Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրանդ Տինք` Արդարութեան Նահատակ

January 31, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃՈՐՃ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան»

«Մենք անոնցմէ ենք, որոնք կ՛ուզեն իրենց ապրած դժոխքը դրախտի վերածել»:
ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ

Մտաւորական եւ  լրագրող Հրանդ Տինք կ՛ահաբեկուի 19 յունուար 2007-ին, արդարութեան ճամբուն վրայ: Ան գլխաւոր խմբագիրն էր «Ակօս» շաբաթաթերթին, որ լոյս կը տեսնէր Թուրքիոյ մէջ թէ՛ արեւմտահայերէնով եւ թէ՛ թրքերէնով: Ան Թուրքիոյ սրտին` Պոլսոյ մէջ, կը գործէր ի նպաստ հայ ազգի եւ հայ ինքնութեան արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Անոր երկու ամէնէն կարեւոր թիրախներն էին` պայքարիլ թուրք պետական համակարգին դէմ եւ պաշտպանել փոքրամասնութիւններուն, մասնաւորապէս հայերու արդար իրաւունքները այդ երկրին մէջ, ուր պետութիւնը կ՛ուրանար Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան բարձրաձայն կը խօսէր իրականութեան մը մասին, որ վտանգ կը հանդիսանար իր կեանքին: Կը քննադատէր պետութիւն մը, որ կը մերժէր ժողովրդավար երկիր մը ըլլալու պահանջը:

Հարցազրոյցի մը ընթացքին Հրանդ Տինք կը յայտարարէ. «Ես ՀԱՅ մըն եմ Թուրքիայէն»: Այս մէկը, ուրիշ այլ յօդուածներու կողքին, հսկայական ազդեցութիւն կ՛ունենայ, ան նոյնիսկ կը դատարպարտուի «թուրք ինքնութիւնը անարգելու յանցանքով»: Տինք միմիայն գրիչով մը կը սարսափեցնէր պետութիւն մը:

Դժբախտաբար իր գծած արդարութեան ուղիին վրայ, «Ակօս»-ի խմբագրատան դիմաց կը նահատակուի թուրք ծայրայեղ երիտասարդի մը կողմէ:

Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը հսկայական հետք մը կը ձգէ եւ ծնունդ կու տայ համաշխարհային շարժումի մը` կեդրոնացած Թուրքիոյ մէջ` «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք» լոզունգներով եւ խօսքերով: Այս բոլորը բաւարար էին համոզելու, որ Տինք պայքարեցաւ արդարութեամբ` պաշտպանելով ոչ միայն հայու արժէքները, այլ նաեւ մարդկային պարզ իրաւունքներ` անարգուած թուրք պետութեան կողմէ:

Օսմանեան կայսրութեան օրերէն մտաւորականներ, որոնք արդարութեան գաղափարներ կ՛ընծայեն ժողովուրդին, հալածուած են: Թշնամին չէ փոխուած: Աշխարհին դիմաց Թուրքիա դարձեալ ցոյց տուաւ, որ ինք ոճրագործ պետութիւն մըն է:

Տինք փորձեց ստեղծել հայ-թուրք կապեր, սակայն անոր նահատակութիւնը հաստատեց, որ նման յարաբերութիւն մը կը մնայ պարզապէս ցնորական գաղափար մը, եւ թուրքերուն մէջ մինչեւ այսօր կ՛ապրի հայերը բնաջինջ ընելու մտածումը: Այդ մէկը ցոյց տուաւ նաեւ խոցերը` Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան:

Վերջապէս, Հրանդ Տինք քաղաքակրթօրէն պաշտպանեց եւ ներկայացուց Հայ դատը եւ Հայկական հարցը Թուրքիոյ մէջ, պաշտպանեց հայ-թուրք երկխօսութեան կարեւորութիւնը: Իր ժառանգութիւնը եղաւ ազդեցիկ, սթափեցուց մտաւորական աշխարհը` բացայայտելով թրքական երազը` համաթուրանական կայսրութեան փափաքը:

 

Նախորդը

Հրանդ Տինք` Խիզախութեան Եւ Խաղաղութեան Խոհրդանիշ

Յաջորդը

Խոնարհ Հերոս` Հրանդ Տինք

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.