«Դիւրաբեկ պետութիւններու աղիւսակ»-ի տուեալներուն համաձայն, Հայաստան աւելի կայուն է, քան` Հարաւային Կովկասի միւս պետութիւնները: Աղիւսակին մէջ Հայաստան կը գրաւէ 108-րդ դիրքը (առաջին դիրքը գրաւող պետութիւնը ամենախոցելին կը նկատուի):
2014-ի համեմատ, Հայաստան իր դիրքը բարելաւած է 4 կէտով:
Հայաստան կը գտնուի «ահազանգային ցած մակարդակ» ունեցող պետութիւններու ցանկին մէջ` Սուրինամի, Ղազախստանի, Սամոայի, Քուպայի եւ շարք մը այլ երկիրներու հետ:
Հայաստանի դրացիներէն ամենախոցելի երկիրը կը նկատուի Իրանը, որ 44-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի, մինչ Վրաստան 70-րդ դիրքին վրայ է, Ազրպէյճան` 80-րդ, իսկ Թուրքիա` 90-րդ:
Ռուսիա 65-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ մաս կը կազմէ «ահազանգային բարձր մակարդակ» ունեցող պետութիւններու ցանկին:
Աշխարհի ամենախոցելի երկիրներու եռեակին մաս կը կազմեն, երկրորդ տարին ըլլալով, յաջորդաբար` Հարաւային Սուտանը, Սոմալին եւ Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւնը:
Նախորդ տարուան համեմատ, ամէնէն մեծ անկումը արձանագրած են` Ուքրանիան, Սուրիան եւ Լիպիան, իսկ ամէնէն մեծ յառաջխաղացքը` Քուպան, Վրաստանը եւ Փորթուգալը:
Ամէնէն կայուն պետութիւնները կը նկատուին` Ֆինլանտան, Շուէտը, Նորվեկիան եւ Դանիան:
Աղիւսակի հեղինակներն են` «Տը ֆոնտ օֆ փիս»-ը եւ «Ֆորէյն փոլիսի» ամսագիրը: Անոնք նկատի կ՛առնեն տարբեր չափորոշիչներ` երկրի տնտեսական իրավիճակը, ապահովութեան մակարդակը, գաղթականներու հարցեր, օրէնքները պարտադրելու յանձնառութիւնը, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, աղքատութեան մակարդակը եւ այլն:
Հայաստանը Տարին Պիտի Աւարտէ
Շուրջ 5 Միլիառ Տոլար Պետական Պարտքով
Յունիս 19-ին Ազգային ժողովին մէջ ելեւմուտքի փոխնախարար, գլխաւոր գանձապետ Ատոմ Ջանջուղազեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայաստան 2015-ը պիտի աւարտէ 4,8-4,9 միլիառ տոլար պետական պարտքով:
