Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Դեսպանը Կը Պաշտպանէ Հայաստանի Շահերը, Եւ Ոչ Թէ` Փաշինեանը

Դեկտեմբեր 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Շատ մեծ սխալ մը կայ, երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մնայուն կերպով զիջումներ կը կատարէ Ազրպէյճանին, մինչդեռ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան  Օլիվիէ Տըքոթինիէն կը պաշտպանէ Հայաստանի շահերը: Հեգնականօրէն, օտարերկրեայ դեսպանը աւելի հայամէտ է, քան` ինքնին Հայաստանի վարչապետը:

Երբ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրկնեց իր սուտը գոյութիւն չունեցող «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի մասին` Հայաստանի Հանրապետութեան փոխարէն, Փաշինեան անամօթաբար նոյնացուց կեղծ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ն ու «Արեւմտեան Հայաստան»-ի համար հայ ժողովուրդին պատմական պահանջատիրութիւնը: Ֆրանսայի դեսպանն էր, որ 24 նոյեմբեր 2024-ին «Էքս»-ի ընկերային ցանցին մէջ պատասխանեց Ալիեւին. «Միակն ու  անկրկնելին. Արեւմտեան Ազրպէյճանը Իրանի 31 նահանգներէն մէկն է, որուն մայրաքաղաքն ու մեծագոյն քաղաքը Ուրմիան է», գրեց ան` մէջբերումներ ընելով «Ուիքիփետիա»-էն: Ան գրառումին կցեց Իրանի քարտէսը, որ ցոյց կու տայ Իրանի մէջ Արեւմտեան Ազրպէյճան նահանգին գտնուած վայրը: Գրառումը դիտուած է աւելի քան 93.000 անգամ` 114 մեկնաբանութիւններով եւ 1100 հաւանութիւններով: «Նեմեսիս Մելքոնեան» կեղծ անունով հայ մը «Էքս»-ի վրայ  գովեց Ֆրանսայի դեսպանը ու գրեց. «Կրնա՞ս մեր յաջորդ վարչապետը դառնալ. ներկայինը բնիկ թուրք է»: Իրանցի մը պատասխանեց. «Իբրեւ իրանցի»` աւելցնելով «OK» ձեռքի նշանը: Ըստ որոշ հայ մեկնաբաններու. ասիկա ապտակ էր Ալիեւին, բայց նաեւ նախատինք` Փաշինեանին:

Նոյն օրը Ֆրանսայի դեսպանը զետեղեց նաեւ Երեւանի նշանաւոր Կապոյտ մզկիթի լուսանկարը եւ գրեց. «Հայաստանի պարսկական ժառանգութեան խորհրդանիշ Երեւանի Կապոյտ մզկիթի պարտէզներուն մէջ»: Այս գրառումը դիտուած է 43.000 անգամ` 46 մեկնաբանութիւններով եւ 660 հաւանումներով: Մինչ ազրպէյճանցի մեկնաբանները կեղծ վերագրումներ կատարեցին, որ Կապոյտ մզկիթը ազրպէյճանական ծագում ունի, բազմաթիւ ուրիշներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ֆրանսայի դեսպանին` այս պատմական պարսկական աղօթավայրը լուսարձակի տակ բերելուն համար: Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ֆրանսայի դեսպանին` «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրելով. «Կապոյտ մզկիթը, որ իրանեան արուեստի խորհրդանիշն է, վերջին երեք տասնամեակին կրկին աշխուժացած է` իբրեւ Հայաստանի մէջ բնակող իսլամներու աղօթատեղի, հաւաքավայր եւ զբօսաշրջային հետաքրքրական կառոյց: Մեծ հաճոյք է, որ պահպանուած է անոր դարաւոր պարսկական արձանագրութիւնները: Ո՞վ կրնայ կարդալ զանոնք…»: Դեսպանութիւնը ապա աւելցուց պարսկական գեղագրութեան քանի մը պատկերներ, որոնք յայտնաբերուած են մզկիթի պատերուն վրայ:

Մորտեխա Քետարը` Ազրպէյճանի պնակալէզ իսրայէլացի մը, քննարկման մէջ միջամուխ ըլլալով, 5 դեկտեմբեր 2024-ին յօդուած մը գրեց «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին մէջ` «Ֆրանսայի դեսպանը վրդովմունք կը յառաջացնէ Հայաստանի մէջ պարսկական գերիշխանութեան աջակցութեան գծով» խորագիրով: Ասիկա ոչինչ, բացի զուտ ազրպէյճանամէտ քարոզչութիւն:

Քետար կը գրէ. «Ազրպէյճանցիները վրդոված են ընկերային ցանցերուն վրայ կատարուած այս գրառումներէն, որովհետեւ Երեւանի Կապոյտ մզկիթը կառուցած են ազրպէյճանցիները, եւ մզկիթը «պարսկական» ներկայացնելու փորձը ցոյց կու տայ շրջանին մէջ Ֆրանսայի աջակցութիւնը պարսկական գաղութատիրութեան: Աւելի՛ն. ազրպէյճանցիները զայրացած են Արեւմտեան Ազրպէյճանը իբրեւ Իրանի մաս ներկայացնելու ֆրանսացի դիւանագէտին փորձէն»: Եթէ ազրպէյճանցիները վրդոված էին Ֆրանսայի դեսպանին գրածէն, ատիկա  Քետարին խառնուելիքը չէ, բացի եթէ ան ակնկալութիւն ունի շահ ապահովելու`  կամաւորաբար հանդէս գալով իբրեւ Ազրպէյճանի քարոզիչ:

Քետար յայտարարեց, որ հայերը Կապոյտ մզկիթը կը բնութագրեն իբրեւ պարսկական` «Իրենց երկրէն (Հայաստանէն) ազրպէյճանական ժառանգութեան ամէն հետք ջնջելու համար»: Քետարը կ՛անտեսէ այն փաստը, որ ազրպէյճանցիները աւերած են հազարաւոր հայկական պատմական յուշարձաններ եւ եկեղեցիներ` Արցախի եւ Ազրպէյճանի մէջ: Աւելի նախատալից յայտարարութիւն ընելով` Քետար կը գրէ, որ «Պարսիկները «օգտագործած են հայկական ապաօրինականացման այս գործողութիւնները` Հարաւային Կովկասի մէջ իրենց գաղութատիրական ազդեցութիւնը ընդարձակելու համար»:

Սաստկացնելով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վրայ յարձակումներու թափը` Էլնուր Էնուէրօղլուն Azernews կայքին վրայ գրած է, որ Ֆրանսայի դեսպանին գրառումները` «Կը բացայայտեն Տըքոթիրնիի պատմութենէն տգիտութիւնը»: Էլնուր նոյնիսկ չէր կարողացած ճիշդ գրել դեսպանին մականունը:

Բնականաբար Ֆրանսայի դեսպանը չէր կրնար անպատասխան ձգել նման անհեթեթութիւնները Քետարին, որուն մանկական փաստարկները խայտառակեցին «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը: Դեսպանը պատասխանեց. «Իսկապէ՞ս, պարո՛ն Քետար: Երեւանի Կապոյտ մզկիթը կառուցուած է պարսկական տիրապետութեան տակ` պարսկական բնորոշ ոճով: Մի՞թէ հռոմէական ջրատարը հռոմէական կոչելը աջակցութի՞ւն է գաղութատիրութեան»:

Թէեւ պատճառ չկար, որ Գերմանիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Նասիմի Աղայեւը քիթը մտցնէր այս հարցին մէջ, սակայն իր ողջ կեանքին ընթացքին ըլլալով ճշմարտութեան կեղծարար` սկսեալ Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս եղած օրերէն, կը գրէ. «Ազրպէյճանական գեղեցիկ Կապոյտ մզկիթը Երեւանի մէջ: Կառուցուած է 1766 թուականին Ազրպէյճանի կառավարիչ Իրաւանի [Երեւանի] խանութեան Հուսէյն Ալի Խանի կողմէ: Հայաստանի մէջ պահպանուած միակ մզկիթը, մնացած բոլորը (առնուազն 269-ը) ոչնչացուած են: Ցաւօք, Հայաստան կը շարունակէ ժխտել Կապոյտ մզկիթին ազրպէյճանական ինքնութիւնը»: Մերի Հոքինս օգտատէրը «Էքս»-ի իր էջին վրայ իրաւացիօրէն պատասխանած է Նասիմիին. «Նկատի ունիս պարսկական մզկի՞թը, ստախօ՛ս խիար»:

Նասիմին, ըստ երեւոյթին, մոռցած է, որ մինչեւ 1918 թուական Ազրպէյճանի նման երկիր գոյութիւն չունէր: Նոյնիսկ այդ ժամանակ Ազգերու լիկայի ընդհանուր քարտուղարը մերժած էր Ազրպէյճանի դիմումը` ճանչցուելու իբրեւ պետութիւն` 1920-ին պաշտօնական յուշագիրին մէջ գրելով. «Այս տարածքը, որ կը գրաւէ 40 հազար քառակուսի մղոն մակերես, կարծես թէ նախապէս երբեք պետութիւն չէ եղած, բայց միշտ ներառուած է աւելի մեծ խումբերու մէջ` մոնկոլական կամ պարսկական, իսկ 1813 թուականէն` Ռուսական կայսրութեան մէջ: Ազրպէյճան անուանումը, որ ընտրուած է նոր հանրապետութեան համար, նաեւ դրացի պարսկական նահանգի անուանումն է»: Հարցը փակուած է:

Ալիեւ իր մոլեռանդութեամբ կարծես չի հասկնար, որ կեղծիքի վրայ հիմնուած իր մնայուն յարձակումները Ֆրանսայի վրայ, լաւ աւարտ չեն խոստանար Ազրպէյճանի համար: Ֆրանսան գերտէրութիւն է, իսկ Ազրպէյճանը`պանանային հանրապետութիւն, որ նոյնիսկ պանան ալ չունի, եւ կը կառավարուի անարժէք բռնապետի  մը կողմէ…

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Նորութիւն. «Իմ Արցախ» Եւ «Իմ Հայաստան» Գրքոյկները` Կաղանդի Լաւ Նուէրներ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Հոքս Դուրս Ձգեց Նիքսը. Հիւսթըն 1 Կէտով Յաղթեց Ուորիըրզի

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?