Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

39 Տարի Առաջ, Այսօր. Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը

Յունուար 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի մէջ, 39 տարի առաջ այսօր` 31 յունուար 1986-ին, դաշնակցական նուիրեալներ Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Լեւոն Պէրպէրեան եւ Ներսէս Խիւտավէրտեան զոհ գացին անարգ ոճիրի մը, իսկ Յակոբ Պարսումեան առեւանգուեցաւ:

Վատ ոճիրը տեղի ունեցաւ Ուաթ-Ուաթ թաղի «Ալեք Մանուկեան» ակումբին առջեւ, գիշերուան ժամը 9:10-ին, երբ չորս ընկերները ՀՅԴ կեդրոնական «Արա Երեւանեան» ակումբէն քալելով իրենց տուները կ՛ուղղուէին:

Անծանօթ զինեալներ փորձեցին ինքնաշարժով առեւանգել զանոնք, սակայն անոնք դիմադրեցին, այդ պատճառով ալ զինեալները կրակ բացին եւ սպաննեցին Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Լեւոն Պէրպէրեանն ու Ներսէս Խիւտավէրտեանը, եւ Յակոբ Պարսումեանը առեւանգեցին:

Անարգ ոճիրէն մէկ ժամ ետք, Դաշնակցութեան ակումբներէն մէկուն հետ կապուելով` անծանօթ մը «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն-յեղափոխական շարժում» անգոյ կազմակերպութեան անունով ստանձնեց ահաւոր ոճիրին պատասխանատուութիւնը:

Հայանուն վարձկաններու կողմէ գործուած անարգ ոճիրը եւ առեւանգումը խոր ընդվզում ու դատապարտումի մեծ ալիք յառաջացուց հայկական ժողովրդական շրջանակներուն մէջ` թէ՛ պատասխանատու անձնաւորութիւններու, եւ թէ առաջնորդներու մակարդակին վրայ:

Բացայայտ էր, որ դաւադիր սպանութիւնն ու առեւագումը ինքնանպատակ ոճիր չէր, այլ անիկա մէկ նոր օղակն էր դաւադրութեան մը, որ Դաշնակցութեան եւ անոր նուիրեալներուն ընդմէջէն կ՛ուղղուէր բովանդակ հայութեան եւ անոր պահանջատիրական կեցուածքին:

Օրին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուէր, որ ՀՅ Դաշնակցութեան ուղղուած դաւադիր արարքը մէկ օղակն էր լիբանանեան հայրենիքին ուղղուած մեծ դաւադրութեան, որ կը նպատակադրէր իրարու դէմ հանել լիբանանեան համայնքները, ապա նաեւ` երկփեղկել ու ներքին հակամարտութեանց մէջ նետել նոյնինքն այդ համայնքներէն իւրաքանչիւրը:

Հաղորդագրութիւնը կը շարունակէր ըսելով.

«Միջազգային գետնի վրայ բացայայտ իրողութիւն է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ճիգերը լարած է, ի խնդիր հայ ժողովուրդի եւ անոր իրաւունքներուն պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ` զօրավիգ կը կանգնի ի խնդիր իրենց հայրենիքի անկախութեան եւ իրենց ազատութեան պաշտպանութեան համար պայքարող ժողովուրդներուն: Այս իրողութեան պատճառով, իբրեւ կուսակցութիւն` ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛ենթարկուի մեծ ճնշումներու` թէ՛ Արեւելքէն, եւ թէ Արեւմուտքէն»:

***

«Ազդակ», 4 փետրուար 1986-ին, Դաշնակցութիւնը կրնա՛յ լռութեան մատնել հայութեան թշնամիները» խորագիրով խմբագրականին մէջ կը գրէր.

«Առաջին անգամ չէ, որ Դաշնակցութիւնը կ՛ենթարկուի այսպիսի հալածանքի, եւ այս պատճառով մեր կազմակերպութիւնը, շնորհիւ իր ներքին ամրակուռ ուժականութեան ո՛չ միայն կրնայ ձախողութեան մատնել մեր թշնամիներուն սադրանքները, այլ նաեւ իւրաքանչիւր փոթորիկէ ետք ամենայն ինքնավստահութեամբ լծուիլ հայ ժողովուրդի միասնականութեան վերակենդանացման ու զայն առաւել անխոցելի դարձնելու հայանուէր գործին:

«Մեր թշնամիները միայն աւելի զօրաւոր Դաշնակցութիւն մը պիտի գտնեն իրենց դիմաց, Դաշնակցութիւն մը, որ պիտի դիմակազերծէ այդ մոլորեալ ոճրագործները:

«Անհաւասար կռուի ելած հայ ժողովուրդին յայտնի թշնամիները չկրցան զայն հարուածել ճակատէն, առ այդ` անյայտ թշնամիներու գործակցութեամբ եւ հայ վարձկաններու կատարողութեամբ, անոնք լծուեցան հայ ժողովուրդի թիկունքը մաշեցնելու վատոգի պայքարին:

«Բայց հաւատարիմ` հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանելու եւ անոր անկատար տենչերուն իրականացման ճամբուն վրայ ցցուած խոչընդոտները վերցնելու իր ուխտին` Դաշնակցութիւնը` իրեն ուղղուած մարտահրաւէրները ինքնավստահօրէ՛ն ընդունող մեր կազմակերպութիւնը, ա՛յս անգամ ալ պիտի յաջողի տէր դառնալ կացութեան եւ հայ ազատագրական պայքարի սրբազան դրօշը բարձր բռնած` Հայ դատին լուծման ի սպաս պիտի դնէ իր բոլոր կարելիութիւնները»:

Իսկ 8 մարտ 1986-ի «Նահատակ ընկերները կ՛ապրին իւրաքանչիւր հայու էութեան մէջ» խորագիրով խմբագրականին մէջ «Ազդակ» կը գրէ,

«Դաշնակցական նուիրեալ ընկերներ էին անոնք, անձնընդիր եւ զոհաբերուող հայորդիներ, որոնք ճակատագրական օր մը, խորապէս ըմբռնած` դարաւոր մեր թշնամիին` ցեղասպան թուրքին կողմէ հայ ժողովուրդին, իրե՛նց ժողովուրդին պարտադրուած հայրենակորոյս պայմանները, ուխտած էին զինուորագրուիլ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն մէջ եւ այդ ճամբով` իրենց կեանքն ու գործը նուիրել հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին, քաղաքական անկորնչելի ու անժամանցելի իրաւունքներուն կենսագործման սրբազան պայքարին:

«Դաշնակցականի իրենց երդումը տալու պահուն, նահատակ ընկերները գիտէին, ՀՅ Դաշնակցութեան ոեւէ զինուորագրեալի պէս խորապէս ըմբռնած էին, թէ այդ Ուխտը` կուսակցական դառնալու երդումը արեան կապ մը կը ստեղծէր իրենց ու կազմակերպութեան, իսկ Անոր ճամբով` ամբողջ հայ ժողովուրդին հետ. կապ մը` որ կրնար քակուիլ միայն մահով կամ նահատակութեամբ: Եւ անոնք, ոեւէ ուխտեալի պէս, կը ցանկային իյնալ նահատակ` զիրենք ծնող ժողովուրդին իտէալներուն կենսագործման պայքարի ճամբուն վրայ»:

Նախորդը

Մեր Խօսքը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 134-Ամեայ Պայքարը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?