Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը տեղի ունեցաւ 11 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Անոնք յատուկ ոճով ոգեկոչեցին 1915-ի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը:
Հակառակ իրենց մատղաշ հասակին` անոնց սրտերը կը բորբոքէին հայկական ոգիով: Հաճելի էր տեսնել փոքրիկները` հագած անմոռուկ ծաղիկը յատկանշող գոյներով հագուստներ, ինչպէս նաեւ` հայկական բանակի տարազ ու ձեռքերնին եռագոյն դրօշակը, զոր հպարտօրէն կը ծածանեցնէին: Ինչպէ՞ս կը մտածէր թուրքը բնաջնջել ազգ մը, որուն մանուկներն անգամ զինուած են այսպիսի հայրենասիրական ոգիով: Բեմայարդարումը կը ներկայացնէր Արարատ լեռը, ինչպէս նաեւ անմոռուկ ծաղիկը` պաստառի կիսուն: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք աշակերտները մտան սրահ եւ զետեղեցին հայկական եռագոյն դրօշակը Արարատ լերան գագաթին:
Հանդէսը ամբողջութեամբ նուիրուած էր Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Ուստի անոնք սկսան յայտագիրը Աստուածաշունչէն համարներ արտասանելով եւ Աստուած փառաբանող յատուկ երգերով:
Ապա Բողբոջէն մինչեւ Ծաղիկ դասարանցիները իրենց սրտի մօտիկ ձայներով արտասանեցին տողեր` առնուած հայ նշանաւոր բանաստեղծներու գրութիւններէ, որոնք մերթ ընդ մերթ կ՛ընդհատուէին հայկական խմբային պարերով: Հաճելի էր դիտել փոքրերը իրենց գոյնզգոյն տարազներով եւ մարմնի հեզաճկուն շարժումներով պարը` մեր ազգային երգերու վրայ:
Անոնք իրենց խօսքերուն մէջ յիշեցին, թէ հպարտ են, որ հայ են եւ հազար տարի ալ եթէ անցնի, տակաւին պիտի ծաղկի հայոց գահը. խրախուսեցին հայ ծնողները, որ չքաջալերեն թրքականը եւ իրենց սրտի հատորները ուղարկեն հայկական վարժարան:
Ինչպէ՞ս կարելի է բնաջնջել ազգ մը, որուն փոքրերը կը հաւատան, թէ իրենք զիրենք «ոչ մէկից չեն գերադասում», բայց շատ ալ լաւ գիտեն, որ իրենք հայ են եւ ինչո՞ւ չհպարտանան, ինչպէս մեր մեծ բանաստեղծը Պարոյր Սեւակ կ՛ըսէ` «Կա՛նք պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք»:
Հանդէսի ընթացքին, յիշելով նաեւ Հայրերու օրը, փոքրիկները նռան գինիով պատուեցին իրենց հայրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ զիրենք ուղարկած են հայկական վարժարան: Ներկաները նաեւ դիտեցին կարճ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր մեր գրաւեալ հողերը: Ապա մուտք գործեցին Ծաղիկ դասարանի 13 շրջանաւարտները, որոնք արտասանեցին «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ն, եւ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում` ձեռամբ վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեանի եւ Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հովիւ, պատուելի Սեւակ Թրաշեանի: Ապա տնօրէնը քաջալերական խօսքերէն ետք շնորհաւորեց ծնողները եւ ուսուցիչները, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին գործակցաբար ջանք չխնայեցին դաստիարակելու համար իրենց յանձնուած այս փոքրիկ գանձերը:
Շնորհակալութիւն` հանդէսը բեմադրող Ռոպերթ Առաքելեանին, պարուսոյցին եւ ձայնի հաղորդավարին` Մարիա Շէնզեանին եւ մանկապարտէզի իւրաքանչիւրին ուսուցիչին, գեղեցիկ բեմայարդարումը իրականացուցած վարժարանի ծնողներէն Պետիկ Թղըլեանին:
Հանդէսը աւարտեցաւ պատուելի Սեւակ Թրաշեանի առաքելական օրհնութեամբ:


