Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բարի Լոյս«-ի Հրեշտակը (Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի Անթառամ Յիշատակին)

February 1, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ

Իրմային ամոքիչ ու հոգեթով ձայնին ծանօթացած եմ զինք ճանչնալէս առաջ, տակաւին Լիբանանէն, երբ ամէն առաւօտ «Վանայ Ձայն»-էն մեզի կը մաղթէր բարի լոյս` իր խոհական յայտագիրին ընդմէջէն, եւ` ամէն գիշեր, երբ մեզ կ՛օրօրէր իր «Քնարային» ասմունքային յայտագիրով:

«Բարի լոյս, «Վանայ ձայն»-էն…»

«Բարե՛ւ, սիրելիներ, «Վանայ Ձայն»-էն ձեզի հետ եմ «Քնարային» յայտագիրով…»:

Թորոնթօ հաստատուեցաւ Իրման, եւ իմացայ, որ պաշտօնակիցս պիտի ըլլար ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին մէջ` իբրեւ հայերէնի ուսուցիչ: Մեծ էր ուրախութիւնս, որովհետեւ վերջապէս պիտի հանդիպէի միգանուշի ձայնին տիրոջը:

Ձայնասփիւռի իր հաղորդումները մէջս ձգած էին այն տպաւորութիւնը, որ Իրման սակաւախօս, հանդարտ, ամչկոտ անձ մըն է: Մեծ եղաւ զարմանքս, երբ հանդիպեցայ վառվռուն, կեանքով լեցուն, համեստ, ժպտուն ու ընկերային Իրմային: Շուտ մտերմացանք: Մեր զրոյցի առանցքը կը կազմէր Լիբանանը, Ճեմարանը, ուրկէ շրջանաւարտ էի իր եղբօր` Վահագնին հետ, եւ ուր ինք կը դասաւանդէր մինչեւ Քանատա հաստատուիլը, եւ անշուշտ` «Վանայ Ձայն»-ը: Քանատա իմ հաստատուելէս ետք ան ունեցած էր «Բարի լոյս»-էն եւ «Քնարային»-էն զատ շարք մը այլ ռատիոհաղորդումներ, ինչպէս` «Գիրքիս հետ», «Պատմուածք», «Շաբթուան առակը», «Մենք», «Հին աստուածներ», որոնք կրնայի լսել «Վանայ Ձայն»-ի SoundCloud-ի էջէն: Կը խօսէր ասմունք ձայնագրելու իր ծրագիրներուն մասին, ես ալ, իմ կարգիս, անոր թեքնիք բաժինին մասին գաղափարներ կը փոխանցէի` իբրեւ «Նոր հայ հորիզոն»-ի հաղորդավար:

Իրման շատ կը սիրէր քալել, եւ դպրոց իր երթուդարձը հետիոտն էր: Ձմեռնային փոթորկոտ ու ձիւնոտ օդ մըն էր, առաջարկեցի զինք տուն հասցնել: Աննպաստ օդին պատճառով հինգ վայրկեաննոց ճամբան տեւեց 20-25 վայրկեան, որուն ընթացքին Իրման ծանօթացաւ երեք դուստրերուս, հաճելի զրոյցներ ունեցաւ անոնց հետ, խնդաց ու խնդացուց: Այդ օրէն ի վեր միշտ կը հարցնէր անոնց մասին եւ կը խնդրէր, որ պատմէի անոնց չարաճճիութիւններուն մասին: Երբ գանգատէի, խիստ, բայց քրոջական նայուածքով ինծի կ՛ըսէր. «Վայելէ իրենց մանկութիւնը, շուտ կը մեծնան»:

Իրման շատ լաւ տանտիկին էր. ուսուցչական մեր ընկերային հաւաքոյթներու ընթացքին միշտ պատրաստ էր իր ձեռագործ պատրաստութիւնները հրամցնելու. «Խաժա՛կ, ասի ձեռքիս գործն է, գնա՛, կե՛ր` չվերջացած»:

Մեր ամէնօրեայ մտերմիկ խօսակցութիւններու ընթացքին էր, երբ անդրադարձայ, որ անհանգիստ էր: Ըսաւ. «Փորի ցաւ մըն է, ճանս, բան մը չէ, պաղ առած ըլլալու եմ»: Երբ այս վիճակը տեւեց քանի մը օր, յանձնարարեցի, որ բժիշկի երթայ: Յաջորդ օրը յայտնեց, որ ժամադրութիւն առած է: Չհասաւ ժամադրութեան, արդէն անտանելի ցաւը զինք հասցուցած էր հիւանդանոցի շտապի բաժանմունքը: Եւ այդ օրէն տարբեր կեանք մը սկսաւ Իրմային համար:

Բայց Իրման մնաց միշտ լաւատես ու յուսալի:

Անցնող տարի աշխատանքս փոխեցի: Ա՛լ չէի դասաւանդեր ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին մէջ: Ամէն առաւօտ նոր գործիս ճամբուն վրայ մտիկ կ՛ընէի Իրմային յայտագիրները, որոնց թիւը կը թեւակոխէր տասը հազարը: WhatsApp-ով կը հաղորդակցէինք: Իր զաւկին` Հրակին միջոցով հաղորդ կը դառնայի իր առողջական վիճակին:

Վերջին անգամ, երբ Հրակին հետ խօսեցայ, յայտնեց, որ արդէն վիճակը վատթարացած է:

Երկրէն դուրս էի, երբ Իրման գնաց դէպի յաւիտենականութիւն:

Չկրցայ նոյնիսկ յուղարկաւորութեան եւ թաղումի կարգերուն ներկայ գտնուիլ:

Իրման ֆիզիքապէս հեռացաւ, բայց մնացին` իր հրեշտակային ձայնը, վարակիչ ժպիտը եւ յուսադրիչ խօսքերը:

Իրման այլեւս անցաւ է:

Հաստատ գիտեմ, որ Իրման հանգիստ չի ննջեր:

Իրման կը ճախրի եռանդուն:

Ա՜խ, Իրմա՛…

 

 

Նախորդը

Ճեմարանի Դարպասին Մօտ

Յաջորդը

Աւետաբեր Եւ Ժպտուն Բարի Լոյսի Դեսպանը*

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.