Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Տեղի Ունեցած Է 100 Տարի Առաջ Թել Ապիատի Մէջ

July 3, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թել Ապիատի հայկական եկեղեցին, որ Իսլամական Պետութեան զինեալներուն կողմէ հրկիզուեցաւ
Թել Ապիատի հայկական եկեղեցին, որ Իսլամական Պետութեան զինեալներուն կողմէ հրկիզուեցաւ

Թել Ապիատի հայկական եկեղեցին, որ Իսլամական Պետութեան զինեալներուն կողմէ հրկիզուեցաւ Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը գրէ, որ Ուրֆայի Աքչաքալէ սահմանակէտին մօտ գտնուող սուրիական Թել Ապիատ քաղաքէն Իսլամական պետութիւն ծայրայեղական խմբաւորման զինեալները դուրս քշուեցան քրտական ուժերուն կողմէ` այդպիսով հանրութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս սեւեռելով այդ շրջանին վրայ:

Թրքական օրաթերթը կը գրէ. «Թէեւ անիկա այժմ այլ երկիրի սահմաններէն ներս է, սակայն 100 տարի առաջ Աքչաքալէն ու Թել Ապիատը նոյն կեդրոնին կը պատկանէին: Եւ այս շրջանը 1915-ի տեղահանութեան (Հայոց ցեղասպանութեան, «Հ») «ճամբաներէն» մէկն էր` ճիշդ Արաբունարի (Քոպանիի) նման…

«Սուրիոյ Ռաքքա նահանգի Թել Ապիատ բնակավայրը Անգարայի օրակարգին վրայ յայտնուած էր 11 յունիսին, երբ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այդ մասին յայտարարութիւն կատարեց:

«Թել Ապիատի մէջ արաբներուն եւ թիւրքմեններուն օդանաւերով հարուածներ հասցնող Արեւմուտքը անոնց փոխարէն ահաբեկչական ՔԱԿ-ը (Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութիւն) կը տեղաւորէ: Մենք ատոր ինչպէ՞ս կրնանք դրական կերպով նայիլ», ըսած էր Էրտողան:

«Քիւրտերու եւ Իսլամական պետութեան միջեւ շարունակուող մարտերու պատճառով Թուրքիոյ օրակարգին վրայ յայտնուած Թել Ապիատը 100 տարի առաջ դէպի Պաղտատ երկաթուղիի կայարաններէն մէկն էր` Մուրշիթփընարի, Արաբունարի (Քոպանի, Այն Արապ) Ջելանփընարի, Սերեկանիյէի, Ռաս Ուլ Այնի կամ Գամիշլիի պէս:

«100 տարի առաջ միւս շրջաններուն պէս Ցեղասպանութեան կեդրոններէն մէկը եղած է: Ռէյմոնտ Գէորգեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքին մէջ գոյութիւն ունեցող վկայութիւններու համաձայն, գերմանացի ճարտարապետ Կրայֆը Հալէպի մէջ դասաւանդելու տարիներուն պատմած էր, որ Թել Ապիատ ու Ռաս Ուլ  Այն գացող երկաթուղին մերկ հայ կիներու բռնաբարուած դիակներով լեցուն է:

«Հայերու տեղահանութեան ժամանակ այդ գիծի վրայ երեխաներ ծնած են: Անոնցմէ ոմանք շրջանի իսլամ ընտանիքներուն կողմէ վերցուած են: Հալէպի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոս Վալթեր Ռոսլերի զեկուցումին մէջ կը խօսուի Թել Ապիատի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին. «Բազմաթիւ կիներ կը ծննդաբերէին ճամբուն վրայ, եւ անոնցմէ շատերը ցաւ կը քաշէին դաժան հսկիչներու հսկողութեան տակ: Ծնած երեխաներու հետ այլ փոքր երեխաներն ալ ճամբաները կը ձգէին: Թել Ապիատի մօտ, անապատին մէջ, իսլամ մը լքուած երկու երեխաներ վերցուց եւ փրկեց զանոնք, հակառակ անոր որ կրնար մեծ խնդիր ունենալ թուրքերուն հետ»:

«Երեխաներու կեանքը փրկելու համար ընտանիքները ամէն ճամբայ կը փնտռեն, եւ յաճախ ստիպուած կ՛ըլլան զանոնք օտարներուն յանձնել: Ալեքսանտրեթի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսի պաշտօնակատարն ալ պատմած է իր տեսածներու մասին. «Մարդիկ կիսամերկ կը քնանային հողերու վրայ: Անոնք նոյնիսկ իրենց վրայ ծածկելու համար ոչինչ ունին: Ճամբան անոնց ձեռքէն ուժով առած են իրենց ունեցուածքը: Անոնցմէ շատերը կիսամերկ են, որովհետեւ հագուստները կտոր մը հացի համար վաճառած են»:

«Ան կը նշէ, որ ճամբարի մէջ շուրջ 5000 մարդ կայ, հիմնականին մէջ` տարեց կիներ եւ երեխաներ: Տղամարդոց ու 11 տարեկանէն մեծ տղայ երեխաները այլ վայրեր տարած են, իսկ 13-14 տարեկանէն մեծ երիտասարդ աղջիկներն ու կիները կա՛մ սպաննուած են, կա՛մ վաճառուած: Գերմանացի պաշտօնեան հաղորդած է, որ վարակիչ հիւանդութիւններ տարածուած են, որուն իբրեւ հետեւանք` օրական 25-30, նոյնիսկ 40 մարդ կը մահանան ճամբարին մէջ: Մահացածները թաղելու համար ճամբարէն շուրջ 100 մեթր հեռու գտնուող հաւաքական գերեզմանը կ՛օգտագործեն»:

Նախորդը

Եթէ Ռուսաստանը Հայաստանին Զէնք Չտրամադրի

Յաջորդը

Մշակութային Յեղափոխութիւնը` Գործի Շարժառիթ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.