Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպ

July 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Bk9ZhPYIgAAD0ndՏարիներու հեռաւորութենէն եւ կարօտով, ամէնօրեայ ժամադրութիւնը յարգողի նման, նոյն տաք զգացումներովս, սիրելի Հալէպ, քեզ է, որ կրկին կը յիշեմ: Հաւատա՛, հաստատ եւ պարզ ինքնագովութիւն մը չէ այս մէկը, որովհետեւ իմ մասիս խօսիլը քրտինք կրնայ բերել եւ նոյնիսկ կրնայ զիս դժբախտացնել, բայց հոգս չէ:

Իսկ դո՛ւն: Ա՜խ դուն: Ի՞նչ ըսեմ: Ի՞նչ ընեմ: Ըսէ՛: Խօսէ՛:

Դո՛ւն, դժբախտ իրականութիւն: Սակայն եւ այնպէս, դո՛ւն ինծի համար, քու զաւակներովդ կենսունակութիւնը դրօշ հռչակած քաջութիւնն ես: Ներկայ այս տխուր ու մահացու իրավիճակիդ մէջ իսկ օրինակելի ես ու նախանձելի: Ամբողջ աշխարհը կրնայ վկայել: Անոր համար դուն մինակդ ե՛ւ կ՛ապրիս, ե՛ւ կը շնչես ու մեր բոլորին աչքին առջեւ մինակդ նոյնիսկ սովամահ` կը տանջուիս ողբերգութեամբը հայ ըլլալուդ: Գերագոյն զոհողութեամբ եւ զոհաբերութեամբ սեփական կեանքով գոյատեւելու ձգտումդ կը շարունակես պահել: Դժբախտ իրականութիւն է, չէ՞:

Հոն ամէն քայլափոխի տեսանելի են` կռիւ, արիւն, վէրք, անօթութիւն, սով, լոյսի եւ ջուրի կարօտ, մահ եւ սուգ: Բայց, յետոյ ի՞նչ: Ըսէ՛, յետո՞յ® մինչեւ ե՞րբ այս վիճակը, այս հիւծումդ ու մաշումդ, փլատակ վիճակդ, քանդումդ ու մանաւանդ` մահազդու տագնապդ: Մարդիկ, նոյնիսկ անմիջական շրջապատիս մարդիկ, քեզ անտեսելով` արդէն շատոնց մկրատած են տրամադրութեանս լարերը:

Տակաւին քիչ ժամանակ առաջ ինծի ու իմ նմաններուս համար դրախտ մըն էիր, սիրելի ծննդավայր Հալէպս: Բայց դժբախտաբար այդ մէկը կորսուեցաւ: Մարդիկ հալէպահայերուն ձեռքէն գողցան այդ դրախտը: Ու բոլորին նման, իմ դրախտս ալ մնաց երազներու աշխարհին մէջ: Անգութ մարդիկ տարին զայն, սպաննեցին, ու այսպէս զայն նետեցին ճակատագրի մոռացութեան ալիքներուն գիրկը:

Հոն` մօտդ, նոյն այդ մաքուր եւ անմեղ երդիքիդ տակ կար ժամանակ, որ ամէն ինչ պատմութիւն էր եւ այդ պատմութիւնը ուրախ էր, հաճելի էր ու կենդանի: Անով մեծցանք մենք, ու անով ալ սնանեցանք: Անով սիրեցինք հայն ու արաբ դրացին եւ Հայաստանը եւ հայ մշակոյթը: Քեզմով տոկացինք, ու դուն դարձար մեզի համար հարազատ հայրենիքի մը չափ հայրենիք:

Վստահօրէն օր մը պիտի նորոգուի մեր Հալէպը: Կը կրկնեմ: Պէտք է, որ նորոգուի եւ յանուն մեր ինքնութեան պահպանման` պէտք է, որ ան վերածնի մեր բոլորին անսակարկ ճիգերով: Եւ որպէսզի ծնի նոր Հալէպը, եւ որպէսզի, իբրեւ մարդ, հոն ապրի ֆիզիքապէս տանջուող հայ գաղութը այս վերածնունդին համար սփիւռք եւ հայրենիք անոր կողքին պէտք է մնան գործնական ճիգերով:

Յիշեցէ՛ք, մեր դարերու պատմութիւնը վկայ, յամառ ժողովուրդ ենք, որ ոչ միայն չ՛ուզեր մեռնիլ, այլեւ գիտէ յարութիւն առնել: Յարութիւն եւ վերապրում: Քեզի համար են այս վերագրումները, սիրելի՛ եւ անմոռանալի՛ ծննդավայր Հալէպս: Միա՛յն քեզի:

[email protected]

 

Նախորդը

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Անմոռուկ Ծաղիկներու Ամավերջի Հանդէս

Յաջորդը

Թուրք Պետութեան Անճրկած Ջղաձգութիւնը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.