Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

1-2 Յուլիս 1913. Թրքական Զօրքը Արիւնահեղ «Ազգային Մաքրագործման» Ենթարկեց Ռոտոսթոյի Հայերն Ու Յոյները…

Յուլիս 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յուլիս ամսու առաջին օրերուն, 102 տարի առաջ, արեւելեան Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթօ քաղաքը, թրքական զօրքի ձեռամբ, ներկուեցաւ հայերու եւ յոյներու արեամբ:

Պալքանեան պատերազմներու ժամանակաշրջանն էր: Հիմնականին մէջ յոյներէ եւ հայերէ բաղկացած` ոչ թրքաբնակ Ռոտոսթօ քաղաքը, 1912-ի հոկտեմբերին բռնկած Պալքանեան առաջին պատերազմի ատեն, ազատագրուած էր օսմանեան լուծէն: Բայց երբ 30 յունիս 1913-ին պայթեցաւ Պալքանեան երկրորդ պատերազմը, Ռոտոսթոն անմիջապէս վերագրաւուեցաւ թրքական զօրքին կողմէ, որ 1 յուլիս 1913-էն սկսեալ, երկու օր շարունակ, կոտորածի ենթարկեց վաճառականական այս յայտնի քաղաքին բնիկ տէրերը` յոյներն ու հայերը, հրոյ ճարակ դարձնելով անոնց տուներն ու խանութները:

Մարմարա ծովու արեւմտեան ափին գտնուող նաւահանգիստ քաղաք է Ռոտոսթոն, որ այսօր մաս կը կազմէ եւրոպական Թուրքիոյ, առաւելաբար թուրքերով բնակուած է հիմա եւ 1923-էն ի վեր կը կոչուի Թեքիր տաղ:

102 տարի առաջ միայն սակաւաթիւ թուրքեր կ՛ապրէին Ռոտոսթոյի մէջ, որ առաւելաբար յունական եւ հայկական քաղաք էր: Քաղաքը յայտնագործուած էր հին ժամանակ յոյն վաճառականներու եւ նաւաստիներու կողմէ, որոնք դարերու ընթացքին նախ յունական, ապա բիւզանդական քաղաքակրթութեան կարեւոր կեդրոնի վերածեցին զայն:

Նոյնքան հին ժամանակներէ կու գայ հայերու ներկայութիւնը Ռոտոսթոյի մէջ, որ ինչպէս հայոց առեւտուրի, այնպէս եւ հայկական մշակոյթի, ձեռարուեստի եւ գրականութեան ծանօթ կեդրոն եղած է:

Ահա թէ ինչպէ՛ս Ռոտոսթոյի եւ անոր մերձակայ` նոյնպէս հայաբնակ Մալկարա գիւղաքաղաքին հայ բնակիչները, 1913-ի յուլիս 1-էն սկսեալ, կոտորածի եւ աւերումի ու թալանի ենթարկուեցան թրքական զօրքերուն կողմէ:

30 յունիս 1913-ին սկսաւ Պալքանեան երկրորդ պատերազմը:

Հազիւ ամիս մը առաջ, 30 մայիս 1913-ին, վերջ գտած էր Պալքանեան առաջին պատերազմը, որ բռնկած էր 9 հոկտեմբեր 1912-ին մէկ կողմէ պալքանեան չորս երկիրներու (Պուլկարիա, Յունաստան, Սերպիա, Մոնթենեկրօ) դաշնադրութեան եւ միւս կողմէ` Օսմանեան կայսրութեան միջեւ:

Պալքանեան առաջին պատերազմին Թուրքիա կրեց ծանրագոյն պարտութիւն եւ պարտաւորուեցաւ 30 մայիս 1913-ին ստորագրել Լոնտոնի հաշտութեան դաշնագիրը, որուն հիման վրայ կորսնցուց պալքանեան թերակղզիի իր տիրապետութեան ենթակայ բոլոր հողերը: Պոլսէն եւ արեւելեան Թրակիոյ փոքր մէկ բաժնէն զատ, ոչինչ մնաց եւրոպական Թուրքիայէն:

Հայութիւնը եւս աշխուժ մասնակցութիւն ունեցաւ Պալքանեան առաջին պատերազմին: Անդրանիկի եւ Գարեգին Նժդեհի հրամանատարութեամբ, Դաշնակցութեան կամաւորական գունդերը յանդուգն գործողութիւններ իրագործեցին թրքական զօրքերուն դէմ` հերոսի դափնեպսակին ու զինուորական կոչումներու արժանանալով պուլկար սպայակոյտին կողմէ:

Իսկ Պուլկարիան եղաւ գլխաւոր յաղթականը Պալքանեան առաջին պատերազմին` խլելով առիւծի բաժինը օսմանեան բռնատիրութենէն ազատագրուած հողերուն:

Բայց ոչ միայն Պուլկարիոյ պալքանեան դաշնակիցները` Յունաստանն ու Սերպիան դժգոհ մնացին, որ ազատագրուած հողերէն իրենց սպասած բաժնին չկրցան տիրանալ, այլեւ եւրոպական մեծ տէրութիւնները մտահոգուեցան, որ ուղղադաւանութեան (օրթոտոքս) դրօշակիր ցարական Ռուսիան միակողմանիօրէն շատ ընդարձակած էր իր ազդեցութեան գօտիները Պալքաններու մէջ:

Հետեւանքը եղաւ հրահրումը, 1913-ի յունիս 30-ին, Պալքանեան երկրորդ պատերազմին, այս անգամ մէկ կողմէ Պուլկարիոյ եւ միւս կողմէ` Թուրքիոյ, Յունաստանի, Սերպիոյ, Մոնթենեկրոյի եւ Ռումանիոյ միացեալ ճակատին միջեւ:

Թէեւ կարճ տեւեց եւ 10 օգոստոս 1913-ին աւարտեցաւ Պալքանեան երկրորդ պատերազմը, բայց «ազգային մաքրագործում»-ի առումով անհամեմատաբար ահաւոր եւ ծանրակշիռ եղաւ:

Յատկապէս Ռոտոսթոյի եւ Մալկարայի հայերը, որոնք ուղղակի մասնակցութիւն չէին ունեցած Պալքանեան առաջին պատերազմին, թիրախ դարձան թրքական վրէժխնդրութեան եւ ցեղասպանական «հաշուեյարդար»-ին:

Անշուշտ շատ աւելի ծանր կորուստ ունեցան պուլկարները` թէ՛ զոհերու թիւի, թէ՛ քանդում-աւերումներու եւ թէ՛ հողատարածքներու կորուստի իմաստով, բայց ի վերջոյ Պուլկարիան պատերազմող կողմ էր եւ իր կարգին, Պալքանեան առաջին պատերազմի ընթացքին իր ազատագրած հողամասերուն վրայ, կա՛մ կոտորած էր թուրք բնակչութիւնը, կա՛մ հարիւր-հազարով տեղահան ըրած էր թուրքերը:

Պալքանեան երկրորդ պատերազմը վերջ գտաւ Պուլկարիոյ պարտութեամբ, իսկ տարի մը առաջ թրքական լուծէն ազատագրուած հողերը վերաբաշխուեցան պալքանեան յաղթական երկիրներուն միջեւ:

Յատկապէս թրքական պետութիւնը չարաշահեց Պալքանեան երկրորդ պատերազմով ներկայացած առիթը, որպէսզի ձեռնամուխ ըլլայ Օսմանեան կայսրութեան արեւմտեան սահմանային գօտիները ազգային փոքրամասնութիւններէ «մաքրագործելու» եւ «վնասազերծելու» իր ծրագրին գործադրութեան:

Կայսրութեան հիւսիսարեւմտեան` եւրոպական սահմանագօտիին ռազմագիտական կարեւոր դիրքերէն Ռոտոսթօ քաղաքը, այդ հիման վրայ, թիրախ դարձաւ արիւնալի «մաքրագործումներ»-ու…

Պատերազմէն ետք, եւրոպական մեծ տէրութեանց միացեալ նախաձեռնութեամբ, կեանքի կոչուեցաւ քննիչ յանձնախումբ մը, որ երկուստեք գործուած ոճիրները ցուցակագրեց եւ կարեւորութեամբ կանգ առաւ այն փաստին վրայ, որ թրքական կանոնաւոր զօրքերու ձեռամբ, Ռոտոսթոյի մէջ սպաննուեցան աւելի քան հազար հայեր, շուրջ 300 հայոց բնակարաններ ու 500-է աւելի հայոց խանութներ կողոպտուեցան եւ հրոյ ճարակ դարձան:

Թրքական զօրքերու գործած հակահայ խժդժութիւնները յաւելեալ պատճառ մը եղան, որպէսզի եւրոպական դիւանագիտութեան օրակարգին վրայ դրուած հայկական բարենորոգումներու հարցը վերստին հրատապ բնոյթ ստանայ: Ամիսներու վրայ երկարած բանակցութեանց արդիւնքով` փետրուար 1914-ին եւրոպական մեծ տէրութիւնները յանգեցան այն համախոհութեան, որ Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան` հայկական նահանգներու բարեկարգումները իրագործելու համար հարկ է կիրարկել տեղական լայն կառավարման դրութիւն: Որոշուեցաւ հաստատել հայկական կառավարման երկու շրջան` Կարին եւ Վան, նշանակելով եւրոպացի երկու կառավարիչներ, որոնք անմիջապէս ճամբայ ելան դէպի իրենց նստավայրերը, բայց տեղ չհասած` արդէն բռնկեցաւ Ա. Աշխարհամարտը:

Ինչպէս Ռոտոսթոյի հայութեան դէմ իր ձեռնարկած սպանդով, այնպէս ալ այնուհետեւ, հայկական բարենորոգումներու եւրոպական ծրագրումին իրագործումը խափանելու նպատակով թրքական պետութիւնը նետուեցաւ Ա. Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ, միջազգային լարուածութեան եւ իրարանցումի առիթէն օգտուելու եւ Հայկական հարցէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատելու հրէշային իր ծրագիրը` Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրելու համար:

Այդ առումով, 1 յուլիս 1913-ի Ռոտոսթոյի հայոց սպանդը, ամբողջացումը կազմելով 1909-ի Կիլիկիոյ հայոց աղէտին, նախերգանքը դարձաւ Հայաստանի եւ հայութեան դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ծանրագոյն ոճիրին:

 

 

 

Նախորդը

Մշակութային Յեղափոխութիւնը` Գործի Շարժառիթ

Յաջորդը

Արձագանգ. Արեւմտահայերէնը Պահպանելու Գործնական Միջոցներու Որոնում

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը
Անդրադարձ

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Խօսքը` Համազգայինի 95-Ամեակի Անդրանիկ Հանդիսութեան Առիթով

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակի Հանդիսութեան Օրուան Բանախօս Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In