Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Առաքելութիւն Ուղարկեցէք Արցախ». Դիմում` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր Տնօրէնին
Արցախի հանրային կազմակերպութիւններ նամակի մը միջոցով դիմեցին ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէին, որպէսզի, ըստ ՄԱԿ-ի կողմէ տրուած մշակութային ժառանգութեան պահպանման յանձնառութեան, առաքելութիւն ուղարկեն Արցախ` փաստագրելու մարդկութեան դէմ կատարուած մշակութային յանցագործութիւնները եւ գործիքակազմեր կիրարկեն հետագայ յանցանքները կանխելու համար:
Ստորեւ` վերոնշեալ նամակը.
«Ստորագրեալ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները, որոնք ներկայացնում են 2020 թ. պատերազմից եւ 2023 թ. հարկադրական արտաքսումից յետոյ Արցախից (Լեռնային Ղարաբաղ) տեղահանուած անձանց, գրում են ձեզ` նշելու Արցախի բռնագրաւուած տարածքներում հայկական մշակութային ժառանգութեան դիտաւորեալ եւ նպատակային ոչնչացման ու իւրացման դէպքերը:
«Կան մշակութային ցեղասպանութեան ծանր օրինակներ, որոնք իրականացուել են Ազրպէյճանի իշխանութիւնների կողմից ինչպէս 2020 թ. 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում, այնպէս էլ դրանից յետոյ:
«Հայկական ժառանգութեան դէմ յանցագործութիւնների բազմաթիւ դէպքեր են արձանագրուել. ամբողջութեամբ ոչնչացուել են` Մեխակաւանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, Մոխրենեսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին եւ Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին: Հայկական հոգեւոր կենտրոնները պղծուել են, եւ հարիւրաւոր խաչքարեր` ոչնչացուել: Աւելի քան 30 արուեստի եւ թանգարանային հաւաքածուներ` բաղկացած հազարաւոր ցուցանմուշներից, կողոպտուել են Ազրպէյճանի կողմից:
«Եկեղեցիների ոչնչացումը ցեղասպանական գործողութիւն է համարւում` ըստ Հռոմի կանոնադրութեան մշակութային ժառանգութեան դրոյթների քննման ձեռնարկի, որտեղ նշուած է. «Մշակութային ժառանգութեան դէմ կամ դրա վրայ ազդող յանցագործութիւնները յաճախ կապուած են ցեղասպանութեան հետ, կամ կատարւում են որպէս դրա մի մասն, կամ իրականացւում են դրա շրջանակներում»:
«Ոչնչացուել են Հայոց ցեղասպանութեան, Բ. Համաշխարհային պատերազմի եւ Արցախի պատերազմների զոհերի յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրները, ինչպէս նաեւ` անհատների նուիրուած յուշաքարերը, պատմական նշանակութեան կամուրջներ, մշակութային կենտրոններ, գրադարաններ, դպրոցներ եւ այլ վայրեր: Շուշիի շրջանի Քարինտակ գիւղը, Հադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղը եւ Հադրութ քաղաքի պատմական թաղամասը ամբողջութեամբ քանդուել են:
«Վերջերս Ստեփանակերտի ողջ թաղամասեր, ներառեալ` 19-րդ դարի պատմական թաղամասը, հողին են հաւասարեցուել: Քաղաքի, նրա պատմական շինութիւնների եւ ժառանգութեան դիտաւորեալ ոչնչացումը խախտում է Հռոմի կանոնադրութեան 8-րդ յօդուածը եւ համարւում է մարդկութեան դէմ ծանր յանցագործութիւն:
«Մշակութային արժէքների ոչնչացման գործողութիւնները արգելուած են 1949 թ. ընդունուած ժընեւեան չորս հռչակագրերով` պատերազմի զոհերի պաշտպանութեան, պատերազմի օրէնքների եւ սովորոյթների, դրանց արձանագրութիւնների, ինչպէս նաեւ` ըստ ՄԱԿ-ի բանաձեւերի եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան հռչակագրերի:
«Ազրպէյճանցիների կողմից այս ոչնչացումները պատկերող տեսանիւթերի լայն տարածումը դարձել է հոգեբանական ճնշման միջոց` Արցախի հայերի նկատմամբ:
«Ազրպէյճանցիների կողմից ոչնչացուել են Մեծ Թաղեր գիւղի (Հադրութի շրջան), Սղնախ գիւղի (Ասկերանի շրջան), Հաթերքի (Մարտակերտի շրջան) եւ Շուշի քաղաքի գերեզմանատները: Գերեզմանատների ոչնչացումը համարւում է անձնական արժանապատուութեան եւ մարդկային յիշողութեան դէմ յանցագործութիւն:
«Համաձայն` 1954 թ. Լա Հէյի հռչակագրի 4-րդ յօդուածի, զինուած հակամարտութեան դէպքում մշակութային արժէքների պաշտպանութեան վերաբերեալ, ցանկացած վանդալիզմի, իւրացման, կողոպուտի, ատելութեան կամ վրէժխնդրութեան գործողութիւններ մշակութային ժառանգութեան դէմ արգելւում են:
«Համաձայն 1954 թ. Լա Հէյի առաջին արձանագրութեան, արգելւում է բռնագրաւուած տարածքներում մշակութային կամ հոգեւոր արժէքների ոչնչացումը: Մշակութային ժառանգութեան դիտաւորեալ ոչնչացման քաղաքականութիւնը դատապարտուել է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 2003 թ. Մշակութային ժառանգութեան դիտաւորեալ ոչնչացման վերաբերեալ հռչակագրով:
«Այնուամենայնիւ, 2020-2024 թուականներին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն չի իրականացրել ՄԱԿ-ի կողմից իրեն վերապահուած` համաշխարհային մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու լիազօրութիւնը եւ առաքելութիւն չի ուղարկել Արցախ` տարածաշրջանի ժառանգութեան ներկայ վիճակը փաստագրելու եւ այդպիսով կանխելու Ազրպէյճանի կողմից հետագայ ոչնչացումները: Փոխարէնը` սահմանափակուել է յայտարարութիւններ անելով եւ մտահոգութիւն արտայայտելով:
«Մենք` ստորագրեալներս, որոնք տեղահանուած են Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներից, խնդրում ենք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին ձեռնարկել հնարաւոր բոլոր միջոցները` ապահովելու համար, որ ձեր կազմակերպութիւնը, համաձայն ՄԱԿ-ի կողմից մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ իր լիազօրութեան, ուղարկի առաքելութիւն Արցախ` փաստագրելու մարդկութեան դէմ իրականացուած մշակութային յանցագործութիւնները եւ կիրարկելու գործիքակազմերու հետագայ խախտումները կանխելու համար»:
Տասնամեակներու Շինարարութենէ Ետք Գիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ Եկեղեցին Վերաօծուեցաւ
Դեկտեմբեր 7-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Շիրակի թեմի Գիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերաօծման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները սկսած էին 1999-ին:
Սրբազան արարողութեան ներկայ էին` Մայր Աթոռի միաբաններ, Հայ եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, Շիրակի թեմի հոգեւոր սպասաւորներ, մշակութային ու հասարակական գործիչներ եւ Հայաստանի տարբեր վայրերէն եկած մեծ թիւով ուխտաւորներ:
Վեհափառ հայրապետը եկեղեցականներու թափօրով նախ առաջնորդուեցաւ դէպի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ բակը տեղադրուած երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած յուշարձան, ուր ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` անմեղ զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Ապա, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ընկերակցութեամբ, կաթողիկոսը իր հայրապետական օրհնութիւնը բաշխելով ներկաներուն, մուտք գործեց վերանորոգուած եկեղեցին, ուր ծայր առաւ վերաօծման սրբազան արարողութիւնը: Յընթացս արարողութեան` ջուրով եւ գինիով լուացուեցաւ տաճարին սուրբ սեղանը եւ խորան բերուեցաւ սրբալոյս միւռոնը, որով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կատարեց եկեղեցւոյ սուրբ սեղանի օծումը:
Մինչ այդ` դեկտեմբեր 5-ին, տեղի ունեցած էր եկեղեցւոյ նաւակատիքի արարողութիւնը:
Արարողութեան աւարտին հայոց հայրապետը Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերաօծման առիթով իր հայրական պատգամը տուաւ ներկաներուն` աղօթելով վերանորոգուած պատմական աղօթավայրին յաւէտ պայծառութեան, հայրենի երկրի խաղաղութեան, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի ապահովութեան ու բարօրութեան համար:
«Հարիւրյիսնամեայ այս տաճարը, որ փուլ եկած էր 1988-ի աւերիչ երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք, աղէտէն երեսունվեց տարի անց վերստին իր դռները կը բանայ քրիստոսասէր ու աւանդապահ գիւմրեցի հաւատաւոր մեր զաւակներուն եւ ուխտաւորներուն դիմաց: Կը յիշենք երկրաշարժը` իր սարսափելի հետեւանքներով, որ հազարաւոր կեանքեր խլեց, շատեր անօթեւան դարձուց, մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը դրաւ բազում դժուարութիւններու առջեւ: Խորհրդանշական է, որ երկրաշարժի նոյն օրը կը կատարուի տաճարի վերաօծման արարողութիւնը: Մեր հոգիները, որոնք կը կրեն ողբալի իրադարձութեան տարիներու վիշտն ու վէրքերը, եկեղեցւոյ վերականգման առիթով քաջալեր զգացումներով կը պարուրուին` իբրեւ առհաւատչեայ նաեւ այսօրուան մեր կեանքի նեղութիւններու ու խնդիրներու յաղթահարման եւ մեր ազգի խաղաղ ու բարօր յարատեւութեան: Տասնամեակներու ընթացքին աղէտահար մեր ժողովուրդը իր աշխատանքով, բարեկամ երկիրներու աջակցութեամբ շտկեց իր մէջքը եւ վերածնունդ ապրեցաւ: Նոյնպէս ալ Գիւմրիի սրտին մէջ քանդուած այս եկեղեցին աւերակներէն յառնեցաւ Շիրակի թեմի բարեպաշտ հայորդեաց աստուածասիրութեան եւ զօրեղ հաւատքի վէմին վրայ Աստուած կը հիմնէ եկեղեցին, ինչպէս կը շեշտուի մեր հայրերու աղօթքին մէջ. «Հիմնեցուցեր զեկեղեցի Քո ի վերայ վիմի հաւատոյ», ըսաւ վեհափառ հայրապետը` գոհունակութեամբ ընդգծելով, որ Տիրոջ ողորմութեամբ այսուհետեւ Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ պիտի վերսկսին աստուածապաշտական արարողութիւնները, եւ երկնաւոր շնորհներն ու օրհնութիւնները պիտի բաշխուին հաւատաւոր հայորդիներուն:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ հայորդիներու եկեղեցանուիրումի ու առ Աստուած մշտավառ հաւատքի շնորհիւ կառուցուող եւ վերականգնուող իւրաքանչիւր սրբավայր կը դառնայ յոյսի ու զօրութեան աղբիւր` հայրենիքի հանդէպ սիրով, բարութեամբ եւ ազնուութեամբ զօրացնելով Քրիստոսին հաւատացող ազգի զաւակներու ոգին: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքը եկեղեցւոյ շուրջ համախումբ մնալով կը ծաղկի, եկեղեցւոյ շուրջ համախումբ մնալով կ՛ամրապնդուի ժողովուրդին կամքը` սրբազան արժէքներով ապրելու եւ դիմակայելու ապազգային ընթացքներ, պայքարելու վասն արդարութեան ու ճշմարտութեան եւ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան:
«Շիրակցիներու հաւատաւոր, աննկուն ոգիի իւրօրինակ խորհրդանիշ է այս եկեղեցին: Սիրելինե՛ր, որքան անսասան պահենք ու ամուր դարձնենք մեր հաւատքը, այնքան զօրութիւն պիտի ունենանք` միասնաբար մեր կեանքի նեղութիւնները յաղթահարելու, հեռու վանելու քինախնդրութիւնը, վախն ու խարդաւանքը եւ մեզ պատած վիշտերու ու կորուստներու խաւարի մէջ արշալոյս բանալու: Վերականգնուած Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարը այս իրողութեան հոյակերտ վկան ու ապացոյցն է», ըսաւ կաթողիկոսը` պատգամելով ըլլալ ոգիով անկոտրում եւ հոգեւոր մեր արժէքները դարձնել ամուր հիմքը միասնութեան, առ հայրենին աննուազ սիրոյ, դարձնել պատուար փորձութիւններու յաղթահարման եւ ազգային ինքնութեան անխաթար պահպանման:
Ապա Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը յորդորեց հաւատացեալները` միշտ շէն ու պայծառ պահել Սուրբ Ամենափրկիչ գեղեցկակերտ եկեղեցին, բանուկ պահել ճանապարհը դէպի նուիրական տաճարը, հաստատելով, որ մայր եկեղեցւոյ հաւատարիմ մնալով, մեր վերելքը խարսխելով աստուածահաճոյ գործերու եւ ազգանուիրումի վրայ` կ՛ամրագրենք երաշխիքը բարեյոյս կեանքի եւ հզօր, զարգացող հայրենիքի:
Այնուհետեւ ան իր հայրապետական բարձր գնահատանքը յայտնեց` թեմակալ առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանին, թեմի հոգեւոր սպասաւորներուն, թեմական եւ Ծխական խորհուրդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ վերականգնման մէջ իրենց նպաստը ներդրած բոլոր անձերուն, յատկապէս` Վարդան Ղուկասեանի:
Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերաօծման առիթով կաթողիկոսը եկեղեցւոյ ընծայեց Քրիստոսի խաչելութեան սրբապատկերը` որպէս մշտաբուխ աղբիւր Սուրբ Էջմիածինէն բաշխուող օրհնութեան, իսկ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանին բազմամեայ վաստակին ու նախանձախնդիր ծառայութեան իբրեւ գնահատանք` շնորհեց եպիսկոպոսական պանակէ:
Ընդառաջ թեմակալ առաջնորդի միջնորդութեան` Գարեգին Բ. կաթողիկոս Վարդան Ղուկասեանին յանձնեց անոր շնորհուած Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձր շքանշանը:
Այնուհետեւ Միքայէլ արք. Աջապահեան մատուցեց սուրբ պատարագ: Յաւարտ պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ` ի յիշատակ 1988 դեկտեմբեր 7-ի երկրաշարժի անմեղ զոհերուն:
150-ամեայ սոյն տաճարը, որ աւերուած էր 1988-ի երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք, այսպիսով, աղէտէն 36 տարի ետք վերստին իր դռները բացաւ ուխտաւորներուն առջեւ:
Մատենադարանին 74 Հազար Տոլար Յատկացուեցաւ` Արցախի Մէջ Գրչագրուած Ձեռագիր Մատեանները Վերականգնելու Եւ Հանրային Դարձնելու Համար
Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գրչագրուած ժառանգութեան վերականգնմանն ու հանրայնացման» վերաբերող ծրագիրի շնորհահանդէսը` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանին մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին աջակցութեամբ, որ Մատենադարանին 74 հազար տոլար յատկացուցած է` Արցախի մէջ գրչագրուած ձեռագիր մատեաններու եւ անոր հնագոյն պատմութեան վերաբերող բացառիկ վաւերագիրները վերականգնելու եւ հանրային դարձնելու համար:
Ծրագիրին ծիրին մէջ ընտրուած են Գանձասարի, Դադիվանքի, Գնդեվանքի, Խադաւանքի, Գտչավանքի եւ հայկական այլ միջնադարեան վանքերու մէջ 13-18 դարերուն գրուած եւ նկարազարդուած այնպիսի ձեռագիրներ, եզակի արխիւային վաւերագիրներ, որոնք լոյս կը սփռեն հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութեան եւ պատմական անցքերու վրայ:
Իր ելոյթին ընթացքին Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանին` այս շատ կարեւոր ծրագիրի իրականացման աջակցելուն համար:
Ան հաստատեց, որ ծագումով հայկական այս ժառանգութիւնը, այդուհանդերձ, համաշխարհային մշակոյթի փաստ է եւ համաքրիստոնէական նշանակութիւն ունեցող արժէք, ինչ որ կը նշանակէ` համաքրիստոնէական պատասխանատուութեան առարկայ:
Խօսք առին նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քվիըն:
Քվիըն ընդգծեց, որ ինք հիացած է Մատենադարանին կողմէ իրականացուող հսկայական աշխատանքով եւ միշտ սիրով կ՛այցելէ հոն: «Ինծի համար այսօր յատուկ կարեւորութիւն ունի այստեղ ներկայ գտնուիլ եւ ազդարարել այս ծրագրին մեկնարկը, որուն տակ աշխատանքներ պիտի կատարուին Լեռնային Ղարաբաղի ձեռագիր մատեաններու պահպանման ուղղութեամբ: Մշակութային ժառանգութիւնը եւ արժէքները, որոնք կան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, պէտք է միանշանակ պահպանուին», ըսաւ Քվիըն:
Ծրագրի իրականացման վերաբերեալ զեկուցումներ ներկայացուցին Մատենադարանի զարգացման խումբի միջազգային կապերու պատասխանատու Սոնա Բալոյեան եւ Միջնադարեան արուեստի բաժնի աւագ գիտաշխատող Լուսինէ Սարգսեան:
Ձեռնարկին ընթացքին Գուրգէն Դաբաղեանի կատարումով հնչեց «Ղարաբաղի հորովելը», եւ ելոյթ ունեցան «Մեկնարկ» տաղանդի զարգացման նպատակային ծրագիրի պատանիները:
Քննարկում` Հայաստանի Մէջ Պարսկերէնի Ուսուցման Զարգացման Կարելիութիւններուն Շուրջ
Դեկտեմբեր 6-ին կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան ընդունեց Իրանի «Սաատի» հիմնադրամի նախագահ Ղոլամ Ալի Հատտատիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ներկայ եղած է նաեւ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը ընդգծած է երկու երկիրներու միջեւ տարբեր ուղղութիւններով առկայ բարեկամական յարաբերութիւնները: Անդրադառնալով կրթութեան ծիրին մէջ գործակցութեան զարգացման հարցին` Ժ. Անդրէասեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի 13 դպրոցներու մէջ պարսկերէն կ՛ուսուցանուի: Այդ շրջածիրին մէջ կողմերը քննարկած են ուսուցիչներու վերապատրաստման ու փոխանակման ծրագրերու իրականացման հեռանկարները:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Հատտատի յայտնած է, որ անձամբ այցելած է Երեւանի դպրոցներէն մէկը, ուր աւելի քան 400 աշակերտ պարսկերէն կ՛ուսումնասիրէ, եւ այս հանգամանքը արդէն իսկ կ՛ապացուցէ, որ լեզուի ուսուցման մակարդակը Հայաստանի մէջ ամուր հիմքերու վրայ դրուած է:
Ան բարձր գնահատած է տարածաշրջանային լեզուներու ուսուցման Հայաստանի կառավարութեան քաղաքականութիւնը` նշելով, որ այս երեւոյթը ոչ միայն լեզուի, այլեւ դրացի պետութիւններու միջեւ մշակութային ճանաչողութեան հիմք կը հանդիսանայ:
Հանդիպումին մատնանշուած են պարսկերէնի առցանց դասընթացքի կազմակերպման եւ Հայաստանի համալսարաններուն հետ գործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ` գրահրատարակչական եւ թարգմանչական միատեղ նախաձեռնութիւններու առնչուող հարցեր: