Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արարատը` Հայ Ժողովուրդի Լինելութեան ու Յաւերժութեան Պիպլիական Առհաւատչեան

Դեկտեմբեր 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ – ԽՏԸՇԵԱՆ

Թաւշեայ յեղափոխութեան եoթներորդ տարին կը դիմաւորենք ոչ մեր հոգին շոյող գեղեցիկ երազներով, այլ` մեր սիրտն ու միտքը քերծող ամէնօրեայ տխուր յայտնութիւններով: Նոր հոգերու, մտատանջութիւններու ընկճուածութեամբ բեռնաւոր` օրէ օր կը կքինք ցաւագին ու ճնշող յայտարարութիւններու ի լուր  եւ երեւոյթներու  իրերայաջորդ  յայտնութիւններու ի տես,   շուարի մատնուած, թէ ո՞ւր կ՛երթայ հայոց պետականութիւնը, եւ դէպի ո՞ւր կ՛առաջնորդուի մեր ժողովուրդը:

Կը դիմաւորենք Նոր տարին Հայաստանի վարչապետին Դիմատետրի վրայ յայտնուած նոր նկարով (1), ուր ինք պատկերուած է` սափրուած դէմքով, «անբեղ, անմօրուս», նոր ու մաքուր  (իմա` վե՛րջ յեղափոխութեան)  եւ իր խորապատկերին Արագածի պատկերն ու Հայաստանի  նոր քարտէսը` առանց Արցախի,  փոխանցելով Նոր տարուան հաւանաբար Հայաստանի շնորհաւորական քարտը, ուր կը պատկերուի Հայաստանի   Հանրապետութեան նոր խորհրդանիշը` նոր եւ իրական Հայաստանը, Արարատը` փոխարինուած Արագածով, եւ`

«Այստեղ պետութիւն այստեղ հաց,
այստեղ հայրենիք այստեղ կաց»

աղքատիկ ու անհրապոյր լոզունգով մը ամբողջացած:

Հայ ժողովուրդը դարերով իր գոյութեան ընթացքին ունեցած է աւելի՛ պարտութիւններ, քան յաղթանակներ:  Բոլոր իշխանաւորներն ու հրամանատարները, առաջնորդները  իրենց պարտութիւնները վերածած են յանձնառութեան նոր  ուխտի` վերականգնելով ժողովուրդի հոգիին մէջ յոյսն ու հաւատքը  շարունակելու` երթը դէպի լուսաշող ապագան, յաղթանակի գրաւականով պայմանաւորուած:

Հիւսած  են իրենց երգերը  պարտութիւնը յաղթանակելու պայքարի վերանորոգ ոգիով,  կտակելով նոր սերունդներու յուսալքուած հոգիներուն`  յաղթելու տեսիլքը:

Դաջած են սերունդներու սրտին վրայ ու երդուած` «Պիտի հասնի՛նք, սրբազա՛ն Լեռ, կատարիդ», ջերմացած են բանաստեղծին այրող կրակով` Արարատին պատկանելիութեան հզօրութեամբ, եւ  տոկացած են  օտար ու ցուրտ ափերու վրայ կլափող մշակոյթներու դէմ`  Կոմիտասի երգն ու Նարեկացիի աղօթքի մրմունջը իրենց շուրթերուն:

Վարդանանց պարտութիւնը վերածուած է յաղթանակի, երբ Վարդան «Քրիստոնէութիւնը իմ մորթին գոյնն է» յայտարարած ու պատերազմած է պարսից արքայից արքային փիղերով ներխուժող հորդաներու դէմ` պահելով ցայսօր հայու հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը  եւ քրիստոնէութիւնը դարձնելով իր կեանքի ուղեցո՛յցն ու հաւատքի ապառաժեայ սիւնը:

Կախաղաններէն ու մահուան դիարաններէն  «Վրէ՛ժ, վրէ՛ժ» աղաղակեցին իրենց վերջին շունչին հետ եւ Տէր Զօրի անապատներէն յառնելով վրէժ առին` ապրելո՛վ, բազմանալով, շինելով ու ստեղծագործելով:

Ինչպէ՞ս կարելի է ուրանալ հաւատքը հայրենիքին,

Ինչպէ՞ս կարելի է անհաւատարիմ ըլլալ  յանձնառութեան ուխտին:

Պարտութիւնը պիտի չաղքատացնէ մեր հոգիները` յանձնուողական  ու անձնատուութեան սպառնալիքներով: Ցեղասպանութիւնն անգամ  չկրցաւ  մեր հոգիներէն խլել Արարատն ու Կիլիկիան,  Վանն ու Վասպուրականը, Մուշն ու Սասունը,  հայրենիքին վերատիրանալու յոյսը: Մեր բոլո՛ր պարտութիւնները վերածուած են  յանձնառութեան նոր ուխտի,  վրէժի կանչով պայմնաւորուած, հաստատամտութեամբ` երդուած ու պողպատեայ կամքով` շարունակուող, որ կ՛անհանգստացնէ թշնամին ցայսօր:

Բացէ՛ք վերջին հարիւրամեակի մեր գրականութիւնը, եւ այնտեղէն դուրս պիտի ժայթքին մեր բանաստեղծներուն ու գրողներուն վրէժ աղաղակող  պատգամները` չմոռնալու, չուրանալու, չվհատելու, չյուսահատելու եւ շարունակելու պայքարը` հայրենիքին, պայքարը` հողին, պայքարը` հայոց ոսկեղենիկին անաղարտ պահպանման, պայքարը` ազատութեան ու պայքարը` ինքնութեան ու ազգի անսասանութեան:

Պատգամ, որ կու գայ դարերու խորերէն, մեր պապերէն ու հայրերէն` դառնալով վահան ու զէնք մեզ սպառնացող բոլոր բռնակալներուն դէմ:

Որո՞ւ ուղղուած են այդ բոլորը:

Եւ եկա՛ն սերունդներ «Ձայն մը հնչեց էրզրումի հայոց լեռներէն»-ով բորբոքած, զէնքը ձեռին`  «Մենք զաւակներդ օգոստոսափառ պիտի կերտենք նոր Արշալոյս» ուխտեցին եւ  ազատագրեցին Արցախը եւ բերին հասցուցին` ձեզի, Արցախը, որ պիտի հարթէր դէպի Վան, Մուշ, Սասուն ու Արարատ տանող ճանապարհը այսօր:

Տեսէ՛ք, թէ ո՛ւր հասցուցին Արցախը` անկախութեան  երրորդ տասնամեակը չբոլորած:

Ակա՛նջ տուէք մեր երաժշտութեան ու այնտեղէ՛ն պիտի լսէք  նախատինքը մեր բանաստեղծին`

«Հիմի՞ էլ լռենք, երբ մեր քարինք, ապառաժք խօսեն,
Չե՞ն ասել, որ հայք արժանի էին ստրկական անարգ վիճակին»:

Մի՛ խորտակէք մեր գոյութիւնն  ու մեր ինքնութիւնը պայմանաւորող, մեզ հզօրացնող  ու յաղթանակներու առաջնորդող հազարամեայ սիւները:

Սողոմոն իմաստունին երբ  դիմած են երկու կիներ` երեխային պատկանելիութեան վէճը հարթելու վճիռ կայացնելու, Սողոմոն իմաստուն  վճռած է որդին կիսել` հաւասարապէս բաժնելով երկուքի. հարազատ մայրն է, որ ճչացեր է` «Թող մնայ իրեն, միայն թէ ապրի՛  որդիս» (Գիրք թագաւորաց 3:5):

Մե՛նք եւս հիմա կը ճչանք` թող մնայ Արարատը  թուրքին, այնքան ատեն որ տակաւին չենք կրնար «տուն բերել» զայն, բայց  թող մնա՛յ ողջ` մեր հոգիներուն մէջ, մեր երազներուն ու մեր տեսիլքին մէջ: Մի՛  սպաննէք երկրորդ անգամ մը եւս մեր հոգիներուն մէջ բաբախող յաղթանակներու  տեսիլքը, մեր խոյանքին թեւեր տուող,  բարձունքներ նուաճելու մեր ազգային խորհրդանիշ Արարատը:  Մե՛րն է ան, հոգ չէ թէ` պատանդուած եւ բանտուած,  ուշ կամ կանուխ տուն պիտի բերենք, մի՛ խլէք մեր սրտերէն` մեր պատկանելիութիւնը, մեր ինքնութիւնը  եւ մեր հպարտութիւնը, մեր գոյութեան խորհուրդը:

Արարատը հազարամեակներու մեր պատմութեան, մեր ինքնութեան պիպիլիական վկայագիրն է, աստուածաշնչեան պատգամով  մեզի շնորհուած` երկնային պարգեւ:  Ան խորհուրդն է  աստուածային ներողամտութեան, մեկնակէտ` համայն մարդկութեան վերամարդկայնանալու եւ քաղաքակրթութիւններու նոր սկիզբին, չի՛ կրնար եղեռնագործ ու եաթաղանող  թուրքին պատկանիլ: Աստուած է ընտրած, թէ ուրկէ՛ պիտի տայ նոր սկիզբ մարդուն ու մեզի պարգեւած երկնային շնորհը, երբ բազմաթիւ  ազգեր պիտի փափաքէին,  որ իրենցը  եղած ըլլար:

Մինչ մենք հիմա ինչպիսի՜ դիւրութեամբ, առանց ցաւի, առանց զղջումի, առանց խղճի տագնապի,  անհոգութեամբ եւ անտարբերութեամբ կը յանձնենք` զիջելով հազարամեակներու մեր հպարտութիւնը, մեր յաղթանակները, մեր սեփականութիւնը` թշնամիին:

Սա ահաւոր ու սարսափելի անգիտութիւն է եւ աստուածային պարգեւի ուրացում:

Իրապէս անգիտակի՞ց են, թէ ի՛նչ կը կորսնցնեն, թէ՞ փառքն ու նիւթը կուրցուցած է ամէն արժանապատուութիւն ու հպարտութիւն:  Երբ պարտութիւնն անգամ արիութիւն եւ արժանապատուութիւն կը պահանջէ:  Իր ազգին,  իր իրաւունքներուն, իր ժառանգութեան եւ իր արժանիքներուն գիտակցութեան արժանի պատիւն ունենալու   յարգելիութիւն, եւ ոչ թէ թշնամիին քծնիլ` հաճոյակատարութեան ամբողջական զիջողականութեամբ  եւ անձնատուութեան, հպատակութեան պատրաստակամութեամբ:

«Լա՛ւ իմացիր,
Ով ուրանայ խօսքն Աստուծոյ,
Գահի, վախու, փառքի համար,
Տկարանայ կապէն ուխտին,
Որդե՛րն ուտեն մարմինն անոր
Նախ քան իջնելն
Ի ծոց երկրին…
Ցամքի` ինչպէս կայծակնահար
Հսկայ կաղնին`
Հասակն անոր իր արմատէն» (2):

Հրեան կը քանդէ Պաղեստինն  ու  կը կոտորէ  պաղեստինցին, բայց չի կրնար անոր հոգիէն գողնալ Պաղեստինին վերատիրանալու երազն ու հաստատակամութիւնը:

Մինչ թաւշեայ յեղափոխութիւնը գողցաւ ժողովուրդին վստահութիւնը եւ հիմա կը գողնայ մեր յոյսը, կը կործանէ մեր ինքնութիւնը  ու կ՛առեւանգէ մեր տեսիլքը եւ դեռ`  կ՛առեւանգէ սերունդներու  ապագան:

Այլապէս, ինչո՞վ բացատրել սահմանադրական փոփոխութիւնը, Հռչակագիրի վերանայումն  ու Հայոց ցեղասպանութիւն  եւ Հայ դատ եզրոյթներու վերացումը,  «Ազգային գաղափարախօսութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը կեղծ կատեգորիաներ»-ու վերահաստատումը, սփիւռքին ամբողջական մեկուսացումն ու անտեսումը, դասագիրքերէն ջնջելու Արցախը, «Արցախը ազրպէյճանական տարածք է» տանիքներէն գոռում-գոչիւնները  եւ «Պատմական Հայաստան չկա՛յ»  յայտարարութիւնները:

Եւ տակաւին` այն բոլորը, որոնք ինչ որ ազգային ինքնութիւն կը ձեւաւորէ` պատմութիւն, դասագիրք, ուսուցիչ` կրթական համակարգէն` դո՛ւրս, անընդմէջ անուանարկումը եկեղեցիին, հայոց լեզուի անսանձ ու մրցավազքային արագութեամբ աղաւաղումն ու ազգային խորհրդանիշներու վերացումը, ազգային ստեղծագործական տաղանդին ու մշակոյթին բովանդակազրկումն ու  ապազգայնացումը:  Եւ… նոր սահմանագծումներով մեր յաղթանակներու զիջումը: Ի՜նչ մնաց…

Կը խորտակուին մեր պատմութեան, մեր մշակոյթին, մեր ինքնութեան հազարամեայ  սիւները:

«Մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին…»:

Թշնամիին հաճոյանալու անասելի ու անկասելի մարմաջով կորսնցնե՞լ ամէն արժանապատուութիւն,  գիտակցութիւն,  արժէք ու  հարստութիւն եւ չըմբռնե՞լ, թէ ի՛նչ կը կորսնցնեն:

Ահա թէ  դէպի ո՛ւր կ՛արշաւեն  թաւշեայ յեղափոխութեան «քայլողները»:

«Ողբամ զքեզ, Հայաստան…»:

Թող լա՛ւ իմանան բոլոր պետական այրերը, հայրենիքը սեփականութիւնն է ժողովուրդին, որ դարեր շարունակ պահեր, պահպաներ ու սերունդէ սերունդ փոխանցեր ու հասցուցեր ձեզի:  Իսկ պետութիւնները ժողովուրդին կողմէ նշանակուած ժամանակաւոր պահակներն են ազգային ժառանգութեան անարատ ու անխախտ պահպանման:  Տէր կանգնելու երդումով ստանձնած`  նուիրական ու վսեմ գործ, հայրենիքին ծառայելու ուխտ եւ  պահել ու պաշտպանելու, խնամելու, աւելի զարգացնելու, որպէս մասունք տանելու դարերը գալիք` իբրեւ ազգային պարծանք:  Պետական այրերը հայրենիքին  սեփականատէրերը չե՛ն եւ իրաւունք չունի՛ն   հայրենիքի սեփականութիւնը վաճառքի հանելու:

Չմոռնան բոլոր իրենց հաւատքը  ուրացողներն ու ուխտադրուժները,  թէ`

«Կու գան ու կ՛անցնեն նոր ու հին վարչակարգերը բոլոր, իրենց նախագահներով ու  քարտուղարներով, փոքր ու մեծ վարչապետներով ու նախարարներով, կը մնան իսկական արարները մեր պատմութեան, կը մնան արարիչները, կը մնան` Արարա՛տը, Էջմիածի՛նը, Մագաղաթնե՛րը, Հռիփսիմէ՛ն, Նարեկացի՛ն, Կոմիտա՛սը,  մեր յաւերժական ճանապարհի նշաձողերը» (3):

եւ

«Արեւի պէս երկիր իմ, կը վառուես» (4) դարձեալ:

 

1 դեկտեմբեր 2024
Պէյրութ

(1).- Դիմատետրին վրայ տեղադրուած 19 նոյեմբեր 2024-ին:
(2).- Յ. Օշական, «Այն օրերուն»,  էջ 41:
(3).- Սիլվա Կապուտիկեան, «Չեմ կարող լռել», էջ 131:
(4).- Վ. Տէրեան` «Երկիր Նայիրի», էջ 319

Նախորդը

Մխիթարեան Միաբանութիւնը Կը Մասնակցի «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» Կազմակերպութեան Նախաձեռնած Վկաներու Հսկումի Շաբթուան` Ներկայացնելով Արցախի Եւ Արցախցիներու Տառապանքն ու Սպառնալիքները

Յաջորդը

Նոր Պեղումներ, Հետաքրքրական Բացայայտումներ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?