Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Խուճապահար Էրտողանն Ու Կատարուած Իրողութեան Մը Ստեղծման Վտանգը

July 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

6-30-15_vahoՀիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերուն արձանագրած յառաջխաղացքն ու զգալի յաջողութիւնները լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառեն Անգարային: Քրտական ուժերուն արձանագրած ձեռքբերումներուն լոյսին տակ,  վերջինս թրքական բանակին ցուցմունք տուած է Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն մը կատարելով ստեղծելու անվտանգութեան գօտի մը, որ ըստ թրքական մամուլին, պիտի ներառէ Հալէպ, Իտլիպ, Արաբ Բունար եւ Ճարապլուս քաղաքներն ու մերձակայ շրջանները: Յստակ է, որ այդպիսի գործողութիւն մը ուղղուած պիտի ըլլայ քիւրտերուն եւ ոչ թէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:

Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ հակառակ կառավարութեան ցուցմունքին,  Թուրքիոյ բանակը կը տատամսի այդպիսի արկածախնդրութեան մը դիմելէ, որովհետեւ կը զգուշանայ ամերիկեան բանակին հետ ճակատումի մը հաւանականութենէն: Երբ Սուրիոյ բանակը յառաջացաւ դէպի Ժըսր Շուղուր, թրքական բանակը ոչ պաշտօնական կերպով միջամտեց, սակայն նոյնը չկատարեց քիւրտերուն յառաջխաղացքին ի տես, որովհետեւ վերջիններս կը վայելեն Միացեալ Նահանգներու յստակ աջակցութիւնն ու Արեւմուտքին համակրանքը:

Թրքական իշխանութեանց մտահոգութիւն պատճառողը ոչ միայն անկախ քրտական շրջանի մը ստեղծումն է, այլ նաեւ հեռանկարը Սուրիոյ հետ իր սահմանին երկայնքին եւ քրտական ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող ապահովական գօտիի մը, որուն ստեղծումը պիտի նշանակէ Սուրիոյ նկատմամբ Էրտողանի վարած քաղաքականութեան մահը: Ամերիկեան հովանաւորութեամբ այդպիսի գօտիի մը ստեղծումին անմիջական ազդեցութիւնը պիտի ըլլայ Անգարայի դաշնակից ՏԱՀԵՇ¬ի եւ Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու Թուրքիոյ երազին չքացումը, իսկ աւելի երկարաժամկէտ ազդեցութիւնը` Թուրքիոյ յաւելեալ մեկուսացումն ու շրջանային զարգացումներուն վրայ անոր ազդեցութեան եւ դիրքին նկատառելի տկարացումը:

Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները մատնուած են շատ նեղ կացութեան մը, որովհետեւ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքին լոյսին տակ, ստիպուած են համախոհական կառավարութիւն մը կազմել ընդդիմադիր կուսակցութիւններու հետ, որոնք բոլորն ալ կ՛ընդդիմանան Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ ներկայ քաղաքականութեան:

Համախոհական կառավարութեան մը կազմութեան սահմանադրական ժամկէտը կը մօտենայ, ինչ որ առաւել եւս խուճապի կը մատնէ Էրտողանն ու անոր ղեկավարած կուսակցութիւնը: Մեկնելով վերոնշեալներէն` կարելի է ենթադրել, որ մեզ Թուրքիոյ նոր կառավարութեան կազմութենէն բաժնող օրերը կրնան շատ վտանգաւոր ու ծանր ըլլալ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու եւ Հալէպի բնակչութեան համար, որովհետեւ իշխանութիւնը բաժնեկցելէ եւ ատոր իբրեւ հետեւանք իր ծրագիրներուն իրագործման դիմաց մեծ արգելքներու ստեղծումէն առաջ, Էրտողան կրնայ ջանալ ստեղծել կատարուած իրողութիւն մը: Այս առումով` բարացուցական է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի 30 յունիսին իր կուսակցութեան նորընտիր երեսփոխաններուն առջեւ կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Կարգ մը մարդիկ կը նշեն, որ կարգ մը որոշումներ չեն կրնար տրուիլ մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը: Ո՛չ, մենք պիտի տանք ու գործադրենք այն որոշումը, որ ամէնէն ճիշդն է»:

Էրտողան Սամսոնը չէ, սակայն կրնայ սամսոնեան քաղաքականութիւն կիրարկել, իսկ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան մասին թրքական լրատուամիջոցներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրն ու Տաւութօղլուի վերոնշեալ յայտարարութիւնը այդ կամքին գոյութեան վկայութիւնն են:

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Գրասենեակին. Փրոֆ. Թաներ Աքչամ Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հոլովոյթին Դիմագրաւած Մարտահրաւէրներն Ու Հիմնահարցերը

RelatedPosts

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*
Անդրադարձ

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*

September 25, 2026
Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*
Անդրադարձ

Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*

September 25, 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը`  Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սեպտեմբեր 21-ը՝ Յիշատակի, Խոնարհումի Եւ Ազգային Ուխտի Օր

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.