Չեմ կարծեր, որ այս օրերուն տակաւին գտնուի մէկը, որ լսած չըլլայ Հալէպի եւ կամ հոնկէ հասնող լուրերու մասին: Բայց, իբրեւ հարազատ քաղաքացի, կրկնութեան գնով ըսեմ, որ գեղեցիկ է մեր քաղաքը: Հակառակ այս օրերու իր տխուր «տեսարանին»` տակաւին պահած է իր գեղեցկութիւնը: Ինքնատիպ եւ նահապետական: Նաեւ աւելցնեմ, որ Հալէպ` մեր այս քաղաքը, որ մեզմէ շատերու ծննդավայրն ալ է, մեզի հետ կը խօսի ամէն օր: Մեզի հետ կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ մեր ժամերը: Հովը, օդը երգել կու տան, հարազատ հրապոյրով ու մանաւանդ` բնական եւ ճակատագրական յատուկ հանգոյցով:
Հին է մեր քաղաքը: Աշխարհի պատմութեան չափ հին: Հոն պարզութիւն կայ, բնական եւ աւանդապաշտ: Կայ նաեւ անսակարկ սէր, հիւրընկալ, ներողամիտ ոգի եւ վաղուան հաւատացող հայութիւն: Ինք` իր հայ գաղութով, ինքնուրոյն դիրքն ու տեղը ունի սփիւռքի մեր կեանքին մէջ: Ոսկիէ կամուրջ մը` հայուն հինին եւ նորին միջեւ: Պատմուած եւ դեռ պատմուելիք հեքիաթներու քաղաքն է ինք` դրախտային ըլլալով հանդերձ:
Հալէ՛պ… ողորմած հայրս մեզի միշտ ըսած էր, որ Հալէպ հայութեան թագն ու պարծանքն է:
Սակայն մեր քաղաքը այս օրերուն որքա՜ն կարօտ է խաղաղութեան: Ու տաժանելի է այս մէկուն բացակայութիւնը: Հոն տակաւին հայ մարդոց միտքը անհանգիստ է, որովհետեւ, ան դարձեալ իր կշռոյթը կորսնցուցած է: Իր կեանքի համը` փոխուած: Արդեօք տակաւին ինչե՜ր կան պահուած մեր այս գաղութին գլխին: Չեմ գիտեր: Պատասխան չունիմ:
Շատերուն նման` ես ալ կորսուած եմ:
Ու ամէն օր «թիվիին» եւ նոյնքան ալ Ֆէյսպուքին դիմաց նստած` ագահօրէն կը դիտեմ տագնապող եւ նման հարցերու մէջ ճարճատող ծննդավայրէս հասած եւ ցուցադրուած նկարները: Ու ինքնաբերաբար տարիներու հեռաւորութենէն, յուզումով, կարօտով եւ լուսաւոր զգացումով եզակի եւ անհանգիստ պահեր կը սկսիմ ապրիլ:
– Ի՞նչ լուր Հալէպէն.- հեռաձայնով կը հարցնեմ բարեկամներուս: Ու անհամբեր, բոլոր հալէպցիներուն նման, ես ալ իմ կարգիս մեծ մտահոգութենէս ծնունդ առած այս հարցումը կը կրկնեմ` սպասելով խապրիկներու եւ, աւելի՛ն, բախտաւոր օրերու լուսաբացին:
Ներկայիս գոյութիւն ունի այն, ինչ որ մեր աչքերը կը տեսնեն: Ու գաղտնիք մը չէ, որ Հալէպ դարձեալ «աղմկոտ» դարձած է, եւ նոյն այդ աղմուկը գողցած է մեր բոլորին ուրախութիւնը, մտքի հանգստութիւնը, երազներու իրականացումը: Բոլորիս հոգիներուն մէջ բան մը փլած է: Թէեւ վառ է գաղութի ազգային ջիղը, վերապրելու եւ մանաւանդ հայկականութեամբ շարունակելու կամքը, բայց այնպէս կ՛երեւի, որ մեր ազգային երազները դարձեալ սկսած են ցնդիլ: Անոր համար յոյսի բառեր փնտռելով զբաղած ենք ամէն վայրկեան:
Ինչպէ՞ս ընդունիլ այս ճշմարտութիւնը: Բոլորիս միտքերը կանգ առած են մտածելէ: Ապշած են: Շուարած են: Ինչպէ՞ս չափել հետեւանքները: Ինչպէ՞ս հաւատք փոխանցել ներկայ իրականութեան: Դարձեալ յոյսի սպասում: Քանի մը տարիներու խաղաղութիւնը մնացած է երանութեան գիրկը, ու կեանքի սովորական հոսքը` պղտորած: Հապա՞ անժամանակ երկրաշարժը: Իրարանցում, մտահոգութիւն, տաղտուկ, անորոշութիւն եւ վախազդու անստուգութիւն: Ամէն բան տեսարան դարձած է: Խաղաղութիւնը սուտ դարձած է: Անոր համար բոլորս ալ, ո՛ւր որ ալ ըլլանք, մեր խոնաւ աչքերը կրկին դէպի վեր` Ամենակալին ուղղած ենք: Արդէն անօրինակ տաղտուկ մը բոյն դրած մեր միտքերուն մէջ: Սարսափելի՛: Վախազդո՛ւ: Կրկին սկսած ենք այպանել ճակատագիրը, որովհետեւ, չա՛ր սատանայ, Հալէպ կրկին բռնած է նոր չարչարանքի մը ճամբան: Համահայկական ցաւ: Հոն կեանքը բանտի վերածուած է: Տեսակ մը` անհամ, թունաւոր եւ ցաւալի: Հայ կեանքի շօշափելի տագնապ: Քաղաքը իր պարզութիւնը իր կեանքին հետ կորսնցուցած ալ է:
Կ՛ուզենք շուտով մեր հայրենակիցներուն խուլ ցաւերուն մօտենալ, որովհետեւ ներկայ իրենց վիճակը կը խռովէ մեր կեանքը: Մեծ վտանգի մը գիտակցութիւնը ունինք եւ կ՛ապրինք բոլորով: Տագնապալի մտավախութիւն:
Ահա թէ ինչո՛ւ գրիչս անկասկած կարօտի գոյն եւ տրամադրութիւն ալ ունի, որովհետեւ այս վիճակը եթէ շարունակուի, հոն ալ խոյս պիտի տան մեր բոլոր հին եւ կամ նորոգուած երազները: Հո՛ն ներկան իր առջեւ անորոշ է:
Հալէպ իր այս աղմուկի մէջ սովորական կրնայ թուիլ աշխարհին: Բայց մեզի համար տարբեր է: Ճիշդ է, որ աշխարհի վրայ ամէն ինչ չէ, որ կարգին է: Անոր համար յոռետես դարձած ենք:
Ու կը կրկնեմ. ներկայիս նախապայման է համախմբել միտքերն ու ծրագիրները, մեր նիւթաբարոյական ծրագրումները` առանց ժամանակի եւ ջիղերու վատնումի, որպէսզի հոն ապրողներուն հաւատք փոխանցենք, յոյս ներշնչենք` ե՛ւ դրական, ե՛ւ անյապաղ, ե՛ւ անսակարկ: Նպաստաւոր պայմաններու ստեղծում ծրագրենք: Միասնաբար` ե՛ւ միատեղ ե՛ւ համախորհուրդ:
Տողերս մուրացկանութիւն չէ՛, որ կը շօշափեն, այլ` ազգային պարտականութեան գիտակցութեան աղերս-յիշեցում: Փորձենք հոն ապրող եւ շնչող մեր հայրենակիցներուն իրենց նախկին «գոյնը» վերադարձնել: Չենք կրնար սպասել, որ խաղաղութիւնը կամ արդարութիւնը վերականգնի: Չենք կրնար աւելի երկար սպասել յոյսին:
Ինչպէ՞ս, ո՞ւր եւ որո՞ւ պէտք է բարձրացնել բողոքի մեր դրօշակը: Երկիւղ կայ, ու այդ մէկը մօտիկ կամ հեռու ապագայի անստուգութիւնն է: Փորձենք, երբ ժամը հնչէ, գործնականօրէն մասնակից դառնալ:
Չենք գիտեր` մինչեւ ե՞րբ եւ որքա՞ն ժամանակ կրնայ դիմանալ այս քաղաքը:
Հալէպ… պատմական հինաւուրց մայր գաղութ: Էջերու վրայ գրուած բառերը դարձեալ խառնուած են: Կարելի չէ պարզ մտքով քննել: Ո՛չ ոք գիտէ, թէ վաղուան արեւին հետ ի՜նչ ուրուականներ կրնան յայտնուիլ:
Հալէպ… այս օրերուն կը խօսի ու պէտք է խօսի բոլորիս հետ: Եւ եթէ մօտէն կը հետեւինք իր ամէնօրեայ հեւքերուն, մտահոգութիւններուն եւ մանաւանդ մաշումին, այն ժամանակ միայն կրնանք հասկնալ անոր տխուր եւ վշտալի իրականութիւնը:
Այս բոլորը… եւ աւելի՛ն, եթէ լսող եւ գործադրող կայ: Սակայն անպայման բոլորիս համար բարձրահունչ եւ բարձրաձայն աղաղակ եւ կոչ մը ըլլալէ չի դադրիր:
Ահա հրաւէր մը` արդար եւ իրաւ:



