Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Խորհրդարանի Նախագահը Կը Նախընտրէր, Որ Բոլոր Արցախցիները Սպաննուած Ըլլային

Փետրուար 21, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարները հատեցին բոլոր կարմիր գիծերը: Արցախը յանձնելէ ետք, անոնք ներկայիս կը վտանգեն Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը: Այս տագնապալի զարգացումը իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ողջ ղեկավարութեան մեղքն է, սկսեալ` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն,  հասնելով մինչեւ անոր նախարարները, Ազգային ժողովի նախագահն ու խորհրդարանական մեծամասնութիւնը:

Արցախի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանին յանձնելու Փաշինեանի համաձայնութիւնը ապօրինի էր, քանի որ ան իրաւասութիւն չունէր Արցախի վերաբերող: Գիտակցելով այդ մէկուն` վարչապետը ո՛չ Ազգային ժողովին, ո՛չ ալ Սահմանադրական դատարանին վաւերացման դիմած է հռչակագիրը ստորագրելէ ո՛չ առաջ, ո՛չ ալ ետք: 2020 թուականի պատերազմէն առաջ Փաշինեան ի՛նք խոստովանեցաւ, որ ինք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն էր եւ ոչ մէկ կապ ունի Արցախի հետ, միաժամանակ բարձրաձայն յայտարարելով` «Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ»: Ասիկա անոր հակասական բազմաթիւ յայտարարութիւններէն մէկն է:

Ամբողջ աշխարհին մէջ իշխանութեան ղեկավարներուն մեծ մասը հրաժարական կը ներկայացնէ պատերազմին ընթացքին արձանագրած նման կործանարար կորուստներ կրելէ անմիջապէս ետք: Անոնք կ՛ընդունին իրենց ձախողութիւնը եւ իրենց դիրքը կը զիջին ուրիշին, որպէսզի այդ ուրիշը կարողանայ փրկել մնացածը: Փաշինեան` իբրեւ հոգեբանօրէն ջախջախուած մարդ, չի կրնար պատշաճ կերպով կառավարել երկիրը եւ վերականգնել իր մեղքով հասցուած վնասը:

Փաշինեան յամառօրէն կը կառչի իշխանութեան` այդպիսով ալ աւելցնելով վնասներն ու կորուստները: 2020 թուականի պատերազմէն ի վեր ան ոչ մէկ անգամ գործածած է Արցախ բառը եւ երբեք չէ անդրադարձած արցախցիներու վերադարձի իրաւունքին: Ան մատը մատին չի դպցներ Պաքուի մէջ դատուող Արցախի ղեկավարներու ազատ արձակման համար: Ան կը պնդէ, որ արցախցիները Հայաստանի քաղաքացիներ չեն, թէեւ անոնք ունին Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրներ:

Ասոր զուգահեռ, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան, որ ապաշնորհ է նոյնքան, որքան վարչապետը, նախորդ շաբաթ անգամ մը եւս խենթ ու խելառ պատասխաններ տուաւ արցախցի լրագրողին պարզ հարցումին: Հարցումը հետեւեալն էր. «Ե՞րբ եմ վերադառնալու Արցախ»: Սիմոնեանը պատասխանեց. «Երբ անվտանգ լինի, երբ մենք խաղաղութեան պայմանագիր կը կնքենք: Դուք այնտեղից դուրս եկաք, որովհետեւ անվտանգ չէր, չնայած` կարելի էր մնալ ու պայքարել մինչեւ վերջ, բայց դուք դուրս եկաք: Այն զէնքով պայքարէիք, որ Հայաստանը թողել էր: Պէտք էր կռուել, Հայաստանը կռուել է»: Ասիկա Փաշինեանի թեզին սովորական դրսեւորումն է`  իրենց ձախողութիւններուն մեղքը բարդել բոլորին վրայ:

Իրավիճակը վատթարացաւ, երբ լրագրողը Սիմոնեանին հարցուց, թէ ինչո՞ւ կը խուսափի Արցախ անունը օգտագործելէ, ան ամբողջովին անհեթեթ ժխտողական պատասխան տուաւ. «Ես քաղաքական գործիչ եմ, օրինակ, դէմ եմ, որ այլ երկրի քաղաքացի իմ քաղաքներից մէկն անուանի թուրքական, ազրպէյճանական անունով, եւ ես քաղաքական գործչի էթիկան պէտք է պահպանեմ»: Ան Արցախ ըսելը անամօթաբար բաղդատեց թուրքի կամ ազրպէյճանցիի կողմէ հայկական քաղաքը թրքական անունով կոչելուն հետ…

Միայն պարտուած բարձրաստիճան պաշտօնատարը կրնայ այսպէս արտայայտուիլ: Ան շատ լաւ գիտէ, որ արցախցիները պայքարած են իրենց ուժերուն ներածի չափով` 19 սեպտեմբեր 2023-ին 24 ժամուան ընթացքին սպաննելով 205 ազրպէյճանցի զինուորներ եւ վիրաւորելով 1004 ուրիշներ, սակայն անկարող էին շարունակել դիմակայել լաւ զինուած թշնամիին, որ իրենցմէ շատ աւելի հզօր էր: Անոնք հեռանալէ բացի` այլընտրանք չունէին: Եթէ անոնք աւելի երկար մնային, բոլորն ալ կը կոտորուէին ազրպէյճանական զօրքերուն կողմէ: Թերեւս Սիմոնեան այս մէկը կը նախընտրէր:

Արդարեւ, կան բազմաթիւ ապացոյցներ նախորդ մարտերուն ընթացքին ազրպէյճանցի զինուորներուն դաժան կեցուածքին մասին, երբ անոնք տեսանկարահանեցին տարեց քաղաքացի տղամարդու մը գլխատումը: Այլ սարսափելի յանցագործողութեամբ մը ազրպէյճանցի զինուորները «հպարտօրէն» տեսանկարահանած էին, թէ ինչպէ՛ս կը խոշտանգեն, կ՛անդամահատեն, կը բռնաբարեն ու կը սպաննեն հայ կին զինուորական Անուշ Ապետեանը 2022 թուականի սեպտեմբերեան յարձակման ժամանակ` կտրելով անոր ոտքերը, կտրած մատը դնելով բերանը, հանելով աչքը եւ զայն փոխարինելով քարով… Ասոնք պատերազմական սահմռկեցուցիչ յանցագործութիւններ են…

Սիմոնեանի հակաարցախեան մեկնաբանութիւնները անմիջապէս զայրոյթ յառաջացուցին ամբողջ Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ: Հայկական եւ արցախեան մեծ կազմակերպութիւններ յայտարարութիւններ հրապարակեցին` խստօրէն դատապարտելով զայն:

Արցախցիներուն մնալու եւ կռուելու մասին դասախօսութիւն կարդալու փոխարէն, Ալեն Սիմոնեան լաւ կ՛ընէր` տեսնելով աղէտալի կեցուածքը իր սեփական իշխանութեան, որ ոչինչ ըրաւ Արցախի մէջ հայրենակիցները փրկելու համար, ինչ որ Հայաստանի իշխանութեան սահմանադրական պարտաւորութիւնն է: Ընդհակառակն, 21 սեպտեմբեր 2023-ին, երբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի արտակարգ նիստին կը խօսէր Արցախի վրայ Ազրպէյճանի հսկայ յարձակման մասին, վարչապետ Փաշինեան ողջ աշխարհին առջեւ խայտառակեց իր նախարարը` Երեւանի մէջ ուղիղ սփռումով յայտարարելով. «Հիմա, այս պահին, մեր գնահատականն այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեանը ուղիղ սպառնալիք չկայ»: Այսպիսով, Փաշինեան հիանալի արդարացում տուաւ Ազրպէյճանին` կոծկելու իր զանգուածային յանցագործութիւնը, եւ վնասեց միջազգային իրաւաբաններու այն պնդումին, որ արցախցիները ենթարկուած են ցեղային զտումներու եւ ցեղասպանութեան:

Վստահ եմ, որ Հայաստանի յաջորդ ազգայնական իշխանութիւնը պիտի յայտարարէ, որ Փաշինեանի բոլոր բանաւոր կամ ստորագրած պայմանագիրները, պարտաւորութիւնները եւ յայտարարութիւնները կը խախտեն Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները: Հետեւաբար անոնք ոչինչ են: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանն ու Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւը պէտք չէ ժամանակ վատնեն` Փաշինեանէն զիջումներ պահանջելով, քանի որ Հայաստանի յաջորդ իշխանութիւնը չեղեալ պիտի յայտարարէ այն բոլորը, զորս ան զիջեցաւ իրենց:

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Նախորդը

Արցախ Այցելած Թուլսի Կեպըրտ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէն` Նախագահ Թրամփի Ամէնօրեայ Տեղեկահաւաքի Զեկուցող Խորհրդատու

Յաջորդը

Գիտական Նորութիւններ

RelatedPosts

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան.  Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան
Անդրադարձ

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան. Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան

Մայիս 24, 2025
«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Ծանօթացան Լուր Գրելու Սկզբունքներուն
Անդրադարձ

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն

Մայիս 24, 2025
Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը
Անդրադարձ

Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը

Մայիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?