Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ապստամբութիւն Մը, Որ Հայացուց Հաւաքական Կամքի Բոլոր Արտայայտութիւնները (104-Ամեակ)

Փետրուար 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Կեանքի արագասոյր թաւալքին առընթեր, բարեբախտաբար, դեռ որոշակի եւ հնչեղ ներկայութիւն են պատմական այնպիսի դիպաշարեր, որոնք սեփականութիւնն են եղած ազգի մը, որ բազմադարեայ մաքառումներուն շնորհիւ կրցած է պահպանել իր եզակի դիմագիծը, ինքնուրոյն պահուածքն ու ազգային արժանապատուութիւնը:

Այլ ըսած, խօսքը կը վերաբերի հաւաքական արժեհամակարգի մը, որ դարերու դրոշմը կը կրէ ցարդ ու դաժան փորձութիւններէ անցած ըլլալով` կը շարունակէ յոյս ու կորով, միտք ու կամք ներշնչել տուեալ ազգին, որ կարենայ պաշտպանել ինքզինք ու տիրութիւն ընել սեփական երկրին, հողին, ազգային արժէքներուն եւ պետութեան:

Արդ, մտահան պէտք չէ ընել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ պատմութիւնը իր  բոլոր ելեւէջներով ունի տրամաբանութիւն, որով կ՛առաջնորդուի՛ն ժողովուրդներ, եւ շատ անգամ անոնք խորասուզուելէ ետք այս կամ այն պատմական դիպաշարի խորքը, լոյսին կը բերեն անոր թողած ազդեցութիւնն ու հետեւանքը` յանուն ապագայ սերունդներու ինքնաճանաչողութեան:

18  փետրուար 1921:

Արդի հայոց պատմագրութեան էջերուն արձանագրուած ապստամբութեան մը մասին է խօսքը, որ հարիւր եւ աւելի տարիէ ի վեր ու ամէն պատեհ առիթի կը նշուի այս կամ այն հայաշունչ գաղութի մէջ, պարզապէս նորահաս սերունդի գիտակցութեան մէջ ամրագրելու տուեալ ռազմական արարքին եւ ըմբոստութեան կարեւորութիւնն ու իմաստը:

Այլապէս շեշտադրելու հեքիաթային այս դիպաշարին հնչեղութիւնը, որ Հայոց պատմութեան մէջ կը գրաւէ իր ուրոյն տեղը, որովհետեւ, համաժողովրդական բնոյթ ունենալով հանդերձ, անիկա կը պարփակէ համազգային բռունցքի եւ պոռթկումի ուժեղ արտայայտութիւն, երբ թուրքի եաթաղանը ապրելէ ու պետականութիւնը կորսնցնելէ ետք, այս անգամ դէմ յանդիման կը գտնուէր պոլշեւիկեան արիւնարբու վարքագիծին, թալանին, տմարդի ոճիրներուն եւ աւազակաբարոյ վերաբերումին:

Փաստօրէն, համայնավարութեան մուտքը` Հայաստանի շրջակայ երկիրներ, այդքան ալ հեզասահ ընթացք չունեցաւ. իշխանափոխութիւն, ձերբակալութիւնն ու արեան հեղումը «սովորական» երեւոյթներ դարձեր էին, պետութիւններ յաջորդաբար կը կորսնցնէին իրենց ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը:

Ճիշդ է, որ հայ ժողովուրդը` շնորհիւ Մայիսեան հերոսամարտերուն, կրցած էր կերտել անկախ պետութիւն, սակայն ան կարճատեւ կեանք մը պիտի ունենար:

Օրին, աշխարհաքաղաքական խօլ մրցակցութիւնն ու Լենին-Քեմալ խունթայի թաքուն ու բացայայտ գործակցութիւնը` Հայաստանի իշխանութեան պարտադրեց համաձայնութիւն կնքել համայնավար վարչակարգին հետ, ուր յստակօրէն կը նշուէր խաղաղ ու անվտանգ իշխանութեան յանձնումը, սակայն դէպքերու ընթացքը ի վնաս հայութեան պիտի ըլլար, երբ պոլշեւիկ խուժանը իր արիւնոտ թաթով սկսաւ գործել` ահ ու սարսափ տարածելով ամէնուրեք:

Դրօ-Լըքրան համաձայնութիւնը կը վիժէր, իսկ ամբողջ հասարակութիւն մը կը մատնուէր դժոխային վիճակի: Անօրէն ձերբակալութիւններ ու անասելի ոճիրներ առօրեայ երեւոյթ կը դառնային:

Մայիսեան հերոսապատումը կերտած հայ ֆետային ու գեղջուկը, թալանի եւ սպանդի սարսափին դիմաց, ստիպողաբար կը բարձրացնէր պայքարի դրօշը եւ կը դիմէր զէնքի: Հայութեան ըմբոստութիւնը կը ստանար համաժողովրդական բնոյթ, իսկ շարժման կը միանար երկրի մտաւորական, զինուորական ու քաղաքական ընտրանին:

Շուտով Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն կը ստանձնէ շարժման ղեկավարութիւնը` գլխաւորութեամբ Սիմոն Վրացեանի եւ այլ գործիչներու, որոնք կը յաջողին կասեցնել արեան հեղումը` բանտերէ ազատելով բազում յեղափոխականներ ու ազգային գործիչներ, որոնք ձերբակալուած էին եւ ենթակայ գնդակահարումի:

Փաստօրէն, Երեւանի բանտին մէջ կացինահարուած էին Համազասպի նման հերոսներ, որոնք մասնակցած էին հայոց ազատագրական պայքարին:

Իր ազգային արժանապատուութեան տէր հայութեան ըմբոստ ոգին արթնցած էր, իսկ բռնակալութեան դէմ պայքարելու կամքը` վերահայացած: Եռագոյնը դարձեալ սկսաւ սաւառնիլ հայոց պետական կառոյցներու ճակատին: Հայը յաջողած էր ճզմել, այս պարագային, կարմիր բռնակալութիւնը եւ պարտադրել իր ազգային կամքը:

42 օրերու հեքիաթային ապստամբութիւնը իր լրումին պիտի հասնէր: Էականը, Կասեան-Նուրիջանեան-Աթաբեկեան համայնավար խունթան ստացած էր ուժգին հարուած ու անոնց ատելավառ ու թշնամական քարոզչութիւնը պահ մը շիջած էր:

Աւելի՛ն. անմեղ որբերու թէ գիւղացի հայութեան չոր հացը թալանած ստահակ համայնավարներու խժդժութիւնները կը կասեցուէին շնորհիւ հայութեան ամուր եւ միասնական կեցուածքին:

Միւս կողմէ, դառնութեամբ կ՛արձանագրե՛նք, որ անցեալէն ժառանգուած մտայնութիւն մը կը շարունակէ յամենալ, երբ նման պատուաբեր ազգային ծառացում մը կը ներկայացուի իբրեւ «արկածախնդրութիւն» եւ «եղբայրասպանութիւն», երբ համաժողովրդական ըմբոստութիւնը կը վերագրուի ՀՅ Դաշնակցութեան, երբ նման արժանահաւատ կեցուածք կը բնորոշուի իբրեւ ողբերգութիւն:

Այո՛, օրին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը` թելադրուած իր ազգային-գաղափարական հաւատամքէն, համոզումէն եւ վարքագիծէն, ստանձնեց շարժման ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդը առաջնորդեց հաւատարմօրէն:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ դաշնակցական հրապարակագրութիւնը ցարդ կը յիշէ ու լոյսին կը բերէ նման համաժողովրդական արարք ու ազգային ըմբոստութեան ոգի ու կամք պարփակող ապստամբութիւն, այդուհանդերձ, գաղութահայ կեանքէ ներս սկսած է տակաւ շիջիլ նման հերոսապատումներու նշումը, բարձրաձայնումն ու պատեհ առիթներու տօնակատարութիւնը:

Որպէսզի օտարամոլի ու ապազգային երեւոյթները մասամբ չէզոքացնենք մեր առօրեայէն, պարտաւոր ենք գաղութահայութեան ներշնչման յենարաններ վերստին կեանքի կոչել, եթէ երբեք ուշացած չենք ըստ ամենայնի:

 

 

 

Նախորդը

104-Ամեակ Փետրուարեան Ապստամբութեան. Փետրուարեան Հակաբոլշեւիկեան Հերոսական Ապստամբութիւնը

Յաջորդը

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Նիւթով Եռօրեայ Միջուսանողական Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 2, 2025
Սարգիս Կիրակոսեան
Անդրադարձ

Սարգիս Կիրակոսեան` Ուսուցիչն Ու Մտաւորականը

Հոկտեմբեր 2, 2025
Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…
Անդրադարձ

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Անփոխարինելի Մարդ Չկայ… Բայց Արդեօ՞ք Փոխարինող Կայ…

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?