22 նոյեմբերին իր աւարտին կը հասնէր «Կարմիր շաբաթ»-ը` նուիրուած աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն: Աղօթական հսկումներ, կարմիրով լուսաւորուած կառոյցներ, որոնցմէ նշենք Փարիզի Նոթր Տամ` Աստուածամօր տաճարը, Լուրտի ուխտատեղին, Սպանիոյ մէջ Սակրատա Ֆամիլիա` «Սուրբ ընտանիք» տաճարը եւ ցուցահանդէսներ: «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ հազարաւոր քրիստոնեաներ համախմբեց` զանոնք աղօթքի հրաւիրելով, իրենց հաւատքին պատճառով հալածուած քրիստոնեաներուն համար:
Այս տարուան «Կարմիր շաբաթ»-ը տասնհինգերորդ անգամն ըլլալով տեղի ունեցաւ 17-22 նոյեմբերին, Ֆրանսայի «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութեամբ, Աժաքսիօ, Ռեն, Վերսայ եւ հուսկ Փարիզ քաղաքներուն մէջ:
Այս վկայութեան եւ աղօթքի երեկոներուն, որոնք նուիրուած էին իրենց քրիստոնեայ հաւատքի համար սպաննուած նահատակներուն, հազարաւոր մարդիկ մոմավառութեամբ կրցան իրենց յարգանքի տուրքը մատուցել մարտիրոսներուն եւ աղօթել հալածուած քրիստոնեաներուն համար:
Այս տարուան մասնակից վկաները կը ներկայացնէին` Փաքիստանը, Պուրքինա Ֆասոն եւ Հայաստանը. Հայաստանը եւ յատկապէս Արցախի աղէտն ու արցախահայութեան տառապանքը ներկայացուց Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Համազասպ վրդ. Քէշիշեանը:
Համազասպ վարդապետ իր վկայութեան մէջ ներկայացուց Արցախին առնչուող անցեալ չորս տարիներու պատահած աղէտալի դէպքերը. ան օրինակներով նկարագրեց պատահարները, 2020-ի սեպտեմբեր 27-ին սկսած քառասունչորսօրեայ պատերազմն ու անոր հետեւանքները, 2022-ի դեկտեմբերէն իննամսեայ շրջափակումը, որուն իբրեւ հետեւանք` Արցախի ժողովուրդը տաժանագին կեանք ապրեցաւ ապրուստի անհրաժեշտ պայմաններու, վառելանիւթի, սնունդի եւ բժշկական ու առողջապահական հիմնական միջոցներու չգոյութեան պատճառով: Հուսկ, 2023-ի սեպտեմբերին` Ազրպէյճանի յարձակումն ու ռմբակոծումը ամէն կողմ, եւ ժողովուրդի խուճապի մատնուիլն ու ամբողջական հայաթափումը քանի մը օրուան ընթացքին, բնորոշելով պատահածը որպէս ցեղային զտում: Ան ներկայացուց նաեւ արցախահայ գաղթականներու կեանքը Հայաստանի մէջ: Սակայն շեշտեց, որ ներկայիս ամբողջ Հայաստանը վտանգուած է, յատկապէս` Սիւնիքը, քանի որ Ազրպէյճանը կը սպառնայ զանոնք կցել իր տարածքին` իբրեւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան», ու ամէն միջոց կը բանեցնէ, որպէսզի իրականացնէ Թուրքիոյ երազած փանթրքական ծրագիրը: Հայաստանի սահմանները անապահով կը մնան, եւ խաղաղութեան ու արդար լուծումներու նշոյլներ չեն նշմարուիր:
Համազասպ վրդ. Քէշիշեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Արցախի մէջ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ մշակութային ցեղասպանութիւն, ազերիները կործանեցին ու կը շարունակեն քանդել հնադարեան եկեղեցիներ, կ՛ոչնչացնեն խաչքարեր, կը պղծեն գերեզմաններ, մեր ամբողջ Արցախի սրբազան ու մշակութային ժառանգութիւնը վտանգուած է:
Ան աւելցուց, որ այսօր հայերս, բացի աղօթքէն, կարիքն ունինք զօրակցութեան, որպէսզի կարենանք խաղաղ ապրիլ, մեր երկիրը ապահով մնայ, մեր արդար իրաւունքներուն տիրանանք, յատկապէս արցախահայութիւնը կարենայ իր հազարամեայ հայրենաւանդ հողերուն վրայ ապրիլ ու գոյատեւել:
Ան համայն հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային, ֆրանսացիներուն եւ մասնաւորապէս «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութեան, որոնք զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերեցին Արցախի մեր հայրենակիցներուն եւ կը շարունակեն այդ մարդասիրական մեծ գործը, ինչպէս նաեւ հրաւիրելով մեզ այս հսկումի ու աղօթքի երեկոներուն` առիթ ընծայեցին, որպէսզի Արեւմուտքը եւ յատկապէս ֆրանսացի ժողովուրդը մօտէն տեղեկանան եւ իրազեկ դառնան Արցախի կորուստին եւ արցախահայութեան ապրած ողբերգութեան:
Տարբեր լրատուամիջոցներ, պատկերասփիւռի ընկերութիւններ եւ ձայնասփիւռի կայաններ անդրադարձան այս հսկումի երեկոներուն, հարցազրոյց կատարեցին նշուած երկիրներու վկաներուն հետ ու բարձրաձայնեցին ամբողջ աշխարհի մէջ իրենց հաւատքին համար հալածուած քրիստոնեաներու տառապալի կեանքի մասին: