ԱՐԵՒԻԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ
«Մեծ աղբարիկ» Հրանդ Տինք ծնած է Մալաթիա, 15 սեպտեմբեր 1954-ին: Ունէր 2 եղբայր եւ ամուսնացած էր Ռաքէլ Եակպասանի հետ: Անոնք ունին 3 զաւակ: Իր կնոջ հետ ան ստանձնեց «Թուզլա» մանկապատանեկան ճամբարի տնօրէնութիւնը, բայց հալածուեցան թուրք կառավարութեան կողմէ եւ զրպարտուեցան, թէ կեդրոնին մէջ զէնքեր կը պահեն: Անշուշտ ճամբարը փակուեցաւ, եւ Տինք ձերբակալուեցաւ:
1990-ական թուականներուն իր եղբայրներուն հետ Հրանդ Տինք գրախանութ մը բացաւ: Նոյն ատեն ան կը թղթակցէր «Մարմարա» օրաթերթին: Իր ծածկանունը «Ջութակ» էր:
1996-ին Տինք հիմնեց «Ակօս» շաբաթօրեայ թերթը, որ առաջին անգամ կը հրատարակուէր թէ՛ թրքերէնով եւ թէ՛ հայերէնով: «Ակօս»-ը ձախակողմեան ընդդիմադիր կարծիքներ կը տարածէր: Տինք գրեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարեկամական կապերու հաստատման, սահմաններու բացման, Թուրքիոյ ժողովրդավարացման եւ այլ նիւթերու մասին:
2002-ին Հրանդ Տինք դատուեցաւ բանախօսութենէ մը ետք, որուն մէջ խօսած էր ինքնութեան հաստատման եւ քաղաքացիութեան կարեւորութեան մասին: Ան 4 տարի բանտարկուեցաւ: Բայց իր մեծագոյն խնդիրը տեղի ունեցաւ, երբ գրեց, որ Սապիհա Կոքչին` Աթաթուրքին խորթ աղջիկը, հայկական արմատներ ունի: Իր դէմ հալածանքը սկսաւ մինչեւ իր անարգ սպանութիւնը` 19 յունուար 2007-ին, «Ակօս» թերթի գրասենեակին առջեւ:
Համեստ էր եւ լուռ գործող, իր ազգի զոհասեղանին ինքզինք նուիրաբերեց: Անզուգական հայորդի, անհաւասար պայքար մղող, վաստակաւոր լրագրող, մեծ ազգասէր Հրանդ Տինքը կ՛ըսէր. «Մեր ազգը այնպիսին է, որ կը ձգտի մեր բնակած դժոխքը վերածել դրախտի»: Ան կը հաւատար, որ հայ ժողովուրդի ապագան աւելի փայլուն պիտի ըլլայ` հակառակ տիրող քաղաքական ծանր իրավիճակին:
Մենք` իբրեւ ԼԵՄ-ականներ եւ հայ երիտասարդներ, պէտք չէ մոռնանք Հրանդ Տինքի նման տիպար հայ մը, որ խօսքի սահմաններէն անցաւ գործի, իր կեանքը եւ ապրելակերպը ձեւակերպեց հայ ժողովուրդի բարօրութեան ի խնդիր: Ապրելով թուրքերու մէջ` փորձեց զանազան ձեւերով միջին եզրեր գտնել հայերու գործերը դիւրացնելու եւ թուրքերու հետ միատեղ խաղաղ կեանք մը ապրելու համար: Իր ազգայնական մտքերը եւ կեանքը ծայրայեղականներու թշնամանքը յառաջացուցին եւ կռնակէն անարգ փամփուշտով մը նահատակուեցաւ: «Ակօս»-ի մայթին վրայ ինկած Տինքին լուսանկարը երկար ատեն պիտի մնայ բոլորին մտքերուն մէջ եւ պիտի յիշեցնէ, որ խոնարհ հերոսները անոնք են, որոնք իրենց կեանքով կը թարգմանեն իրենց ազգային գաղափարախօսութիւնը: Խունկ եւ մոմ` անոր ազնիւ յիշատակին: