Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտածելով «Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն» Սիւնակին Գրութիւններուն Մասին

Յունուար 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

ՀՅԴ-ի 134-ամեակի նշման ամէնէն դաստիարակիչ ու ոգեւորիչ ձեռնարկը «Ազդակ» օրաթերթի նախաձեռնած «Այժմէական եւ թելադրական խոհեր անցեալէն» սիւնակն էր: Հաւանաբար զիս խանդավառողը յօդուածներէն ժայթքող յեղափոխաշունչ ոգիին մեր կարիքը կամ յաղթանակներ արձանագրած թուականներու սեմին գրուած ըլլալնուն իրողութիւնն էր, այնուամենայնիւ ցնորական չեն անցեալի մեր ղեկավարներուն ու գործիչներուն տիպար օրինակները, այլ` անհրաժեշտութիւն են այսօր, ամէն բանէ աւելի:

Այս յօդուածաշարը առիթ ընծայեց վերանայելու մեր հաւաքական կենցաղակերպին պարզած իրավիճակին: Որքա՛ն դիպուկ էր դար մը առաջ արտասանուած Նիկոլ Աղբալեանի խօսքը նահատակներու հոգեկան կառուցուածքի շարունակականութեան մասին: Ներկան անցեալին ագուցելու կարողութիւն ունեցող ՀՅԴ-ն որքա՜ն գործ ունի կատարելիք 2025 թուականին` մանաւանդ, երբ ռազմական արդիւնաբերութեամբ հզօր ու ծաւալապաշտութեամբ ծարաւ մեծ պետութիւններ տարբեր արհեստագիտութիւններու օգտագործումով մեզի նման ածուներու արմատները կը կտրեն անոնց հողերէն: Երբ կ՛ըսենք «ՀՅԴ-ն գործ ունի կատարելիք», չկարծէք, թէ կառոյցը կ՛անջատեմ ժողովուրդէն, որ կը կազմէ կուսակցութիւնը ու կ՛ապահովէ անոր կեանքը: Ի վերջոյ, թէկուզ դասագիրքի սահմանումով կուսակցութիւն մըն է ՀՅԴ-ն, սակայն հայոց պատմութեան մէջ հիմնական ազդակն է մեր գոյութեան: Ասոր կ՛անդրադառնայ ՀՅԴ-ի 83-ամեակին առիթով «Հաւատք ու կորով» վերնագիրով խմբագրականը: Հայու գոյութիւնը կրնան ապահովել միայն հայերը` յստակ առաքելութեամբ, տեսլականով ու արժէքներով թրծուած: Աղբալեան նաեւ կ՛անդրադառնայ ՀՅԴ-ի այլ առանձնայատկութեան` եսասիրութեան եւ անձնասիրութեան գերեզման ըլլալուն: Ներկայ դարուս մարտահրաւէրներէն մէկը եսասիրութեան քարոզչութիւն տանող հաստատութիւններու եւ հաւաքական կեանքի մէջ անհատի մը դերակատարութիւնը նուաստացնող մեքենաներուն դէմ դնելն է: Ինչպէ՞ս կարելի է ընտանիք մը պահել, երբ իւրաքանչիւր անդամ ինքնիր շահը բարձր կը դասէ ընտանեկանէն. ո՛ւր մնաց, երբ ընտանիքը հայրենիքն է:

Զոհաբերութեան մասին կ՛ակնարկէ Ե. Փ.-ն «Անձնուրացները» յօդուածին մէջ, դարձեալ վերոնշեալ սիւնակին տակ լոյս տեսած: Հոն ան կ՛ընդգծէ, որ դաշնակցական տիպարը` վերադառնալով հինին` անձնուրացներուն, վերանորոգուեցաւ ու իր վրայէն թօթափեց անձնական շահերու, հանգիստի եւ փառասիրութեան ախտերը ու այսպիսով նոր դառնալով` վերադարձաւ հինին, նախատիպին:

Կարօ Սասունիի աւելի մօտիկ անցեալին գրած «Երկաթէ կամքով» յօդուածին մէջ սրտիս խօսեցաւ հայ ժողովուրդին բնութագրումը` իբրեւ «երկաթէ մարդ, քարէ հոգի»: Առանձնացնելով Լիբանանի վերջին տասնամեակի տնտեսական վիճակը, կը մտահոգուիմ յաճախ, որ լիբանանահայը նեղ օրերուն ստացած նիւթական ու սնունդի օժանդակութիւնը շփոթէ մենաշնորհումի հետ: Բնականաբար չեմ ակնարկեր անտէրներու եւ անկարողներու մատուցուած խնամքին. այդ մեր ազգային պարտականութիւնն է, որուն բոլորս մասնակից պէտք է ըլլանք տարբեր մակարդակներով: Մտահոգութիւնս նման կեանքի վարժ դարձած անհատներու կեանքի փիլիսոփայութեան չարափոխումն է` ի հետեւանք «դուրսէն իրենց հասնող» օգնութեան: Ի վերջոյ, երկաթէ կամքը ապրանք մը չէ, որ կ՛ունենանք, կ՛օգտագործենք ու կը սպառենք, այլ չհատնող աղբիւրն է մեր կեանքի բոլոր դժուարութիւնները դիմակայելուն: Եթէ առօրեայ դժուարութիւններուն դիմաց երկաթէ կամք չցուցաբերենք, որքանո՞վ կրնանք հայրենիքի պաշտպանութեան համար պայքարիլ. վերջերս քիչ լսողաց չեղանք հայրենիքի մէջ նոր սերունդին այն խօսքին, որ չ՛ուզեր ծննդաբերել, որպէսզի զաւակը ստիպուած չըլլայ «սահման երթալու եւ մեռնելու»…

Գառնիկ Բանեան կուսակցութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ դաւանանք: Անկարելի է Բանեանի «Գաղափարական աւանդ» յօդուածը կարդալ առանց ենթագիտակցութեանդ մէջ Այնթուրայի յուշերուն տողանցքին: Հաւանաբար որոշ գաղտնիք մը կայ վերապրողներու մօտ, որոնց արտասանած խօսքերը աւելի դիպուկ կը խրուին մեր հոգիներուն մէջ: Ցեղասպանութեան արհաւիրքը անմիջականօրէն ապրած Բանեանի յօդուածը կենդանի ապացոյց է հիներու աւանդով զինուած արգելները յաղթահարելու մեր կարողութեան:

Աւելի մօտիկ թուականներուն գրուած «Ազդակ»-ի խմբագրականները եւս կ՛ոգեկոչեն Դաշնակցութեան արժէքները ու լուսարձակի տակ կ՛առնեն ժողովուրդին ունեցած վստահութիւնը կուսակցութեան հանդէպ: Այս վստահութիւնը պիտի դառնայ 134 թիւը բարձրացնելու երաշխիքը:

Վերջապէս, Նուպար Չարխուտեանի գեղեցիկ գրիչով կ՛ուզեմ աւարտել այս մտորումներս`

– Անո՛ւն մը, անո՛ւն մը,¬ գոռացին հազարաւոր բերաններ:

– Հա՜յ,- պոռաց մեզմէ առաջինը:

– Յեղափոխակա՜ն,- պոռաց երկրորդը:

– Դաշնակցութի՜ւն,- աղաղակեց երրորդը:

Եւ բազմութիւնը, ծովու ալիքներուն պէս փոթորկած, ովկիանոսներու մռնչիւնէն աւելի ուժգին պոռաց.

– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն:

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 134-Ամեայ Պայքարը

Յաջորդը

Անյետաձգելին (ՀՅԴ 134-Ամեակ)

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?