Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

134-Ամեայ Դաշնակցութեան Մահուան Տեսիլքը Սպասողներուն Համար. Մահազանգ Հնչեցնողներուն Նպատակները Եւ Դաշնակցութեան Գոյատեւման Գաղտնիքները

January 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ այսօր լոյս կը տեսնեն Դաշնակցութեան թաղման արարողութիւնը ազդարարող յայտարարութիւններ, յօդուածներ եւ մեկնաբանութիւններ: Եթէ երէկ այդ «մահազդ»-ները դեղնած թերթերու մէջ կը հրապարակուէին, այսօր ընկերային ցանցերու էջերու վրայ կը տեղադրուին եւ կամ ալ հարցազրոյցներով կը յայտարարուին: Նոյնն է. միայն եղանակը փոխուած է:

Վստա՛հ եղէք, որ այն պահուն, երբ Դաշնակցութիւնը դադրի ազգային գաղափարախօսութենէն, հրաժարի Հայ դատէն ու ամբողջական հայրենիքէն, ա՛յն ատեն բոլոր մահազդները կը պատռուին, եւ բամբասող բերանները կը փակուին, ա՛յն ատեն ղեկավարութիւնը «լաւ» կ՛ըլլայ, եւ ա՛յն ատեն ներքին-արտաքին ճնշումները կը դադրին, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի թշնամիներուն նպատակներու իրականացման դէմ յանդիման կանգնող միակ ուժն է, որ 134 տարի պայքարած է, եւ որուն գինը շատ սուղ վճարած է: Այո՛, հայկական իրականութեան մէջ ամէնէն շատ հալածանքներու, առեւանգումներու, սպանութիւններու, պառակտումներու փորձերու, մասնատման ճիգերու եւ ցեխարձակումներու ենթարկուած կազմակերպութիւնն է:

Սակայն, հակառակ ներքին-արտաքին ճնշումներուն, հակառակ տասնեակ տարիներու Թուրքիոյ իշխանութիւններու հակադաշնակցական քայլերուն, հակառակ պոլշեւիկներու հետեւողական ճիգերուն, հակառակ նիկոլականներու լայնածաւալ հակաքարոզչութեան եւ ներքին խլրտումներ յառաջացնելու դադար ու սահման չունեցող ճիգերուն, այսօր Դաշնակցութիւնը կը գոյատեւէ, կանգո՛ւն է:

Ո՞ւր է Դաշնակցութեան գոյատեւման գաղտնիքը: Հարցում մը, որուն պատասխանը «Մահազդ»-ը պատրաստողներուն մեծամասնութիւնը լաւապէս գիտէ, որովհետեւ անոնց կարեւոր մասը Դաշնակցութեան դպրոցէն անցած է, բայց կա՛մ չէ յաջողած, եւ կա՛մ ալ բոլոր դասերուն լաւապէս չէ տիրապետած:

134-ամեայ Դաշնակցութեան գոյատեւման գաղտնիքը գաղափարական արժէքներուն կապուածութիւնն է, ինքնարժեւորման, ինքնակազմակերպման եւ ինքնամաքրագործման ու ինքնարտադրման մէջ է:

Այո՛, այսօր Դաշնակցութիւնը վիրաւոր է, որովհետեւ ազգի սպիները չեն բուժուած: Դաշնակցութիւնը վիրաւոր է` Արցախի կորուստով, Հայաստանի իշխանութիւններու պարտուողական-յանձնուողական քայլերով եւ Սփիւռքի անորոշ ու մոլորուած պատկերով: Վիրաւոր է, որովհետեւ զիջողական անիւը չէ կասեցուած: Վիրաւոր է, որովհետեւ ազգը վիրահատութեան կարիքն ունի, ներքին ապստամբութեան կարիքն ունի, ներքին ցնցումի կարիքն ունի:

Այսօրուան պայմաններէն առաւել դժուարին օրերուն Դաշնակցութիւնը չէ յանձնուած, չէ տկարացած եւ չէ հրաժարած իր սկզբունքներէն: Ժամանակն է, որ 134-ամեայ Դաշնակցութիւնը սկիզբ դնէ հայ ժողովուրդի պատմութեան հպարտութեան արժանի էջերուն: Ժամանակն է, որ վերանայուին առաջնահերթութիւնները: Ժամանակն է, որ նորերը գան եւ հիներուն գործը շարունակեն այսօրուան պայմաններուն ու պահանջներուն համահունչ, պայմանաւ որ չշեղին արմատներէն ու կուսակցութեան ուղիէն: Ժամանակն է, որ շարքերուն դռները առաւել եւս ամրանան ու «պատուհանները» անցորդներուն դիմաց փակ մնան, եւ ժամանակն է, որ դաստիարակչական միաւորները լիովին վերցնեն մարդուժի պատրաստութեան դերը, որպէսզի գալիքին արտաքին հոսանքները վերստին չփորձեն ներսի-դուրսի, ղեկավարի-շարքայինի, հինի-նորի, հայաստանցիի-սփիւռքահայի անտեղի ու անհիմն վէճերով կուսակցութիւնը կազմաքանդելու նոր ճիգեր թափել:

Դաշնակցութիւնը հայ ազգի տագնապալի օրերուն միշտ ալ յոյս ներշնչող, ժողովուրդին կողքին կանգնող, արմատներուն առաջնորդող, ազգային հպարտութիւն մատակարարող, արժանապատուութիւնը բարձր պահող եւ յաղթանակներ կերտող եղած է եւ վստահաբար այսօր ալ այդ առաքելութեան մէջ պիտի ըլլայ:

Վերջապէս, այնքան ատեն որ թշնամիին հողեր յանձնողները, Արցախէն ու Արեւմտահայաստանէն հրաժարողները, հայութեան միասնակամութիւնը ջլատողները, Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ իսկական աղանդաւորները Դաշնակցութեան հակադրուած են, ապա ուրեմն Դաշնակցութիւնը իր ծրագիրէն ու գափարական արժէքներէն երբեք չէ շեղած: Այնքան ատեն որ թուրքն ու ազերին եւ անոնց հայ գործակալները Դաշնակցութեան դէմ են, ապա ուրեմն կուսակցութիւնը իր ճիշդ «հուն»-ին` ուղիին մէջ է…

Մեր բոլորին տօնը շնորհաւոր:

 

 

Նախորդը

Անյետաձգելին (ՀՅԴ 134-Ամեակ)

Յաջորդը

ՀՅԴ 134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.