Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Նոր Աշխարհաքաղաքական Բեւեռացում

February 19, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

18 փետրուար 2025-ին Իսրայէլ նահանջեց Հարաւային Լիբանանի մէջ իր գրաւած գիւղերէն, սակայն պահեց ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հինգ յենակէտեր: Լիբանան բողոք ներկայացուց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, զինադուլի համաձայնութեան խախտումին համար: Զինադուլի համաձայնութեան ամբողջական նահանջի ժամկէտը արդէն անգամ մը փոխուած էր, Իսրայէլի պահանջով: Պատրուակելով Իսրայէլի ապահովութեան պահպանումը, այդ երկիրը կ՛արհամարհէ ամէն համաձայնութիւն եւ չի գործադրեր միջազգային օրէնքով ճշդուած որեւէ պայման: Անպատիժ, որովհետեւ մեծ եղբայրը` Միացեալ Նահանգները, պաշտպան կը կանգնին անոր:

Նախագահ Թրամփի պաշտօնի ստանձնումէն ետք, շատ բան փոխուեցաւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Միացեալ Նահանգները երկար ատենէ ի վեր ջատագով էին իրենց ղեկավարութեամբ միաբեւեռ աշխարհի գոյառման: Պահպանելով դիւանագիտական սովորական ձեւերը, երբեմն շրջանային հարցերու լուծումը պատուիրակելով դաշնակից պետութիւններու, Միացեալ Նահանգները կը փորձէին կառավարել ամբողջ աշխարհը, հոս ու հոն միջամտելով ու մանաւանդ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրարկելով: Կայսերապաշտութեան վերանորոգուած տարազը յաջողած էր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը վերածել անկարողութեան մատնուած լսարանի մը: Նախագահ Թրամփ գործնապաշտ նկարագիրով ղեկավար է: Ընտրարշաւի համար որդեգրած լոզունգը` «Նախ Ամերիկա», գործի վերածելով, ան գործադիր հրամանագիրներու շարքով մը ապշեցուցիչ պահանջներ դրաւ, զարմացնելով բոլորը եւ նեղացնելով Ամերիկայի դաշնակիցները:

Կ՛ըսեն, որ քաղաքականութեան մէջ մշտական թշնամիներ եւ մշտական բարեկամներ չկան: Ուքրանիոյ հարիւրաւոր միլիառներ տրամադրելով ու զինելով, այդ երկիրը մղեցին պատերազմի, պատուար կանգնեու համար Ռուսիոյ ծաւալման նկրտումներուն: Հին քաղաքականութեան նոր դրսեւորում էր. ժամանակին Մեծն Բրիտանիան պաշտպանած էր Օսմանեան կայսրութիւնը Ռուսիոյ ծաւալապաշտական նկրտումներուն դէմ: Աշխարհը ամբողջ ապշեցաւ, երբ իմացաւ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահները` Թրամփ եւ Փութին, մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ հեռաձայնային զրոյց ունեցած են եւ պայմանաւորուած են հանդիպիլ, լուծելու համար ուքրանական տագնապը: Երկու մեծերը, առանց Ուքրանիոյ կարծիքը հարցնելու, ուքրանական տագնապը լուծելու գործընթաց կը ձեռնարկեն: Նոյնիսկ Ատլանտեան ուխտի գլխաւոր անդամները, որոնք մխրճուած էին տագնապին մէջ Ամերիկայի կողքին, անտեղեակ եղած են նախագահ Թրամփի նախաձեռնութենէն: Նախագահ Թրամփ կը ցանկայ վերջ տալ պատերազմներուն եւ իր հայեցողութեամբ միջոցներ կը ձեռնարկէ այդ նպատակին իրագործման համար:

Նոյն 18 փետրուար 2025-ին, Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ, բանակցութիւններ ունեցան Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարներու գլխաւորած պատուիրակութիւնները: Իսկ Սէուտական Արաբիա, ստանձնած է միջնորդի դեր երկու պատուիրակութիւններուն միջեւ: Այս բանակցութիւնները կը նախապատրաստեն նախագահներու հանդիպումը, որ մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին Ռիատի մէջ:

Իրադարձութիւններու այս դասաւորումը կը նախանշէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ բարենպաստ կարգաւորում մը: Ամերիկան իր տնտեսական հզօրացմամբ կ՛ուզէ զբաղիլ, չ՛ուզեր դրամ ծախսել ուրիշներու հարցերը լուծելու համար, իր սեփական շահը ամէն բանէ վեր կը դասէ: Դաշնակից ու հակառակորդ թող իմանան. Ամերիկա այլեւս քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային բարեգործութեամբ պիտի չզբաղի: Աշխարհը իր պատկերով փոխելու քաղաքականութիւնը վերջ գտած է:

Ի՞նչ պիտի ընեն հիմա ամերիկեան կերակրամանէն օգտուող բազում պետութիւնները եւ անհամար ընկերակցութիւնները: Ռուսիան արդարօրէն դատափետող Ամերիկայի բարեկամները պիտի յայտնուին նոր բարեկամի մը դիմաց, զոր մեծ վճռականութեամբ կը դատապարտէին:

Աշխարհաքաղաքական հարցերու մէջ ծայրայեղ դիրքորոշումները միշտ ալ անակնկալ ու անելանելի կացութիւններ կրնան ստեղծել: Մանաւանդ անոնց համար, որոնք որոշումներու կայացման մէջ դերակատարութիւն չունին: Սեփական շահերէն մասնակիօրէն հրաժարելով, աւելի կարեւոր շահեր ապահովելու գործելաձեւը կրնայ պատճառել ամբողջին ալ կորուստը: Կարելի չէ հաւատալ, որ մեծ ու հզօր գործողները իրենց շահերէն դուրս, ուրիշներուն շահերուն ի նպաստ զիջումներ կը կատարեն: Փոքրերուն կը մնայ հաշուի նստիլ նոր իրողութիւններուն դիմած ու սեփական շահը ամէն բանէ վեր դասել:

Աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորման մը ականատես ենք: Դժբախտաբար միայն ականատես եւ ոչ դերակատար: Իմաստութեամբ վերանայինք մեր կատարած ընտրանքները ու չմոռնանք, որ անկախ, սեփական շահի գիտակցութեամբ քաղաքական վարքագիծը այլընտրանք չունի:

 

 

Նախորդը

Տոմս. «Հաքա Պատրի…»

Յաջորդը

Ինթեր Մայեմիի Լիոնել Մեսսիի Զաւակը Կը Փայլի Պատանիներու Խումբին Հետ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.