Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

January 31, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ-ի օրուան տօնակատարութիւնները յատկութիւնը ունին մեզ փոխադրելու ներկայիս 134 էջերով հարստացած կուսակցութեան մը պատմութեան զանազան փուլերու` բազմաճակատ պայքարներուն եւ բազմահարիւր նահատակներուն: Դաշնակցութիւնը կուսակցութիւններու պատմութեան մէջ իւրայատուկ եւ եզակի ներկայութիւն մըն է, զինուած` իր ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական գաղափարներով: Հետեւաբար տօնակատարութիւնները մնայուն առիթներ են վերյիշելու անցեալը, սակայն` երբեք բաւարարուելով անոր փառքերով: Առիթ են քննելու ներկան եւ ճշդելու հետագայ փուլի առաջադրանքները: Աւելի՛ն. առիթ են վերատեսութեան ենթարկելու նախկին քայլերն ու քաղաքականութիւնը եւ դիմելու սրբագրումներու: ՀՅԴ-ն իր շարքերէն ներս կը շեշտէ ինքնաքննարկման եւ ինքնարժեւորման կարեւորութիւնը:

ՀՅԴ երիտասարդութիւնը, իր կարգին, տօնակատարութիւնները կը դիտէ ուխտի վերանորոգման դիտանկիւնէ: 1890-ին երիտասարդներու կողմէ հիմնուած այս կուսակցութիւնը երբեք չմոռցաւ եւ պիտի չմոռնայ երիտասարդական իր դիմագիծը: Քրիստափորը երիտասարդ միտքերով զինուած էր, Ռոստոմը` երիտասարդի ամուր կամքով, իսկ Զաւարեանը` երիտասարդի արթուն եւ մաքրամաքուր խիղճով: 134-ամեակի տօնակատարութիւնը առիթ է բոլորին վերյիշեցնելու, որ ՀՅԴ-ն երիտասարդութեան կուսակցութիւնն է, այսինքն ներկայի եւ ապագայի հասցէն է բոլոր անոնց, որոնց համար առաջնահերթութիւնն են ազգայինն ու հայկականը:

Արցախի կորուստը եւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակը պատրուակ չեն կրնար դառնալ պայքարի ոգիի տկարացման կամ ընդհանրապէս անտարբերութեան: Ամենայն պարզութեամբ, դաշնակցական երիտասարդութիւնը այսօր կը ձգտի գործել փիւնիկի հոգեբանութեամբ: 428-ին քայքայուած Արշակունեաց թագաւորութենէն մինչեւ 885-ի պետականութեան վերականգնումը, հայ ժողովուրդը համբերեց 457 երկար տարիներ` ունենալով մէկ նպատակ` անկախութիւն: Օրին ՀՅԴ-ն չկար, սակայն կար ազգային գիտակցութիւնը եւ յեղափոխական ոգի: Այս բոլորը կը վերյիշենք ըսելու համար, որ ՀՅԴ-ն միմիայն 134 տարուան կուսակցական երեւոյթ չէ, այլ նաեւ` ամբողջ ազգի մը բազմահազարամեայ պատմութեամբ գոյացած գաղափարներու միացումը եւ ներկայացումը հանրութեան` իր յարմար ժամանակով եւ պայմաններով:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը` իբրեւ դաստիարակչական միաւոր եւ գաղութի երիտասարդութիւնը համախմբող ամէնէն ազդեցիկ եւ կազմակերպուած երիտասարդական միութիւնը, կու գայ դարձեալ հաստատելու, որ ՀՅԴ-ն 134 տարեկան է, սակայն ան երբեք պահպանողականութեան եւ անցեալի փառքերով պիտի չխեղդուի, այլ իր երիտասարդութեամբ պիտի պահպանէ իր ընկերվարական, յեղափոխական, ազգային եւ ժողովրդարավական գաղափարական սիւները: Դաշնակցական երիտասարդութիւնը, Հրանդ Տինքի նման, քաջութեամբ, նոյնիսկ գայլերուն միջեւ անվախ կերպով պիտի շարունակէ ՀՅԴ-ի երթը` յանուն հայ ազգին, Արցախին եւ Հայաստանին:

Քրիստափոր Միքայէլեան կ՛ըսէ. «Կեանք կայ, որ մահ է, մահ կայ, որ կեանք է»:

Նախորդը

Յաւերժ Պայքար

Յաջորդը

134 Տարուան Հերոսներ

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.