Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Անմոռուկ Ծաղիկներու Ամավերջի Հանդէս

July 3, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-03-15_harach-(4)7-03-15_harach-(3)Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, որ քոլեճի շրջափակին մէջ համախմբած էր հոծ բազմութիւն մը, ներկայացուց անմոռուկ ծաղիկն ու անոր խորհրդանշական իմաստը եւ պատգամը: Հանդիսութեան բեմը շրջապատուած էր անմոռուկ ծաղիկներով. բեմին աջ ու ձախ կողմերու պաստառները ներկայացուցած էին դրօշակները այն երկիրներուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են, իսկ կեդրոնի պաստառով ներկայացուած էր հայ մանուկին սիրած Արարատ լեռը` իր պայծառ արեգակով եւ «Մայր Հայաստան»-ի արթուն հսկողութեամբ:

20 «անմոռուկ ծաղիկներ» բեմ բարձրացան թատերական ոճով  յիշատակելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն ու բացատրելու անմոռուկ ծաղիկին գոյներուն եւ թերթիկներուն իմաստն ու խորհուրդը:

Բացման խօսքը կատարեց վարիչ մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան, որ մանկապարտէզի վերելքին ու յառաջադէմ գործունէութեան նեցուկ կանգնած անհատներուն, միութիւններուն եւ ծնողներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ըսաւ, թէ անմոռուկը իբրեւ նիւթ ընտրուած է, որովհետեւ մանկապարտէզը իր  կարգին չի կրնար  չյիշել Հայոց ցեղասպանութիւնն ու պահանջատիրութիւնը:

Ապա բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, որոնք մեծ հօր ու մեծ մօր ցանած անմոռուկներուն խնամք տանելով` ներկայացուցին անոնց կարեւորութիւնը եւ յաջորդաբար Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն ուղղուած  երախտագիտական խօսքերով բեմ հրաւիրեցին նախ Ծիլ դասարանի փոքրիկները` Լիբանանը ներկայացնող արաբական պարով մը, ապա Կոկոնի եւ Ծաղիկի երգչախումբը` ռուսական եւ յունական երգերով, Բողբոջ դասարանը` ֆրանսական պարով, Կոկոն դասարանը` իտալական պարով եւ, վերջապէս,  Ծաղիկ դասարանի բոլոր աշակերտները  անմոռուկներ հաւաքած`  բեմ բարձրացան երգելու «we remember we demand» եւ «ես յիշում եմ եւ պահանջում» երգերը, որուն յաջորդեց նաեւ նոյն դասարանի  հայկական պարը:

Հանդիսութեան  ընթացքին տեղի ունեցաւ վարժարանի երախտաւորներէն վաստակաշատ ուսուցչուհի Զապէլ Թեճիրեանի պարգեւատրումը:

Վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան իր երախտագիտութիւնը արտայայտելով` ըսաւ. «Տիկ. Զապէլ Թեճիրեան իրերայաջորդ սերունդներուն համար կը մնայ այն մանկավարժ դաստիարակը, որ երեսունեօթը տարիներ շարունակ եղաւ հաւատաւոր հետեւորդը անխոնջ աշխատանքի եւ համեստ ծառան կրթական առաքելութեան», եւ աւելցուց, որ անոր ազնիւ վաստակը ծաղկուն է մեր վարժարանին փայլուն սերունդներով, որոնք հպարտ են իրեն աշակերտած ըլլալնուն համար:

Ան բեմ հրաւիրեց Ազգային ուսումնական խորհուրդի անդամ Յովիկ Յովհաննէսեանը, որուն ձեռամբ յուշանուէր նշանակ մը յանձնուեցաւ Զապէլ Թեճիրեանին:

Ապա մանկապարտէզի շրջանաւարտները արտասանելէ ետք իրենց անգլերէն եւ հայերէն ուղերձները, ձեռամբ հայր Աւետիս Իբրաճեանի, Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանի, Զապէլ Թեճիրեանի եւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանի` ստացան իրենց  վկայականները ու լսեցին տնօրէնին պատգամը:

Տնօրէնը իր խօսքը ուղղելով Ծաղիկի շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Այս հանդէսով դուք դարձաք անմոռուկներ` նախակրթարանին յանձնուած. ձեր աչքերուն սեւ բիբերը սեւեռած պէտք է պահէք Արարատի ճերմակ գագաթին, ձեր աչքերուն բեղմնաւորուող ծաղիկները լոյսի ծարաւը թող յագեցնեն ընդմիշտ, եւ աւելի քան 1700-ամեայ մեր հաւատքին զօրութեամբ ձեր երազները թող պարուրուին ամենավառ մանիշակագոյնով», ապա թելադրեց աշակերտներուն ամուր պահել իրենց հաւատքը, սնանին մայրենի լեզուով, հայ երգով  ու պարով, ինչպէս նաեւ պարտք զգան հալածելու խաւարը, մերժելու իրաւազրկումն ու բռնութիւնը եւ պահանջելու արդարութիւնը:

Վկայական ստացան.

Ալիք Խօշեան, Անժելինա Աշգարեան, Արազ Թասլաքեան, Եղիկ Ղուկասեան, Ժան-Կարօտ Ճըրքեան, Լիանա Տալգըլըճեան, Լոռի Զէյթլեան, Կայէլ Աբանեան, Մարիա-Ալին Մաճառեան, Վալերիա Սգայեան, Մեղեդի Հաճեան, Մեղրի Թասլաքեան, Ուատիի Ապտ Ալուալի, Պարոյր Անտոնեան, Սագօ Ճապրայեան, Սարել Գարաքէշիշեան, Սելին Տուտագլեան, Սերօ Գալեմքերեան, Սեւակ Հապէշեան եւ Տիմա Եուսեֆ:

Նախորդը

Մանուկներու Տօնական Ամիս Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Հալէպ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.