղաքական այս կայունութիւնը իր նպաստաւոր դերը ունեցաւ եւ հնարաւոր դարձուց այդ մեծ կայսրութեան մէջ ամէնուրեք տարածելու քրիստոնէութիւնը:
Յիսուսի ծննդեան ժամանակ աշխարհագրական իմաստով նաեւ «ժամանակը լեցուած էր», «յարմար ժամանակը հասած էր» այն իմաստով, որ հռոմէական բաղդատաբար ազդու եւ հեզասահ ճամբորդական դրութիւնը առաջին քրիստոնեայ աւետարանիչներու առաքելութիւնը մեծապէս դիւրացուց: Անոնք հեշտ կերպով կրցան շրջագայիլ քաղաքէ քաղաք, նոյնիսկ մինչեւ հեռաւոր ամայի վայրերը` շնորհիւ հռոմէական նշանաւոր սալայատակ մայրուղիներուն եւ ճամբաներուն:
Յիսուսի աշխարհ եկած ժամանակ, մշակութային առումով, ճամբան հարթուած եւ գետինը պատրաստ էր Քրիստոսի բերած նոր կրօնին: Յիսուսի գալուստէն քանի մը դարեր առաջ արդէն Մեծն Աղեքսանդր դարձուցած էր յունարէն աշխարհաբարը (Koine Greek) իբրեւ համաշխարհային լեզու` ընդարձակ կայսրութեան մէջ: Յունարէնը համաշխարհային լեզու էր Յիսուսի օրերուն, եւ այդ լեզուով էր, որ Նոր կտակարանը եւ քրիստոնէական սկզբնական գրականութիւնը շուտով տարածուեցան եւ մատչելի դարձան զանգուածներուն: Յոյն գրականութիւնը, փիլիսոփայութիւնն ու դպրութիւնն ալ իրենց նպաստաւոր դերը ունեցան քրիստոնէութեան տարածման մէջ:
Յիսուսի աշխարհ եկած ժամանակ, կրօնական իմաստով, «ժամանակը լեցուած էր», այսինքն «ժամանակը հասած էր», քանի որ եբրայական կրօնը, մանաւանդ Հին Ուխտը զօրեղ կերպով հաստատած էին հիմքերը բարոյագիտական միաստուածութեան: Հին ուխտի մարգարէութիւնները իրենց լրումը գտան Քրիստոսի մէջ: Երկար սպասուած եւ ցանկացուած Մեսիան եկած էր` ըստ նոր կրօնի հետեւորդներուն:
Յիսնակի եղանակը պատրաստութեան առիթ մըն է նաեւ մարդոց համար: Եսայի մարգարէին ազդարարութեան նման` Յիսնակի այս եղանակը կը յիշեցնէ մեզի, որ պատրաստուելու ենք կեանքի կարեւոր դէպքի մը, Աստուծոյ աշխարհ գալու դէպքին: Մարգարէն կը պատգամէ մեզի` «Պատրաստեցէ՛ք Տիրոջը ճամբան»:
Բոլորս ալ իրազեկ ենք, որ ակնկալելի կարեւոր դէպքեր եւ իրադարձութիւններ, ինչպէս` նոր տան մը գնումը, ընտանիքի անդամի մը ամուսնութիւնը, մանկան մը աշխարհ գալու իրողութիւնները, պատրաստութիւն կ’ենթադրեն:
Նմանապէս Քրիստոսի ծննդեան ոգեկոչումը պատրաստութեան կը կարօտի: Յիսնակի եղանակը մեր Տէր Յիսուսի ծնունդը ոգեկոչելու պատրաստութեան եղանակ է:
Հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս պատրաստուելու ենք Ս. Ծնունդը ոգեկոչելու: Շատեր միայն արտաքին, ցուցական բաներով կը պատրաստուին Անոր ծնունդը տօնելու, ինչպէս` պսպղուն զարդարանքներով, կերուխումի խնճոյքներով, ընկերային եւ ընտանեկան այցելութիւններով, նուէրներու փոխանակութեամբ, եւ այլ բազմաթիւ տօնախմբութիւններով: Այդ պատճառով անոնց համար Ս. Ծնունդը, ուրիշ տօնակատարութիւններու նման, սովորամոլութեամբ կատարուած բան մը կը դառնայ` առանց խոր ազդեցութիւն եւ ազդու ներգործութիւն ունեցող իրականութիւն մը ըլլալու:
Սակայն անոնց համար, որոնք արտաքին երեւոյթներէն անդին կը տեսնեն Ս. Ծննդեան խորհուրդը, Աստուծոյ մարդեղութիւնը մեղաւոր մարդկութեան փրկութեան համար, Յիսնակի եղանակը կը դառնայ նշանակալից ժամանակաշրջան մը` խոկումի, պաշտամունքի, հոգեկան սպասումի եւ հոգեւոր ակնկալութեան:
Երկու հազար տարիներ առաջ, թէեւ ոմանք գիտէին, որ Մեսիան պիտի ծնէր փոքրիկ քաղաք Բեթղեհէմի մէջ, բայց պատրաստ չէին զԱյն դիմաւորելու: Նմանապէս, այսօր ալ շատեր պատրաստ չեն զԱյն ընդունելու: Անոնք կը շարունակեն ապրիլ այնպէս, որ Ան երբեք աշխարհ չէ եկած:
Մաղթենք, որ Յիսնակի այս սուրբ եղանակը հոգեւոր պատրաստութեան ժամանակաշրջան մը ըլլայ բոլորին, յատկապէս մեզի եւ մեր եկեղեցիներուն:



