Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոստանալն Ու Խոստումը Յարգելը Երկու Տարբեր Յատկանիշներ Են…

Փետրուար 21, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Մարդկութիւնը յուզող համաշխարհային բազմապիսի տագնապներու խորքին եկաւ անսպասելի դէպք մըն ալ աւելնալու` Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնները իրենց բոլորովին չսպասուած, անակնկալ արդիւնքով ու հետեւանքներով:

Կարելի է անվարան ըսել, որ դեմոկրատները իրե՛նք բուն յանցաւորները հանդիսացան կատարուածին` նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու նշանակելով Պայտընի խառնածին ու ժպտերես փոխնախագահ Քամալա Հարիսը, զոր ժամանակին, երգիծախառն հպումով` Քարամել կոչած էինք: Շատ չանցած` համովիկ այդ քարամելն ալ կոկորդնիս պիտի մնար… Այո՛, դեմոկրատներս մեր տխմարութեան գինը վճարեցինք, նախագահութեան աթոռի կողքին, վրայ տալով ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու տունը, փոխանակ Քալիֆորնիայի կառավարիչ Կեւըն Նիւսըմի կամ ալ ծերակուտական Պըրնի Սենտըրզի նման թեկնածուներ նշանակելու: Այո՛, զլացանք մեր պարտականութեան մէջ անմակարդակ անձ մը նախագահական պաշտօնի թեկնածու նշանակելով: Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարութիւնը պէտք էր վաղուց իմացած ըլլար, որ Ամերիկայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը նիւթապաշտ է ու Տանըլտ Թրամփի կողքին կանգնած Իլոն Մասքը, Ճեֆ Պեզոսը, Պիլ Կէյցը, Վիվեք Ռամասվանին ու Մարք Զաքըպըրկը իտէալացուցած ու իր պաշտամունքին առարկան դարձուցած է, եւ որ` այս վերջիններու հմայքէն տարուելով` միլիոնատէր Թրամփին քուէարկեց` հակառակ անոր դէմ գոյութիւն ունեցող մեղադրանքներուն ու դատական հայցերուն: Մէկ խօսքով, հասարակ ամերիկացին, իր նիւթա-մամոնապաշտութեան տուրքը վճարեց, եթէ խորքին մէջ իր բուն առումով նիւթապաշտ ալ չէ ան:

Այդ իրողութենէն մեկնելով, երկրագունդի ամէնէն հարուստ, մարդամօտ ու ժպտերես երիտասարդը` Իլոն Մասքը, եթէ Միացեալ Նահանգներ ծնած ըլլար, փոխանակ Հարաւային Ափրիկէի մայրաքաղաք` Փրեթորիա, ուր հաստատուած էին անոր եւրոպացի ծնողները, վստահօրէն տարիքը առած Թրամփին փոխարէն` Ամերիկայի նախագահ ալ ընտրուէր…

Այո՛, միաձայնութեամբ զինք նախագահ կ՛ընտրէինք, իսկ անոր կողքին կանգնած միւս միլիառատէրերն ալ հաւանաբար` նախարար…

Ներկայիս տիրող համաշխարհային դրոյթը ամէն րոպէ մեզի կը յիշեցնէ աշխատաւոր դասակարգի բարեկամ, զտարիւն նախագահցու Պըրնի Սենտըրզի ցաւագին հաստատումներն ու ցաւի ճիչերը, թէ Ամերիկայի բնակչութեան մէկ տոկոսը նիւթական որքան` հարստութիւն դիզած է, որքան` բնակչութեան 165 միլիոնը միասին առած:

Աստուա՛ծ իմ, այս ի՜նչ անարդարութիւն է… Ի՜նչ անխղճութիւն: Եթէ համալսարանական ուսում ստացած զոյգ մը` էրիկ կնիկ, «փարչա» կտոր չըլլան իրենց տան ծախսերը հոգալու կամ ալ ամէն կողմէ տեղացող մուրհակները վճարելու, շուտով կը սնանկանան ու տուն տեղ կը կորսնցնեն: Իսկ անդին` միլիառատէրը, իմա` ժողովուրդին չնչին մէկ տոկոսը, կը լողայ հարստութեան մէջ ու մեր իմաստուն նախագահին հրաւէրով կառավարական պաշտօններու ալ կը տիրանայ… փոխանակ իր ունեցած նիւթական կարողութեան քանի մը տոկոսը մարդկութեան ի սպաս դնելու եւ Ամերիկայի փողոցները վխտացող անտունիներուն օգտակար դառնալու` անոնց երդիք ապահովելով եւ տառապանքը մեղմելով:

Ի տես հետզհետէ խորացող անարդարութիւններու, մարդ ակամայ հարց պիտի տար` ինչո՞ւ երկրագունդի չորս ծագերուն շեշտուող ունեւորի ու չունեւորի այս տարբերութիւնները: Ինչո՜ւ բուռ մը ընտրեալներու մօտ տիրող եսի պաշտամունքը: Ի տես ներկայիս բեմադրուող միլիառատէրերու «սատիզտիք» եսամոլ կեցուածքին, եթէ վաղը դարձեալ նախագահական ընտրութիւններ կայանային, առանց րոպէ մը տատամսելու` քուէս Պըրնի Սենտըրզին կու տայի սանձելու համար միլիառատէր «աղաներու» սանձարձակութիւնները ու որպէս ատոնց արդիւնք` մարդկութեան գահավէժ ընթացք դէպի խորտակում, կամ ալ զանգուածային ըմբոստացումը տիրող կարգերու դէմ…

Այնպէս կը թուի, թէ հեռու չէ այդ օրը…

Դժբախտաբար միջազգային հոգեւոր դասէն ալ կարելի չէ որեւէ օգուտ սպասել. անոնք ալ, մեծ մասամբ, մինչեւ կոկորդը խրած են նիւթապաշտութեան տիղմին մէջ: Այնպէս կը թուի, թէ անոնք ալ մեզի նման միսէ ոսկորէ շինուած մարդ էակներ են, ու մենք զմեզ չխաբենք, թեւաւոր հրեշտակներ բնաւ չեն…

Այստեղ տեղին է յիշել, որ ի տարբերութիւն հանրապետականներուն, դեմոկրատները որոշած են առայժմ լռել եւ չքննադատել նորընտիր նախագահը` առիթ տալով անոր պահելու առատօրէն շռայլած նախընտրական իր խոստումները: Ինչպէս մեր այս գրութեան մուտքին շեշտեցինք, «խոստում տալը ու տրուած խոստումը յարգելը երկու տարբեր շնորհներ են…»: Այդ կը թելադրէ մեր նախահայրերէն մեզի հասած իմաստութիւնը: Սպասենք ու տեսնենք, թէ մեր սրբացուցած միլիառատէրերը ի՜նչ «օյուններ» (խաղեր) պիտի խաղան ու արհաւիրքներ սարքեն մարդկութեան գլխուն…

Գալով հայութեան բաժին ինկած դժբախտութիւններուն` մեզի անդադրում, խոր ցաւ կը պատճառեն իրենց հողն ու երդիքը կորսնցուցած ղարաբաղցիներու ապրած առօրեայ դժոխքն ու քաղաքական հայ բանտարկեալներու բաժին ինկած անյոյս վիճակն ու տառապանքը: Մեր եկեղեցական պետերը անտեսեցին մեր կատարած թախանձագին այն կոչը, թէ յոյժ օգտակար ու նպատակայարմար պիտի ըլլար Ֆրանչիսկոս պապին հետ հանդիպում մը ունենալ եւ անկէ խնդրել, որ Ալիեւի հետ ունեցած, այսպէս կոչուած, «բարեկամական կապերը» գործի դնելով, միջամտէ` Ղարաբաղի հարցին արդար լուծման ու հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման ուղղութեամբ: Տակաւին ուշ չէ, ինչո՞ւ չփորձել…

Ռիչմընտ, Վըրճինիա

 

Նախորդը

Խմբագրական. Աշխարհակարգի Փոփոխութեան Միտումներն ու ԵԱՀԿ-ի Վերագործարկման Նախադրեալներ (Արցախեան Շարժման 37-Ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Արցախ Այցելած Թուլսի Կեպըրտ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէն` Նախագահ Թրամփի Ամէնօրեայ Տեղեկահաւաքի Զեկուցող Խորհրդատու

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?