ԼԻՄ ԼԻՊԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 134 տարի շարունակ իր գոյութեամբ ու գործունէութեամբ ծառայած է հայ ժողովուրդի ազատագրութեան, ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հայրենիքին շէնացման գործին: 1890-ին Թիֆլիս քաղաքին մէջ հիմնուած ՀՅԴ-ն սկզբնապէս նպատակ դրած էր կազմակերպելու հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը օսմանեան բռնապետութեան դէմ եւ ստեղծելու անկախ հայրենիք:
Այսօր, անցեալը դիտարկելով, պիտի գիտակցինք, որ ՀՅԴ-ն ոչ միայն յեղափոխական շարժում էր, այլ նաեւ` գաղափարական դպրոց, որուն նպատակն էր հայ ժողովուրդի միասնութիւնը, ազգային արժէքներու պահպանութիւնը եւ նոր սերունդներու մէջ յեղափոխական ոգիի սերմանումը: Դաշնակցութիւնը կարեւոր դեր խաղաց 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորման մէջ եւ շարունակեց իր պայքարը նաեւ սփիւռքի մէջ` հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար:
134-ամեակը յիշեցում է մեզի, որ ՀՅԴ-ի պայքարը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, իսկ անոր պատգամները կը ներշնչեն սերունդները` հաւատալու ազատութեան, միասնութեան եւ հայ ժողովուրդի փայլուն ապագային:


