Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հանդիպում Հալէպի Քրիստոնեայ Համայնքապետներուն Եւ Հալէպի Նահանգապետին Միջեւ
4 փետրուարին լատին համայնքի առաջնորդարանին մէջ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Մանուկ վրդ. Պարիխանեանի, Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետներուն հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հալէպի նահանգապետ Ազամ Ղարիպի հետ հանդիպումին` հիւրընկալութեամբ լատին համայնքի առաջնորդ Հաննա եպս. Ճալլուֆին:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ ներկայիս տիրող պայմաններուն եւ ժողովուրդին կենցաղային պայմանները բարելաւելու համար տարուող գործընթացին մասին:
Արմէն Աբղ. Գալաճեան Լանջախաչ Կրելու Իրաւունք Ստացաւ
Ընդառաջելով Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի խնդրանքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետը լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհեց Արմէն աբղ. Գալաճեանին:
Արդարեւ, 7 փետրուարին Ազգային առաջնորդարանէն ներս առաջնորդ սրբազանը հայր սուրբին յանձնեց վեհափառ հայրապետին կոնդակը, որմով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդառաջելով սրբազան հօր խնդրանքին եւ գնահատելով Հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս որպէս Կիլիկեան ուխտի միաբան հայր սուրբին մատուցած նուիրեալ ծառայութիւնը` հայրապետական կոնդակով հայր սուրբին կը շնորհէ լանջախաչ կրելու իրաւունք` վերանորոգ թափով շարունակելու Աստուծոյ կողմէ իրեն շնորհուած կարողութիւնները ի սպաս դնել մեր սուրբ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազանը Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան Նոր Կեդրոնի Բացման Առիթով Աջակցութեան Շարունակման Կոչ Ուղղեց
1 փետրուարին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նոր կեդրոնի բացման հանդիսութեան:
Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Յովիկ Սէրայտարեան վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` Շրջանային վարչութեան առաջին եւ միակ կեդրոնատեղիի գնման ծրագիրի յաջողութեան ու Համազգայինի հայակերտ առաքելութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքին համար:
Շնորհակալութեան խօսքերով հանդէս եկաւ նաեւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Ջուխաճեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ վերջերս գնուած կեդրոնատեղին` Համազգայինի առաջին սեփական տունը, պիտի հանդիսանայ մղիչ ուժ` շրջանի հայութեան կեանքին մէջ արդիական մեթոտներով վերարծարծելու համար ազգային արժէքներ եւ արձանագրելու մշակութային նոր վերելքներ:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով դոկտ. Տիգրան Պապիկեան իր շնորհաւորանքը յայտնեց եւ գնահատեց նախկին ու նոր շրջանային վարչութիւնները:
Այնուհետեւ, սրբազան հօր առաջնորդութեամբ, դոկտ. Տիգրան Պապիկեան Համազգայինի բարձրագոյն շքանշանով պատուեցաւ նուիրատու Արիս Սթամպոլեանն ու Արիս եւ Անժելլա Սթամպոլեան ամոլին շնորհեց այս առիթով պատրաստուած յատուկ վկայագիրը:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատելէ ետք Համազգայինի մեծ ընտանիքի, գլխաւոր բարերար ամոլի եւ բոլոր բարերար աջակիցներու ու կամաւոր ծառայողներու ցուցաբերած նուիրուածութիւնը հայկական ու մշակութային արժէքներու պահպանման ու տարածման ի խնդիր, նշեց նաեւ, որ Համազգայինը սփիւռքի սոյն հայահոծ շրջանին մէջ, այլ միութեանց շարքին, ժամանակն էր, որ ունենար իր առաքելութեան պատշաճ ու վայել սեփական կեդրոնը` աւելի եւս մշակութային ծաղկուն գործունէութիւն արձանագրելու համար, եւ յոյս յայտնեց, որ միութիւնը իր հայապահպանման ու հայ մշակոյթի առաւել զարգացման աւանդական ծրագիրներուն միացնէ նոր ժամանակներու շունչը եւ ազգային գետնի վրայ օգտաշատ ծրագիրներ մշակէ` յանուն վաղուան հայ սերունդներու նկարագրի կերտման եւ արուեստի ու մշակոյթի նկատմամբ ճաշակի ու ըմբռնումի բարձրացման: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին, որ սոյն կեդրոնի գնումը վերջակէտ չէ, այլ սկիզբ` նորանոր ձեռքբերումներու, որոնց համար անհրաժեշտ է չզլանալ մեր աջակցութիւնը Համազգայինի ծրագիրներուն եւ շարունակել նիւթական զօրակցութիւնը:
Եզրափակիչ խօսքէն ետք բարերար ամոլը շէնքի մուտքին կատարեց ժապաւէնի հատումը եւ մուտք գործեց սրահ, ուր առաջնորդ սրբազանը կատարեց աղի ու հացի եւ նոր տան օրհնութեան արարողութիւն եւ իր հայրական բարեմաղթութիւնները յայտնեց` շրջագայելով բոլոր բաժանմունքներուն մէջ, միաժամանակ տեղեկանալով կեդրոնի ներկայ աշխատանքներուն ու ապագայ ծրագիրներուն, որոնց առիթով նաեւ կատարեց հայրական ցուցմունքներ:
Խրուաթիա
Գրիգոր Նարեկացիին Նուիրուած Հատորի Խրուաթերէն Թարգմանութեան Ներկայացումը
Փետրուար 3-ին Խրուաթիոյ Սթոն քաղաքի ամրոցի մեծ դահլիճին մէջ ներկայացուած է վերջերս Սփլիթի մէջ լոյս տեսած «Ս. Գրիգոր Նարեկացի` բան խրատու վասն ուղիղ հաւատոյ եւ մաքուր վարուց առաքինութեան» գիրքի խրուաթերէն թարգմանութիւնը: Հատորը անգլերէնէ թարգմանած է խրուաթ անուանի գրող եւ թարգմանիչ Մաթէ Մարաս:
Հատորը ներկայացուցած են` Սթոնի հոգեւոր հովիւ Պեռնարտօ Փլեշէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Սփլիթի համալսարանի աստուածաբանութեան փրոֆ. հայր Իվան Պոտրոժիչ եւ պատմաբան հայագէտ Վինիցիէ Լուփիս:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուած է Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեան:
Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Խրատ»-ին Խրուաթերէն Թարգմանութիւնը
Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան փետրուար 1-7 Խրուաթիոյ մէջ մասնակցեցաւ իր գիրքին` «Ս. Գրիգոր Նարեկացի-Խրատ ուղիղ հաւատքի եւ առաքինի մաքուր վարքի» խրուաթերէն թարգմանութեան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն:
Նարեկ սրբազան, «Խրատ»-ի խրուաթերէն հրատարակութեան խմբագիրներ` փրոֆ. հայր Իվան Պոտրոզիչի եւ դոկտ. Վինիցիէ Լուփիսի հետ այցելեց Սթոն, Տուպրովնիք եւ Սփլիթ քաղաքները եւ հոգեւորականներու, համալսարանի դասախօսներու ու ուսանողներու եւ մտաւորականներու ներկայութեան դասախօսեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի կեանքին, վարքին, հոգեւորութեան եւ «Խրատ»-ին եզակիութեան մասին:
Այս առիթով սրբազանը լուսարձակի տակ առաւ 2015 ապրիլ 12-ին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումին եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակումին միացեալ շարժառիթը եւ զուգահեռ մը գծելով նահատակութեան ու սրբութեան միջեւ` զանոնք որպէս հայ քրիստոնէութեան վաւերական վկայութիւն սահմանեց:
Կիրակի, փետրուար 1-ին Սթոնի մէջ Նարեկ արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ հայազգի Ս. Վլաս հայրապետի տօնին նուիրուած կրօնական արարողութիւններուն եւ սուրբին մասունքը ի ձեռին` բազմամարդ թափօրը առաջնորդեց ու հաւատացեալները օրհնեց:
Սրբազանը նաեւ ընդունուեցաւ պապական նուիրակին, թեմակալ եպիսկոպոսներուն, քաղաքապետներուն, համալսարաններու տեսուչներուն եւ մշակութային կազմակերպութիւններու ատենապետներուն կողմէ, որոնց հետ զրուցեց հայ ու խրուաթական կապերուն եւ Հայ եկեղեցի ու Կաթոլիկ եկեղեցի յարաբերութիւններուն մասին` յատկապէս ծանրանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բազմերես առաքելութեան վրայ:
Դէպի Խրուաթիա ճանապարհին վրայ Նարեկ սրբազան Հռոմէն անցաւ, ուր հիւրընկալուեցաւ Լեւոնեան վարժարանին մէջ եւ հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Փիեթրօ Փարոլին կարտինալին եւ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատուներուն հետ:
Ֆրանսա
«Հայկական Աննիւթական Ժառանգութիւնը» Խորագիրով Գիտաժողով
Կազմակերպութեամբ «L’Œuvre d՛Orient»-ի, «ԻՆԱԼՔՕ» հիմնադրամի «Langues O՛»-ի եւ Ֆրանսայի Ազգային ժառանգութեան հիմնարկին, աջակցութեամբ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, զոր կը ներկայացնէր դեսպան Արման Խաչատրեան, 30 յունուարին Փարիզի «ԻՆԱԼՔՕ»-ի հետազօտութեան տունը հիւրընկալեց ստուար գիտաժողով մը` «Հայկական աննիւթական ժառանգութիւնը. լեզու, երաժշտութիւն, պատմութիւններ, արհեստագործութիւն» խորագրով: Ձեռնարկը համախմբեց փորձագէտներ, հետազօտողներ եւ հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներ` խորասուզուելու համար այս մշակութային հարստութեան պահպանման եւ փոխանցման խնդիրներուն մէջ` ժամանակակից մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Աննիւթական ժառանգութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ` լեզուն, երաժշտութիւնը, արհեստագործական հմտութիւնները, պատմութիւնները եւ հոգեւոր աւանդութիւնները, կը կազմէ ժողովուրդի մը հոգին: Հայերուն համար ան կը ներկայացնէ հիմնական տարր մը իրենց ինքնութեան եւ դիմադրողականութեան` պատմութեան ցնցումներուն եւ ներկայ աշխարհաքաղաքական լարումներուն դիմաց: Այս գիտաժողովը, որ հիւրընկալեց բազմաթիւ ծանօթ բանախօսներ, ինչպէս` «ԻՆԱԼՔՕ» հիմնադրամի նախագահ Ֆիլիփ Ատվանի, լեզուաբան եւ «ԻՆԱԼՔՕ»-ի հայկական բաժանմունքի տնօրէն Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոս, L’Œuvre d՛Orient-ի տնօրէն Փասքալ Կոնիշ, դասախօս Աննա Լէյլոյեան-Եկմալեան, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Մշակութային ժառանգութեան բաժանմունքի տնօրէն Աստղիկ Մարապեան, երգահան, գրող եւ պատմաբան Միշէլ Պետրոսեան, պատմաբան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սարկաւագ Սահակ Սիւքիասեան, լուսարձակի տակ առաւ հայկական համայնքներու շարունակական ջանքերը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ` պահպանելու եւ փոխանցելու այս կենդանի ժառանգութիւնը: Քաղաքական ցնցումներու ներկայ համածիրին մէջ այս փոխանցումը աւելի քան երբեք վճռական կը դառնայ:
Դեսպան Արման Խաչատրեան ընդգծեց միջազգային համագործակցութեան կարեւորութիւնը` այս մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար: Քննարկումները ընդգծեցին համագործակցային մօտեցումի մը անհրաժեշտութիւնը` ապահովելու համար այս աննիւթական ժառանգութեան շարունակականութիւնը, մասնաւորապէս` հաստատութենական, ակադեմական եւ համայնքային նախաձեռնութիւններու միջոցով: Հայկական աւանդութիւններու տարածումն ու արժեւորումը, հակառակ ներկայ ճգնաժամերուն, կը մնայ վճռական մարտահրաւէր մը` պահպանելու համար այս հարուստ եւ կենդանի մշակոյթը: Ձեռնարկը լուսաբանող համայնապատկեր մը ընձեռեց հայկական աննիւթական ժառանգութեան պահպանման ջանքերուն մասին: Ան վերահաստատեց մշակոյթի կարեւորութիւնը` որպէս ժողովուրդի մը ինքնութեան հիմնական սիւնի, միաժամանակ քաջալերելով զօրաշարժ մը` ապահովելու համար անոր փոխանցումը ապագայ սերունդներուն:
Յունաստան
Յունաստանի Առաջնորդին Ներկայութիւնը ՀՀ Բանակի Տօնակատարութեան
4 փետրուարին Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ` Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի, Նէոս Քոզմոս շրջանի հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեանի եւ Ազգային վարչութեան ատենադպիր Նազար Աւագեանի, մասնակցեցաւ ՀՀ բանակի 33-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկին:
Հայր սուրբը նախ շնորհաւորեց ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը բանակի օրուան առիթով եւ մաղթեց, որ Աստուած պահպանէ եւ օրհնէ հայոց բանակը` ի պաշտպանութիւն մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին:
Ձեռնարկին ներկայ էին Յունաստանի մէջ Հայաստանի բանակի սպայից դասի ուսանողները: Հայր սուրբը ողջունելով ապագայ սպաները` շնորհաւորեց իրենց տօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծառայութեան համար, ապա օրհնեց զանոնք:
Առաջնորդ հայր սուրբը ողջունեց Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիասը եւ շնորհակալութեամբ շեշտեց հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութեան կարեւորութիւնը եւ գործակցութիւնը, մանաւանդ` ռազմական ծիրէն ներս: Նախարարը, իր կարգին, շնորհաւորեց առաջնորդ հայր սուրբը հայոց բանակի օրուան առիթով:
Յայտնենք, որ առաջնորդը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Փիրէայի երեսփոխան Նինա Քասիմաթիսին հետ` խօսելով հայ եւ յոյն ժողովուրդներու հետ առնչուած ծրագիրներու մասին:
Եթովպիա
Եկեղեցական Արարողութիւն Սուրբ Գէորգ Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ
Հանդիսապետութեամբ Եգիպտոսի, Եթովպիոյ, Սուտանի եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի, ներկայութեամբ Եթովպիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեանի, դեսպանութեան անձնակազմին, եթովպահայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու, 2 փետրուարին Ատիս Ապեպայի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ պատարագ եւ կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն: