Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Յուլիս 2, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-19-15_Aksor-26-19-15_Aksor-1Ուրբաթ, 19 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը հանրութեան ներկայացուց 2014-2015 կրթական տարեշրջանի հունձքի հանդէսը: Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, վարժարանի բարերար Աքսոր Գասարճեանին կինը, դուստրերը եւ թոռները, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամներ, շրջանի մէջ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:

Այս տարուան հանդէսի թեման «Հայկական առակներ»-ն էին` քաղուած հանրածանօթ առակագիրներ Վարդան Այգեկցիէն եւ Աթաբեկ Խնկոյեանէն: Բեմին յարդարանքը իւրայատուկ էր` երեւակայական անտառ մը, ուր դերակատարները ներկայացուցին «Չարի վերջը», «Գայլն ու գառը», «Ագռաւն ու աղուէսը», «Վատ ընկերը» եւ «Արծիւն ու կաղնին» առակները` մեծ հմտութեամբ: Առակներուն ներկայացման զուգահեռ, մանկապարտէզի աշակերտները գունագեղ տարազներով պարեցին ցնցուղներու, ծաղիկներու, միջատներու, ագռաւներու եւ սուփըր գալի պարերը: Հանդէսին պատրաստութեան, բեմայարդարումին աշխատանքին մէջ մանկապարտիզպանուհի Անի Կէօքկէօզեանի եւ ուսուցչուհիներուն դերը անուրանալի է:  Մանկապարտէզի երգչախումբը աշակերտներու դողդոջուն լեզուով եւ խանդավառութեամբ ներկայացուց «Գարուն է եկել», «Մեր հայրենիք սիրելի» եւ «Կենդանիներու ժողով» խմբերգները` ղեկավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի: Ապա նախակրթարանի վեցերորդ դասարանի աշակերտները պարեցին «Վարդավառի պար»-ը, պարուսոյց Արարատ Ճերեճեան: Հուսկ հանդէս եկաւ նախակրթարանի երգչախումբը «Պատանիներ», «Խնկի ծառին» եւ «Ախպերս ու ես» խմբերգներով` խմբավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի:

Վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան ներկայացուց տնօրէնութեան խօսքը, որուն մէջ անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն կողմէ վարժարաններու կառուցման: 83-ամեայ Աքսոր Գասարճեան վարժարանին մասին խօսելով` ան ըսաւ, թէ վարժարանը տարիներու ընթացքին հազարաւոր մանուկներու հոգիները ազնուացուց, զինեց օտար բարքերու դէմ եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբեց անոնց, նաեւ փաստեց հայութեան գոյատեւումը:

Անդրադառնալով հանդէսի թեմային` առակներուն, ան ըսաւ, որ աշակերտները փոխանցեցին օրուան խորհուրդը` ըլլալ զօրաւոր, որպէսզի չարը չկարենայ ընկճել: Ապա հրապարակային հաշուետուութիւն կատարելով` ան յայտնեց, որ ձեռք բերուած աշխատանքը հաւաքական ճիգի արդիւնքն է, եւ ուր մեծ դեր ունին ուսուցիչները:

Իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Ա. Աղասարգիսեան թելադրեց չգոհանալ եղած աշխատանքով, այլ աւելի աշխատիլ` հասնելու համար յաջողութեան գագաթնակէտին:

Հուսկ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի շրջանաւարտները` յաղթական քայլերով  բեմ բարձրացան: Յանուն շրջանաւարտներուն` ուղերձ կարդաց վեցերորդ դասարանէն Սահակ Մուտարիկեան: Ան վկայականի պահը արժեւորեց տխրութեան եւ ուրախութեան պահերով` բաժանումի եւ հանգրուան մը յաջողութեամբ աւարտելու առումով: Ս. Մուտարիկեան երախտագիտութիւն յայտնեց  ուսուցիչներուն, որոնք համբերութեամբ եւ զոհողութեամբ ջամբեցին ազգային կրթութիւն, քրիստոնէական դաստիարակութիւն:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան` փորձեցին լաւագոյնը ընծայել իրենց:

Վկայականաց բաշխումէն ետք օրհնութեան խօսքը փոխանցեց  Շահէ եպս. Փանոսեան, որ բերքահաւաքի պահը նկատեց բերկրալի: Անդրադառնալով հայ վարժարանի առաքելութեան` ան յայտնեց, որ հայ վարժարանը դժուար պայմաններու մէջ կը գործէ, բայց շնորհիւ նուիրեալ մշակներու, կ՛ոգեւորէ բոլորը` ի տես ապագային: Առաջնորդ սրբազանը հայ դպրոցի առաքելութեան անբաժան մասը նկատեց հայ տունը, որպէսզի արդիւնքը քառապատկուի եւ հաւաքական կեանքը ճոխացնէ:

Շահէ եպս. Փանոսեան լուսարձակի տակ առաւ համաշխարհայնացման գործօնը, որ կը փորձէ հեռացնել այն ուղիներէն, որոնք կը ցանկային տեսնել մեր նախորդները: Մեր ուշադրութիւնը պէտք է միշտ ուղղած պահենք այն մայր ուղիին վրայ, որ կ՛առաջնորդէ դէպի մեր ժողովուրդի իղձերն ու երազները: Ան հայ վարժարանը նկատեց այն միջնաբերդը, ուր աշակերտները ապահովութեամբ կ՛ապրին իրենց կեանքը: Ան թելադրեց ներկաներուն` գուրգուրանքով նայիլ հայ վարժարանին: Իր խօսքի վերջին բաժինով առաջնորդ սրբազանը շրջանաւարտներուն յորդորեց հայ վարժարանէն քաղած արդիւնքով ճոխացնել իրենց կեանքը:

2014-2015 կրթական տարեշրջանի աւարտին «Աքսոր Գասարճեան կրթական ֆոնտ»-ին արժանացաւ վեցերորդ դասարանի շրջանաւարտ Սահակ Մուտարիկեան:

Հանդէսը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով եւ «Շրջանաւարտ ենք» երգով:

2014-2015 տարեշրջանին մանկապարտէզէն վկայուեցան հետեւեալ աշակերտները.

Արսէն Խաչատուրեան, Էլիան Մարտիրոս, Սարգիս Յովսէփեան, Շարպել Սեմերճեան, Քրիստ Վարդանեան, Գէորգ Ներսէսեան, Յովհաննէս Յովհաննէս, Յակոբ Կարապետեան, Աննա Վալանթինա Սարգիսեան, Սիրին Ապտ էլ Նուր, Միրէյ Պիթար, Լարա Մազագեան, Թիա Աւետիսեան, Ակաբէ Նազարեան, Սեւան Գունտաքճեան:

2014-2015 տարեշրջանին նախակրթարանէն վկայուեցան հետեւեալ աշակերտները.

Աբգար Աբգարեան, Ալեքսան Պուտաքեան, Ալեքս Շառոյեան, Պետիկ Ճալըգ, Սահակ Մուտարիկեան, Ճորճ Թենեքեճեան, Քրիստիան Մարգարեան, Նարեկ Գըլընճեան, Նազարէթ Երէցեան, Յովսէփ Թենեքեճեան, Ովսաննա Աբգարեան, Թամար Շառոյեան, Ռիթա Սահիունի, Սինթիա Ղալունճեան, Քարլա Գէորգ, Մարիա Գարայեան, Նաթալի Մարգարեան:

 

Նախորդը

Ազգային Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?