Չեմ գիտեր` այդ օրերուն ինչպէ՛ս պատահեր է, որ հօրեղբայրս իր չորս զաւակներէն մէկը մեծ հօրս անունով չէր կոչած: Պարտադիր օրէնքի պէս բան մըն էր, որ տղաքը իրենց անդրանիկ տղայ զաւակը անուանէին իրենց հօր անունով: Ինձմէ ետք, երբ եղբայրս լոյս աշխարհ եկաւ, անունը որոշուած էր արդէն. ան պիտի կրէր մեծ հօրս անունը: Ինձմէ պզտիկ էր, բայց քանի որ տղայ էր, ամէն իրաւասութիւն ունէր, ինծի պատասխանատու էր, միասին դպրոց պէտք էր երթայինք, իսկ վերադարձին ե՛ս իրեն պէտք էր սպասէի միասին տուն գալու համար: Եթէ տեղ պիտի երթայի, եղբայրս հետս պէտք էր ըլլար. ճամբան բարձրաձայն խօսիլ-խնդալ չկար, ասոր-անոր ժպտիլ, ձեռքով շարժումներ ընել չկար:
Տան մէջ մեծ հայրս ու մեծ մայրս «գնա՛, եղբօրդ մուճակները բեր», «կօշիկը տե՛ղը տար, դի՛ր», կամ «գաւաթ մը ջուր բե՛ր» կ՛ըսէին եւ այլն… անգիր գիտէի այս բոլորը եւ չէի նեղանար, որովհետեւ եղբայրս ոչ մէկ ատեն նեղացուցած էր` բացի անգամ մը գիրքի համար…
Գիւղի գիշերները, օ՜, շատ հաճելի են: Ձմեռը իր պաղ քամիով ու ձիւնով, իսկ ամառը` իր երկա՜ր ու զով գիշերներով: Ամէնէն զովասուն սենեակը տրամադրուած էր մեզի` չորս պզտիկներուս, մեծկակ ըլլալուն համար: Մեծ հայրս ու մեծ մայրս ալ նոյն սենեակը կը գիշերէին: Անպատեհութիւնը այն էր, որ անկողին մտնելու տրամադրութիւն չէինք ունենար, յաճախ յանդիմանութիւն կը լսէինք` «լոյսը մարեցէք»-ի…
Չեմ յիշեր` ինչպէ՛ս ձեռք ձգած էինք Մալխասի «Զարթօնք»-ը: Ցերեկը եղբայրս կը կարդար, քանի որ ես զբաղած կ՛ըլլայի տան գործով կամ ձեռագործով: Ուրեմն ես գիշերուան կը սպասէի անհամբեր, իսկ եղբայրս «քիչ մը եւս կարդամ` կու տամ», կ՛ըսէր, բայց այդ «քիչ մը եւս»-ը չէ՜ր վերջանար… ու ես ճարահատ «ի՞նչ կ՛ուզես կ՛ընեմ, ի՞նչ կ՛ուզես կը բերեմ»-ի խոստումներու շարքը կ՛երկարէի, մինչ այդ սենեակի լոյսը մարելու պահը կու գար արդէն… Ես նեղուած, բայց` ոչ յուսահատ, գիրքը կ՛առնէի ու լուսնի լոյսով կը կարդայի. հաւատացէ՛ք, «Զարթօնք»-ի առաջին հատորը կարդացած եմ լուսնի լոյսով… եւ ապրած եմ հետը ամէն հատուածին… Տարիներ ետք կրկին անգամ կարդացի: «Զարթօնք»-ը առաջին գիրքն է, որ չորս անգամ կարդացած եմ ու անգամ մը եւս կը կարդամ ալ, ամէն անգամուն ալ տարբեր մտածումներ, տարբեր հոգեկան ապրումներ կ՛ունենամ: Հիմա, որ ունիմ գիրքը իր հատորներով, մասունքի պէս կը պահեմ զանոնք, կարծես հերոսները ողջութեամբ հոն մէջ գտնուին:
Տարիներ անցան ամէն մէկս իր տունն ու տեղը ունեցաւ: Շուրջ երեք տարի առաջ, այս օր, դրան զանգը կը հնչէ, ու ես կը բանամ. ծանօթ մը մեծ ծրար մը շալկած «աս եղբօրդ կողմէն է», կ՛ըսէ ու ներս կը դնէ ծանր բեռը: Հետաքրքրութենէս անմիջապէս կը բանամ` ինքնաբերաբար ուրախութեան աղաղակ մը արձակելով. մեծ սնտուկ մը գիրքե՜ր: Հարո՛ւստ էի:
Փա՜ռք Աստուծոյ, հիմա որ սենեակիս մէկ պատը լման գրադարան է, աղջիկս «մա՛մ, աս բոլորը քեզի համար է», ըսաւ, կարծես փոքր Հայաստան մը ունեցայ տանս մէջ: Դարակներէն, տուփերու մէջէն, սեղանին վրայէն գիրքերը գացին, բազմեցան իրենց տեղերը: Տարիներու ընթացքին շատցան, սկսան զիրար հրմշտկել` իրենց տեղը չզիջելով նոր եկողներուն: Կը նմանին հարազատներու, չես ուզեր ոեւէ մէկը կորսնցնել, ամէնքն ալ իրենց տեղը ունին սրտիդ մէջ:
Երանի՜ գիրքը սիրողին, կարդացողին ու նուիրողին:
19 փետրուար 2024, գիրք նուիրելու օրուան առիթով գրուած յուշեր