«Բարի Լոյս«-ի Հրեշտակը (Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի Անթառամ Յիշատակին)
ԽԱԺԱԿ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ Իրմային ամոքիչ ու հոգեթով ձայնին ծանօթացած եմ զինք ճանչնալէս առաջ, տակաւին Լիբանանէն, երբ ամէն առաւօտ «Վանայ Ձայն»-էն մեզի կը մաղթէր բարի լոյս` իր խոհական յայտագիրին ընդմէջէն, եւ` ամէն գիշեր, երբ մեզ կ՛օրօրէր իր «Քնարային» ասմունքային յայտագիրով: «Բարի լոյս, «Վանայ ձայն»-էն...» «Բարե՛ւ, սիրելիներ, «Վանայ Ձայն»-էն ձեզի հետ եմ «Քնարային» յայտագիրով...»: Թորոնթօ հաստատուեցաւ Իրման, եւ իմացայ, որ պաշտօնակիցս պիտի ըլլար...
















