Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

– Ինչպէ՞ս Կրնան Սեւ Խոռոչները Օգնել Բացայայտելու Այլմոլորակային Քաղաքակրթութիւնները
– Գիտնականները Կը Հաւատա՞ն Այլմոլորակայիններու Գոյութեան. Հետաքրքրական Ուսումնասիրութիւն
–
Աստղագէտները Տարակուսած Են Ծիր Կաթինի Մօտ Յայտնուած Առեղծուածային «Սառոյցէ Գունդերու» Պատճառով
–
Լուսինը Ներառուած Է Վտանգի Տակ Գտնուող Համաշխարհային Ժառանգութեան Վայրերու Ցանկին Մէջ

Ինչպէ՞ս Կրնան Սեւ Խոռոչները
Օգնել Բացայայտելու Այլմոլորակային
Քաղաքակրթութիւնները

Գիտնականները առաջարկած են բարձր զարգացած այլմոլորակային քաղաքակրթութիւններ փնտռելու իւրայատուկ միջոց. այդ հիմնուած է այն վարկածին վրայ, որ նման քաղաքակրթութիւնները կ՛օգտագործեն սեւ խոռոչները` որպէս ուժանիւթի աղբիւր:

Գիտնականները կ՛ենթադրեն, թէ այդպիսի քաղաքակրթութիւնները կրնան օգտագործել սեւ խոռոչները` հսկայական քանակութեամբ ուժանիւթ ստեղծելու համար, եւ յոյս ունին յայտնաբերելու նման գործընթացներու նշաններ Երկիր մոլորակէն մինչեւ 17 հազար լուսային տարի հեռաւորութեան վրայ:

Հետազօտութեան արդիւնքը հրապարակուած է Astrophysical Journal գիտական ամսագիրին մէջ:

Ուժի պահանջի աճ

Անընդհատ աճող ուժանիւթի կարիքներու մասով աւանդական աղբիւրները  կը դառնան սահմանափակ, նոյնիսկ` մեր քաղաքակրթութեան համար:

Գիտնականները երկար ժամանակ կ՛ենթադրէին, թէ յառաջադէմ քաղաքակրթութիւնները կրնան կառուցել այնպիսի զանգուածային կառոյցներ, ինչպիսիք են Տայսոնի գունդերը` աստղերու ուժը գրաւելու համար: Սակայն նոր աշխատանքը աւելի ծաւալուն մօտեցում կը քննարկէ. սեւ խոռոչի կողմէ նիւթի կլանման ժամանակ յառաջացող ուժանիւթի օգտագործումը:

Այս գործընթացը կրնայ ստեղծել եզակի «ստորագրութիւններ» ենթակարմիր եւ ենթամիլիմեթրային (infrared, submillimeter) տիրոյթներուն մէջ, որոնք այսօր արդէն կարելի է արձանագրել աստղադիտակներու միջոցով, որոնցմէ է ALMA-ն (Atacama Large Millimeter Array):

Քարտաշեւի սանդղակը եւ նոր կարելիութիւնները

Ուսումնասիրութիւնը կապուած է, այսպէս կոչուած, Քարտաշեւի սանդղակի ընդլարձակման, որ կը դասակարգէ քաղաքակրթութիւնները` ըստ ուժանիւթի սպառման մակարդակի:

Սանդղակի նոր տարբերակի հեղինակները նկատի կ՛առնեն նաեւ քաղաքակրթութիւններու կարելիութիւնը` օգտագործելու միջոցները իրենց հայրենի մոլորակէն դուրս: Քաղաքակրթութիւնները, որոնք սորված են օգտագործել սեւ խոռոչները` որպէս ուժանիւթի աղբիւրներ, ենթադրաբար կը գտնուին զարգացման ամէնէն բարձր փուլին մէջ:

Այս կը ներառէ սեւ խոռոչներու շուրջը հսկայ զանգուածներու կառուցում` անոնց ուժը արդիւնաւէտ հանելու համար:

Որոնման ժամանակակից արհեստագիտութիւններ

Ժամանակակից արհեստագիտութիւնները արդէն թոյլ կու տան գիտնականներուն` փնտռել նման գործընթացներու հետքեր: Օրինակ, աստղադիտակները ի վիճակի են յայտնաբերել ուժանիւթի զարտուղութիւններ, որոնք կրնան վկայել արհեստական ուժանիւթի օգտագործման մասին մինչեւ 17 հազար լուսային տարուան հեռաւորութեան վրայ:

Յայտնաբերման հեռանկարներն ու նշանակութիւնը

Ուսումնասիրողները կը նշեն, որ թէեւ իրենց գաղափարը կը պահանջէ հետագայ փորձարկում, սակայն արհեստագիտութեան ներկայ մակարդակը արդէն կարելիութիւն կը բանայ որոնումներու համար:

Եթէ նման հսկայ կառոյցներ յայտնաբերուին, այդ կ՛ըլլայ կարեւոր գիտական յայտնագործութիւն: Հնարաւոր կը դառնայ առաջին քայլը դէպի այլմոլորակային բանականութեան հետ շփումը:

Գիտնականները Կը Հաւատա՞ն
Այլմոլորակայիններու Գոյութեան.
Հետաքրքրական Ուսումնասիրութիւն

Փիթըր Վիքերսի գլխաւորած միջազգային հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ գիտնականներուն մեծ մասը կը հաւատայ այլմոլորակային կեանքի հնարաւորութեան:

Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Nature Astronomy ամսագիրին մէջ:

Այսպիսով, ի՞նչ կը կարծեն գիտնականները

– Պարզ կեանք.

Աստղակենսաբաններու 87 առ հարիւրը կը կարծէ, թէ շատ հաւանաբար գոյութիւն ունին այլմոլորակային կեանքի պարզ ձեւեր:

Այլ մասնագէտներու շրջանակին մէջ այս ցուցանիշը կազմած է 89 առ հարիւր:

– Բարդ կեանք.

Աստղակենսաբաններու միայն 67 առ հարիւրը կը կարծէ, թէ կեանքի բարդ ձեւեր հաւանաբար գոյութիւն ունին:

– Խելացի կեանք.

Գիտնականներուն 58 առ հարիւրը կը  հաւատայ խելացի այլմոլորակայիններու գոյութեան կարելիութեան:

— Միաժամանակ հարցախոյզին մասնակցած 10 առ հարիւրը ամբողջութեամբ կը բացառէ այս հնարաւորութիւնը:

Ինչո՞ւ գիտնականները այդպէս կը կարծեն

Գիտնականներուն համոզումները հիմնուած են ոչ թէ ուղղակի ապացոյցներու, այլ անուղղակի տուեալներու վրայ.

– Բնակելի պայմաններ տիեզերքին մէջ

Տիեզերքին մէջ կան միլիառաւոր մոլորակներ, որոնք կրնան կեանքի համար յարմար պայմաններ ունենալ:

– Արեգակնային համակարգի բնակելի վայրեր

Կարգ մը արբանեակներու ովկիանոսները, նաեւ Հրատ մոլորակի պայմանները կը նկատուին բնակելի:

– Երկիրը` որպէս օրինակ

Երկրի վրայ կեանքը յառաջացած է այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք կրնային կրկնօրինակուիլ նաեւ այլ մոլորակներու վրայ:

Հետաքրքրական փաստ

Չէզոք քուէները բացառելու պարագային, գիտնականներու համաձայնութիւնը այլմոլորակային կեանքի գոյութեան վերաբերեալ կը հասնի 98 առ հարիւրի:

Այս ի՞նչ կը նշանակէ

Հետազօտութեան հեղինակները կ՛ընդգծեն, որ այս հարցին վերջնական պատասխան տալու համար անհրաժեշտ են յաւելեալ ապացոյցներ: Բայց եւ այնպէս, մասնագէտներուն մեծամասնութիւնը կը կարծէ, թէ տիեզերքը չափազանց ընդարձակ է, որպէսզի կեանքը եզակի ըլլայ Երկիր մոլորակին համար:

Աստղագէտները Տարակուսած Են
Ծիր Կաթինի Մօտ Յայտնուած Առեղծուածային
«
Սառոյցէ Գունդերու» Պատճառով

Աստղագէտները Ծիր Կաթինի հեռաւոր շրջաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերած են առեղծուածային զոյգ սառոյցէ գնդակներ, որոնք նման չեն նախապէս տեսնուածին:

Իւրայատուկ առարկաները կը յայտնուին երկինքի նոյն շրջանին մէջ, սակայն կը գտնուին իրարմէ 13 հազար լուսատարի հեռաւորութեան վրայ եւ կապուած չեն իրարու: Անոնք առաջին անգամ նկատուած են 2021 թուականին` յայտնուելով 2006-2011 թուականներուն ճափոնական ԱՔԱՐԻ տիեզերական աստղադիտարանի ստացած տուեալներուն մէջ:

Այժմ Չիլիի մէջ ԱԼՄԱ սարքով կատարուած նոր դիտարկումները խորացուցած են փիրուզագոյն առարկաներու շուրջի առեղծուածը:

Անոնք կրնան ըլլալ խիտ կազային ամպեր, կամ` անցեալին չտեսնուած աստղերու տեսակ, սակայն անոնց արտասովոր սառոյցէ տեսքը եւ հեռաւորութիւնը այն շրջաններէն, ուր սովորաբար կը ձեւաւորուին աստղերը, կը նշանակէ, որ անոնք տակաւին կարելի չէ եղած բացատրել յայտնի բնագիտութեան միջոցով:

Ուսումնասիրողները 9 յունուարին հրապարակած են իրենց բացայայտումները arXiv նախատպման համակարգերու մէջ, ուրեմն արդիւնքը տակաւին քննութեան չէ ենթարկուած:

«Նախկին դիտարկումները ցոյց տուած են, որ երկու մարմիններն ալ կը ցուցադրեն խոր սառոյցի եւ փոշիի կլանման իւրայատկութիւններ, որոնք յաճախ կ՛երեւին ներկառուցուած երիտասարդ աստղային մարմիններու մէջ (YSOs), կամ` հեռաւոր աստղերու մէջ, որոնք նստած են խիտ ամպերու ետին, բայց անոնք տեղակայուած չեն յայտնի աստղաստեղծ շրջաններու մէջ: Անոնք կրնան ներկայացնել անցեալին անյայտ տեսակի մեկուսացած սառոյցէ մարմին», կը նշեն գիտնականները:

Աստղերու կազմութիւնը կը տեւէ տասնեակ միլիոնաւոր տարիներ: Այդ աստղերը փոթորկալից փոշիի եւ կազի խիտ ամպերէն կը վերածուին մեղմ շողշողացող նախաստղերու, ապա կը նիւթականացուին հսկայ գնդիկներու, որոնք կը շրջագային միաձուլման վրայ, ինչպէս` մեր արեւը:

Սակայն այս տարօրինակ գունդերը կը գտնուին աստղաստեղծ շրջաններէ հեռու:

Մեր արեգակէն 30332 լուսային տարի եւ 43704 լուսային տարի հեռաւորութեան վրայ ըլլալով` անոնք 10 անգամ աւելի մեծ են, քան` մեր արեգակնային համակարգը:

Լուսինը Ներառուած Է
Վտանգի Տակ Գտնուող Համաշխարհային
Ժառանգութեան Վայրերու Ցանկին Մէջ

Լուսինը յայտնուած է ժառանգութեան վայրերու ցանկին մէջ, որոնք վտանգուած են ծրագրուած առեւտրական ճամբորդութիւններու պատճառով հնարաւոր թալանի եւ ոչնչացման կապուած մտահոգութիւններու պատճառով:

Յուշարձաններու համաշխարհային հիմնադրամի (WMF) ցանկին մէջ սովորաբար կը յայտնուին աշխարհի ամէնէն վտանգուած մշակութային վայրերը: Այս տարուան ցանկը, որ առաջինն է 2022 թուականէն ի վեր, կը ներառէ Qhapaq հan-ը` նախասպանական Անտեան ճանապարհային համակարգը: Ցուցակին մէջ  են նաեւ Թուրքիոյ Անթաքիան եւ Ճափոնի Նոթօ թերակղզին, որոնք տուժած են երկրաշարժերէն:

WMF-ի նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Պենետիկտ տը Մոնլաուրը յայտարարած է, որ լուսինը ներառուած է 25 վայրերու ցանկին մէջ «լուսնային գործունէութեան արագացման հետեւանքով աճող վտանգներուն պատճառով», որոնք, ըստ WMF-ի, «Կ՛իրականացուին առանց պահպանութեան համապատասխան արձանագրութիւններու»:

«Առաջին անգամ լուսինը ընդգրկուած է ցուցակին մէջ, որպէսզի արտացոլայ արտեֆակտները ճանչնալու եւ պահպանելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը, որոնք կը վկայեն Երկրէն այն կողմ մարդկութեան առաջին քայլերու մասին, որ որոշիչ պահ է մեր ընդհանուր պատմութեան մէջ», ըսած է Մոնթլաուրը:

«Այնպիսի իրեր, ինչպէս` լուսանկարչական մեքենան, որ նկարած է լուսնի վրայ էջքը, տիեզերագնացներ Արմսթրոնկի եւ Օլտրինի ձգած յուշասկաւառակը եւ հարիւրաւոր այլ առարկաներ, այդ ժառանգութեան խորհրդանիշներն են… Լուսինի ընդգրկումը կ՛ընդգծէ գործակցութեան ընդհանուր անհրաժեշտութիւնը: Ժառանգութիւնը պաշտպանելու ռազմավարութիւններ` Երկրի վրայ կամ անոր սահմաններէն դուրս, որոնք կ՛արտացոլան եւ կը  պաշտպանեն մեր հաւաքական պատմութիւնը», բացատրած է ան իր կազմակերպութեան որոշումը:

Մոնթլաուր Art Newspaper-ին ըսած է, որ տիեզերական հետազօտութեան նոր ժամանակաշրջանին մէջ կարեւոր է ստեղծել միջազգային կառուցակազմեր` պաշտպանելու լուսնի մշակութային երեսը:

«Լուսնային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը կը կանխէ տիեզերքին մէջ սեփական եւ պետական գործունէութիւնը արագացնելու վնասը եւ կ՛ապահովէ այդ առարկաներու պահպանումը ապագայ սերունդներու համար», յայտարարած է ան:

Նախորդը

Հայաստանի Խորհրդարանի Նախագահը Կը Նախընտրէր, Որ Բոլոր Արցախցիները Սպաննուած Ըլլային

Յաջորդը

Թէ Ինչպէ՞ս Գիրքեր Ունեցայ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Ամանորի Արեգակնային Խուզարկուն

Փետրուար 11, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?