Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անյետաձգելին (ՀՅԴ 134-Ամեակ)

Յունուար 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը այն կազմակերպութիւնն է, որուն մէջ մտնողը յոյս պիտի չունենայ այլեւս անձնական դիրքերու:

Նիկոլ Աղբալեան
(«Ազդակ», 22-1-2025)

Համեստ հայորդին անգամ, որ հազիւ ծանօթ է ՀՅ Դաշնակցութեան անցեալի ողջ պատմութեան, պահ մը ընթերցելէ կամ լսելէ ետք Նիկոլ Աղբալեանի վերեւի խօսքը, տարակուսանք եւ ներքին խլրտում պիտի ապրի, պարզապէս որովհետեւ այս պատգամը, որ արտասանուած է 1925-ին, Գահիրէի մէջ, Դաշնակցութեան օրուան առիթով, արդէն հարիւր տարուան «հնութիւն» մը ունի եւ «համահունչ» չէ 21-րդ դարու կենսաձեւին, ապրումներուն եւ առհասարակ մարդ արարածի կեանքին:

Միւս կողմէ, սակայն, այս կազմակերպութիւնը, որ 135-ամեակի սեմին է ու տակաւին «յաւակնութիւն»-ը ունի իր պայքարը շարունակելու, աւելի՛ն. իր տեղն ու դերը ամրագրելու հայ կեանքէն ներս, այսպէս ասած, կառչած է հնաբոյր, հնամենի եւ ժամանակավրէպ պատգամներու, թելադրանքներու եւ սեփական ողջ պատմութեան:

Իրօք, կառչած է իր սեփական արժէքներուն, հաւատամքին ու գաղափարական աշխարհին ու անոնցմով ստեղծած է իր եզակի մշակոյթը, գիր-գրականութիւնը, կուռ կազմակերպութիւնը, մէկ խօսքով` սեփական պատմութիւնը:

Պատմութիւն, որ էապէս օղակուած է իր ժողովուրդի կեանքին հետ եւ ծնունդն իսկ է տուեալ ազգին, որ տառապելէ ետք հազարամեակ մը իր ծոցէն լոյսին բերած է  Դաշնակցութիւնը, որ հրապարակ եկած է մատակարարելու ազգային շունչ ու ոգի, ապրելու յոյս եւ տոկալու կամք` ազգի զոհասեղանին մատուցելով հզօր անհատականութիւն ունեցող տիտաններ, անձնուրացներ, նուիրեալներ, մահէն անգամ չվախցող հերոսներ, որոնք ժամանակի ճիշդ կիզակէտին նետուեցան մարտի դաշտ եւ, թէկուզ անհաւասար ու շատ անգամ գերազանցող թշնամի ուժերու դէմ, ցոյց տուին սխրանքներու ամէնէն պանծալին եւ հայրենասիրութեան ամէնէն բիւրեղ յարացոյցը:

Ու այս կազմակերպութեան անդամակցած բազմահազար նուիրեալները, որոնք յաջողեցան թափած արեան շնորհիւ անկախութիւն եւ պետականութիւն կերտել, թէկուզ երկու տարուան կեանք ունեցող, իրենց երդումին եւ ուխտին տիրութիւն ընելով` հայրենի հողէն, օդէն եւ ջուրէն զրկուելով հանդերձ, սփիւռքի զանազան մեծ թէ փոքր գաղութներու մէջ շարունակեցին Հայաստանով ապրիլ, ազգային արժէքներ սնուցել եւ, պայքարի տարբեր ձեւեր որդեգրելով, Արարատին հասնելու երազը վառ պահել:

Այո՛, ՀՅ Դաշնակցութեան ամրակայման ու տարածման ուժ ու կորով սնուցած, միտք ու քրտինք, հոգի ու կեանք մաշեցուցած առաջին եւ երկրորդ սերունդի դաշնակցական ընկերները, որոնք տակաւին ողջ մնացած էին, հրաժեշտ տուին այս կեանքին, Արարատը ազատագրելու վառ յոյսով ու հաւատքով, միշտ ու ամէն առիթի իրենց պատգամը փոխանցելով հետնորդ սերունդներու, թէ հայրենիքի ծառայութիւնը եւ հայ ժողովուրդի ի նպաստ նուիրումը, ՀՅ Դաշնակցութեան համար սոսկ խօսքեր չեն, այլ դաշնակցական հաւատամքին ու գաղափարայնութեան կենսաղբիւր:

Արդ, երբ մեր կուսակցութիւնը սկսաւ տակաւ սփիւռքի կեանքին ընտելանալ ու իր ամբողջ ուժով լծուեցաւ նախ գաղութներու կազմակերպման աշխատանքին ու ապա` ազգային-գաղափարական մտածողութեան աշտարակումին, արդէն դէմ յանդիման գտնուեցաւ ուժեղ հոսանքներու եւ տեղայնական ընկալումներու:

Հոսանքներ` ներքին ու արտաքին, որոնք պատճառ դարձան մերթ ընդ մերթ ցնցումներու, սայթաքումներու եւ բարոյահոգեբանական ընկրկումներու: Այլապէս ալ տեղայնական մտմտուքներն ու ապրելակերպը` ուղղակի հարուած հասցուցին գաղափարական անհատի կառուցուածքին, որովհետեւ մէկ կողմէ նիւթական կեանքի տիրակալութիւնը իր թաթերը տարածեց եւ միւս կողմէ` յանձնառու դաշնակցականի կերպարը տակաւ այլափոխուեցաւ:

Այդուհանդերձ, իրերայաջորդ սերունդներ իրենց երդումով եւ աշխատանքով թեւ եւ թիկունք եղան ՀՅ Դաշնակցութեան, իրենց աջակից ունենալով համակիրներու լայն զանգուածի մը օժանդակութիւնն ու յենարանը, ինչ որ ապահովեց ազգային ու կուսակցական կեանքի յարատեւութիւնը:

Ու փոխուեցան ժամանակները, արդի գիտական աշխարհը սրընթաց իր ուժով եւ անհասանելի կարողականութեամբ իր ազդու եւ ներգործուն ներկայութիւնը ցոյց տուաւ մարդ արարածին վրայ, իսկ արհեստագիտութեան նուաճումները ուղղակի թափանցեցին մարդկային կեանքէն ներս, իրենց դրական ու ժխտական հետեւանքով:

Կեանքի յարափոփոխ ու դաժան առօրեային դէմ յանդիման, փոփոխութիւն կրեցին գաղափարական աշխարհի արժեհամակարգերն անգամ, երբ այլեւս անդարձ մեկնեցան հնաբոյր թէ հնամենի գործելակերպերն ու ապրելակերպերը:

Հասանք մեր օրերը, երբ կազմակերպական կեանքի բարեփոխումներն ու աշխատանքային ձեւերը սկսան անյետաձգելի պարտադրանք դառնալ, երբ «հին»-ի ու «նոր»-ի պայքարն անգամ շիջեցաւ, երբ անտարբերութեան, ինքնագոհութեան, կեղծ ու ստապատիր ապրելաձեւի, ցուցամոլութեան եւ թշուառական ինքնագովութեան ու գաղափարական սնանկութեան որոմներ իրենց իշխանութիւնը տարածեցին մարդ արարածին կեանքին վրայ, երբ ազգային-գաղափարական հոգեկերտուածքը սկսաւ բախիլ արդի ժամանակներու պարտադրած ուժեղ նիւթականութեան, երբ անհատի նուիրական աշխատանքն ու զոհողութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձան` շատ անգամ հեգնանքի ու ծաղրանքի ընթացք տալով:

Արդ, վերոնշեալ պաստառին ընդառաջ եւ այլատեսակ հակառակորդներու թէ թշնամիներու հարուածներու դիմաց, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը փորձէ պաշտպանել ինքզինք` ամրօրէն կառչած մնալով իր առաքելութեան ու պահուածքին, սակայն, կայ, գոյութիւն ունի աղաղակող ճշմարտութիւն մը, որ մեր կազմակերպութիւնը պէտք է  բարեկարգումի ճանապարհին ընթացք տայ` ընդունելով սեփական-անհատական սխալները, թերութիւններն ու մարտավարական խաղքութիւնները:

Ուրեմն, ի՛նչն է ակնկալուածը, ընդգծելին եւ անհրաժեշտը:

Ակնկալուածը` ռազմավարական մտքի ու գործելակերպի հնչեղութիւնն է, որ կը համընկնի ու համահունչ է 21-րդ դարու պահանջներուն:

Ընդգծելին` կազմակերպական կեանքի վերաթարմացումն է, առաւել կուռ եւ պաշտպանուած ըլլալու, ինչպէս նաեւ` դաստիարակչական ձեւի, ոճի ու մօտեցումի բարեփոխութիւնն է, որպէսզի նորահաս սերունդի ընկալումներուն ընթացք տրուի եւ շարքերու շարունակականութիւնը ապահովուի:

Անհրաժեշտը` դէմքերու փոփոխութիւնն է, արհեստավարժ, մասնագէտ եւ ունակ սերունդի պատրաստութիւնն է, որով պիտի յաջողինք առաւել բիւրեղանալ եւ դաշնակցական հմայքին ու հեղինակութեան փայլք տալ:

Այո՛, պատուաբեր նման գործընթացներու եւ փոխըմբռնումներու լոյսին տակ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պիտի կարենայ վերարժեւորել ինքզինք յանուն կուսակցական կեանքի ու ազգային շտեմարանի պայծառացման:

Ըսած ենք ու դարձեալ յստակացնենք, որ մե՛նք ենք տէրը մեր պատմութեան եւ արժեհամակարգին, թէկուզ այդ պատմութիւնը ունենայ ելեւէջներ, պարտութիւն թէ յաղթանակներ: Մենք արժանի ժառանգորդն ենք 134-ամեայ սրբազան պայքարին, որ այս օրերուն կը դիմագրաւէ բազում խոչընդոտներ, մարտահրաւէրներ:

Ու այս մօտեցումէն թելադրուած, պարտաւոր ենք լծուիլ ներքին ու արտաքին բարեկարգումի, այլ խօսքով` կազմակերպական կեանքի վերանայման, շարքերու խտացման, գաղափարական տաճարի աշտարակումին, քաղաքական մտքի առաւել խորացման եւ դաշնակցական արժանահաւատ ակունքի վերաբոցավառումին:

Եթէ երբեք Դաշնակցութեան ողջ պատմութիւնը գոյութիւն չունենար, վերեւի մտածումները տեսական բարբաջանքներ պիտի սեպուէին, իսկ ապագայի հանդէպ մեր ունեցած հաւատքը` լոկ մտքի մարզանք:

Մտահան պէտք չէ ընել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ բարեփոխումի թէ բարեկարգումի հիմքը քննական մտքի առկայութիւնն է, խոհական կեցուածքի ու վարքագծի որդեգրումը, դաշնակցականի յանձնառութիւնը, հանդուրժողութիւնն ու իրերհասկացողութիւնը, բայց մանաւանդ`շահեկան հարցադրումներու գիտակից պատասխաններ ունենալն է ըստ ամենայնի:

Արդ, ինչո՛ւ կը յամենայ անյետաձգելի բարեկարգումի ազդանշանը…

 

 

Նախորդը

Մտածելով «Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն» Սիւնակին Գրութիւններուն Մասին

Յաջորդը

134-Ամեայ Դաշնակցութեան Մահուան Տեսիլքը Սպասողներուն Համար. Մահազանգ Հնչեցնողներուն Նպատակները Եւ Դաշնակցութեան Գոյատեւման Գաղտնիքները

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?