ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Վերոնշեալ տնօրէնին կայքէջը այսպէս կը նկարագրէ պաշտօնը (1). «Ազգային հետախուզութեան տնօրէնը (Director of National Intelligence) կը ծառայէ իբրեւ ԱՄՆ-ի հետախուզական համայնքի ղեկավար` վերահսկելով եւ ղեկավարելով Ազգային հետախուզական ծրագիրի իրականացումը եւ հանդէս գալով իբրեւ նախագահին, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին եւ Հայրենիքի անվտանգութեան խորհուրդին գլխաւոր խորհրդական` անվտանգութեան հետ կապուած հետախուզական հարցերով (Սի Այ Էյ, Էֆ Պի Այ եւ Հոմլենտ սեքիւրիթի*): Նախագահը կը նշանակէ զայն ծերակոյտին խորհուրդով եւ համաձայնութեամբ»:
Նախկին զինուորական, արդարամիտ, ուղղամիտ, բանը իր անունով կոչող եւ խաղաղութեան ջատագով Կեպըրտ 20 սեպտեմբեր 2017-ին քոնկրեսական պատուիրակութեան մը հետ Արցախ այցելած էր: Իսկ 29 փետրուար 2020-ին Քայիտայի, ՏԱՀԵՇ-ի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կապին մասին Եութիուպի վրայ խիստ ոճով արտայայտուած էր (2): Այս բոլորին մասին ««Կը բաւէ՛ Քայիտայի Եւ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները ազատամարտիկ կոչէք» – Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու Թուլսի Կեպըրտի կտրուկ ուղերձը` բռնակալ Էրտողանի մասին» խորագիրով 5 մարտ 2020-ի յօդուածս կը կցեմ ստորեւ (3):
1. Թուլսի Կեպըրտ Թուրքիոյ բռնապետին մասին ուղերձի պահուն: 2. Կեպըրտ հազարապետի աստիճան կը ստանայ:
«Շաբաթ, 29 փետրուար 2020-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու դեմոկրատական Թուլսի Կեպըրտ, Սուրիոյ Իտլիպ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ներխուժումին մասին հետեւեալ կտրուկ ուղերձը յղեց նախագահ Թրամփին եւ ՕԹԱՆ-ին: Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ տեսերիզէն առնուած խօսքը (2). «Այս պահուս Ռուսիան մարտանաւեր կ՛ուղարկէ Սուրիա` պաշտպանելու համար զայն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական յարձակումէն, որ կը գործադրուի միասնաբար անոր դաշնակից Քայիտայի կողմէ: Նախագահ Թրամփ պէտք է շատ յստակ պատգամ մը ուղղէ ՕԹԱՆ-ին եւ Թուրքիոյ Էրտողանին, որ Միացեալ Նահանգները ՕԹԱՆ-ին միջոցով պիտի չներքաշուին Ռուսիոյ հետ պատերազմի մը մէջ` ծայրայեղ իսլամ, յարձակողական եւ ծաւալապաշտ Թուրքիոյ բռնատէրին կողմէ:
«Զանգուածային լրատուամիջոցները պէտք է դադրի՛ն Իտլիպի մէջ գտնուող Քայիտան եւ անոր արբանեակ զինեալ խմբաւորումները իբրեւ «ապստամբներ» եւ խաբէական ճիգով մը զանոնք իբրեւ ազատամարտիկներ ներկայացնելէ: Ես եւ հազարաւոր ամերիկացիներ զինուորագրուեցանք` ինը տասնմէկի (11 սեպտեմբեր 2001-ի) Ամերիկայի վրայ Քայիտայի յարձակումէն ետք: Զանգուածային լրատուամիջոցներուն եւ Թրամփի վարչակարգին կողմէ Քայիտան յարատեւ շարունակուող «ազատամարտիկներ» պիտակաւորելը նախատել եւ անպատուել է մեր բոլոր տարազաւոր այրերը եւ կիները (բանակայինները) եւ ամբողջ մեր երկիրը:
«Թուրքիան տարիներով քուլիսներու ետին ՏԱՀԵՇ-ի եւ Քայիտայի ահաբեկիչներուն զօրավիգ կը կանգնէր, սակայն հիմա Թուրքիան ստիպողաբար վարագոյրին ետեւէն դուրս կու գայ եւ կը բացայայտէ իր տարիներու վրայ երկարող ճիգը` տապալելու համար Սուրիոյ կառավարութիւնը:
«Թուրքիոյ իսլամիստ Էրտողանը կ՛ուզէ իսլամական խալիֆայութիւն մը ստեղծել Սուրիոյ մէջ` վերահաստատելու համար իսլամական Օսմանեան կայսրութիւնը, եւ ան կը գործակցի Քայիտայի եւ այլ ահաբեկիչներու հետ` իրագործելու համար իր այս նպատակը: Ինք կ՛ուզէ դառնալ խալիֆան (Մոհամետ մարգարէի ժառանգորդը) իր ստեղծած իսլամական նոր խալիֆայութեան:
«Թուրքիոյ Էրտողանը մեր բարեկամը չէ՛, ան աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր բռնատէրերէն է, եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնն ու լրատուամիջոցները պէտք չէ օժանդակեն այս իսլամիստ մեծամոլին եւ անոր դաշնակից Քայիտային:
«Ժամանակը վաղուց անցած է Քոնկրեսին կողմէ ընդունելու եւ որոշելու իմ ներկայացուցած «Դադրեցնել ահաբեկիչները զինել» օրինագիծը, որ պիտի արգիլէ մեր կառավարութեան` օժանդակել Թուրքիոյ նման երկիրներուն, որոնք կ՛օգնեն մեր թշնամիին` Քայիտային: Իւրաքանչիւր նախագահական թեկնածու պէտք է այս մասին իր կեցուածքը յայտնէ: Արդեօք իրենք զօրավիգ կը կանգնի՞ն իմ ներկայացուցած «Կասեցո՛ւր ահաբեկիչները զինել» օրինագիծին»:
Թուլսի Կեպըրտ ամերիկեան Սամոայէն, 1981-ի ծնունդ, Քոնկրեսին մէջ 2012-ին ընտրուած Հաուայի նահանգը ներկայացնող առաջին հինտու կրօնի հետեւող անդամն է եւ` Հաուայեան կղզիներու Ազգային պահակագունդի հազարապետ: Ան 2004-2005 Իրաքի մէջ ծառայած է, ապա 2008-2009` Քուէյթի մէջ: Վարած է Դեմոկրատական կուսակցութեան ազգային վարչութեան փոխատենապետի պաշտօնը: Այժմ Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուներէն է (4):
3. Աջէն երկրորդը` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրանք Փալոն, երրորդը` Թուլսի Կեպըրտ Արցախի մէջ, 20 սեպտեմբեր 2017-ին խորհրդարան այցելութիւն:
Կեպըրտ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրանք Փալոնի հետ 20 սեպտեմբեր 2017-ին Արցախ այցելած էր (5): Խօսելով Արցախ կատարած իր առաջին այցելութեան մասին` ընդգծած էր, որ իբրեւ նախկին զինուորական` քաջ կը գիտակցի պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն կողմէ խաղաղութեան ընկալման արժէքը եւ, իբրեւ իշխանութեան ներկայացուցիչ, հետագային եւս պիտի շարունակէ աջակցիլ արցախցիներու արդար պահանջին:
Կեպըրտ նշած էր, որ պատուով կը ներկայացնէ Հաուայ նահանգը, որ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւերը (6):
5 մարտ 2020
——
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները իմ կողմէս
- https://www.dni.gov/index.php/who-we-are
- https://www.youtube.com/watch?v=eNHkHTRE0ao
- https://haroutchekijian.wordpress.com/2020/03/10/կը-բաւէ՛-քայիտայի-եւ-տահեշ-ի-ահաբեկիչ/
- https://www.tulsi2020.com/
- https://www.aztagdaily.com/archives/365166
- https://www.aztagdaily.com/archives/425891