Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 134-Ամեայ Պայքարը

Յունուար 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

1890 թուականին ծնունդ առած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը մինչեւ օրս կը մնայ եւ պիտի մնայ երիտասարդ: Ամէն տարի, երբ կը տօնենք Դաշնակցութեան տարեդարձը, կը վերանորոգենք ուխտը եւ երդումը` հանդէպ  հայանպաստ ծրագրի մը ռահվիրային, որ կը մնայ գլխաւոր դերակատար, մղիչ ուժը համայն ազգի մը գոյատեւման պայքարին մէջ: Համայն աշխարհը ականատես եղած է տարիներու արդիւնաբեր եւ յարատեւ գործունէութեան մը, որ կը գործէ շարունակական ձեւով` յանուն Հայ դատի արդար լուծման, հայութեան իրաւունքներուն ու արժանապատուութեան:

Իրերայաջորդ սերունդներ յաջորդաբար իրենց մասնակցութիւնը բերած են եւ պիտի շարունակեն

բերել կերտման ու իրագործման իւրայատուկ ծրագիրի մը, որպէսզի նոր արիւնը հինին խառնելով` հզօր ու անսասան պահեն կուսակցութիւն մը, որ կարողացած է դէմ դնել բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներուն,

որոնք վտանգած են գոյութիւնը երբեք չյանձնուող ազգի մը:

Ինչպէս պտղատու ծառը կը քարկոծուի միշտ, նոյնպէս ալ ՀՅԴ-ի արգասաբեր ծառը միշտ քարկոծուած է եւ պիտի քարկոծուի ալ,  բայց եւ այնպէս, միշտ պիտի կարողանայ պտուղ տալ,

սնունդ եւ նոր աւիւն տալ իր ազգի զաւակներուն անխտիր: Գործողը միշտ կրնայ սխալիլ, անսխալական անձ չկայ: Կարեւորը խօսքը գործի վերածելով  եւ սխալներէն դաս առնելով գործելն է:

«Խօսքը առանց գործի մեռեալ է», ըսած է ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն Ռոստոմը, իսկ «Մեզ վարանումներ չեն հարկաւոր, այլ հաւատ, մեզ խօսքեր չեն հարկաւոր, այլ գործեր, մեզ թերահաւատութիւն չէ հարկաւոր, այլ եռանդ, մեզ տատանումներ չեն հարկաւոր, այլ` վճռողականութիւն եւ յանդգնութիւն», պատգամած է  ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեան:

Ստեփան Զօրեան նոյնպէս գործի կարեւորութեան մասին ըսած է հետեւեալը.

«Յեղափոխութիւնը նախ գործ է, յետոյ` գաղափար, սա՛ է ճշմարտութիւնը: Աւելի ճիշդ`

յեղափոխութիւնը գործ է գաղափարի համար»:

ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրները գործած են եւ

հիմնաքարը դրած` գործող ու արարող կուսակցութեան մը, որուն կանոնագիրը ինքնին ապրելակերպ է:

Հայոց ազգի պաշտպան Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր երթը եւ անդադար պիտի գործէ ու տէր կանգնի Հայ դատի երկար ուղիին` մինչեւ մեր բոլոր իրաւունքներու եւ տենչերու ձեռքերումը: Արեան գնով կերտուած իրագործումները անկարելի է, որ չքանան, նոյնիսկ երբ ներկայի մարտահրաւէրները ըլլան դաժան եւ բազմաթիւ, կացութիւնները կրնան որոշ ժամանակ սեւ ամպերով պատուած ըլլալ. բայց եւ այնպէս, կը հաւատանք, որ ՀՅԴ-ին արեւուն

ճառագայթները պիտի կարողանան չէզոքացնել  շուրջի խոչընդոտները եւ նորանոր յաղթանակներու ճանապարհը լուսաւորեն անգամ մը եւս: Պատմութիւնը փաստած է Դաշնակցութեան այս վճռականութիւնն ու յաղթանակներ կերտելու անկոտրում կամքը:

Բարի՛ երթ` դէպի 135-ամեակ եւ դէպի

նորանոր նուաճումներ:

 

Նախորդը

39 Տարի Առաջ, Այսօր. Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը

Յաջորդը

Մտածելով «Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն» Սիւնակին Գրութիւններուն Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?