Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաւերժ Պայքար

January 31, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԻՆ ԱՅԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարախօսութեամբ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը նշէ իր 134-րդ ամեակը: Հայ ժողովուրդի ցաւերուն ծոցէն ծնած այս կուսակցութիւնը կը շարունակէ մնալ պայքարի մեծագոյն ուժը` Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ:

Երկար տարիներ շարունակ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, սփիւռքահայութիւնը իր շուրջ հաւաքելով, միշտ ձգտած է զարգացնել հայու ոգին ու աշխատած է պահպանել հայութեան միասնականութիւնը: Կարգ մը երկիրներու եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ, Դաշնակցութիւնը երեսփոխաններ ու նախարարներ ունենալով` մուտք գործած է քաղաքական կեանքին մէջ եւ մեծ դերակատար հանդիսացած է սփիւռքահայուն իրաւունքներն ու ձայնը պետութեան հասցնելու առումով:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ, որոնցմէ մեծագոյնը իր դէմ մղուած` ծրագրուած յարձակումներն ու քարկոծումն է, յատկապէս երբ ատիկա կատարուի հայերու կողմէ: Արդարեւ, անընդունելի են նման արարքներ, երբ բոլորս ունինք` նոյն անցեալը, նոյն պատմութիւնը, նոյն ցաւերն ու տառապանքները: Վերջապէս, ԲՈԼՈՐՍ ՀԱՅ ԵՆՔ:

Դաշնակցութեան դէմ գործողներն ալ լաւ պէտք է գիտնան, որ Քրիստափորի, Սիմոնի ու Ռոստոմի անէծքը զիրենք պիտի հալածէ, ո՛ւր ալ երթան: ՀՅ Դաշնակցութիւնը միմիայն հայրենասիրական նպատակներու, ծրագիրներու եւ գաղափարական սկզբունքներով կուսակցութիւն մըն է: Առ այդ, անկեղծ համակիր ըլլանք միմիայն գաղափարին, երազին, եւ համոզումին` ձեռք-ձեռքի հասնելու համար մեր նպատակին:

Այսօրուան իրավիճակով ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարը դժբախտաբար շատ հեռու է մեզմէ: Հարկ է մեր աչքերը լաւ բանալ ու հասկնալ, որ եթէ փոփոխութիւն մը չըլլայ, 110 տարուան մեր պահանջը պիտի մնայ պահանջ: Ցաւալին այն է, որ երբ անդադար հողեր կը կորսնցնենք, ու անպատիւ դաւաճաններ ոսկեայ ափսէի ամանի վրայ մեր հողերը կը յանձնեն թշնամիին, մեր պահանջները օրէ օր կը բազմանան: Վերջապէս, «Սուգը յաւերժ է, եթէ պայքար չկայ»:

134 տարիներ ետք ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր սուրբ գործունէութիւնը` փաստելով իր ուժն ու արդար տեսլականը: Ան կը մնայ կայուն ու հաստատ` իր դիմագրաւած բոլոր խոչընդոտներուն դէմ, հակառակ բոլոր անոնց, որոնք կ՛աշխատին զայն տկարացնել:

Կեցցե՛ն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ու իր գաղափարախօսութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Խոնարհ Հերոս` Հրանդ Տինք

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.